ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ Admin. Friday, February 17, 2017 8:22 - չքննարկված
ԱԲԻԿ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
ԱԲԻԿ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
**
1915 Ի ջարդէն փրկուած հայու բեկորներ, որոնք անապատի ճանապարհով փրկուեցան, հասան Սուրիայ, հոն հաստատուեցան ու ապրեցան ապահով կեանք մը:
Ճիշդ է, որ ցիր ու ցան եղան բայց շուտով իրարու քով գալով միացան, կազմակերպուեցան, իրենց կեանքը դասաւորեցին, շինեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, գործարաններ, հիմնեցին հաստատութիւններ եւ դարձան հաւատաւոր քաղաքացիներ, վայելելով յարգանքն ու պատիւը պետութեան եւ տեղացի ժողովուրդին:
Հազիւ մէկ դար անցած էր, մարդիկ երկար չարչարանքներէ եւ աշխատանքներէ ետք, երբ մարդիկ յաջողած էին լաւ կեանք մը ապահովել իրենց համար, այս անգամ արդիական հրէշային նոր ծրագիրներ գործադրուեցան որուն հիմնական նպատակն էր հեռացնել որոշ զանգուած մը Սուրիոյ հողերէն, յատկապէս Հալէպէն, որովհետեւ Հալէպը կը ներկայացնէր սիրտը Երկրին: Անցնող տարիներուն, այդ ծրագրերուն նախաբանները կատարուեցան Պարսկաստանի եւ Իրաքի նման հզօր երկրներուն մէջ, որու շնորհիւ քայքայեցին տնտեսութիւնը այդ երկիրներուն, եւ ստիպեցին, որ հսկայ զանգուած մը գաղթէ այդ շրջաններէն: Նշենք որ ըստ ծրագրին պէտք էր որ հիմնական հարուածները ստանային՝ քրիստոնեաներն ու հայերը, որպէսզի զանգուածային կերպով գաղթէին ծովերէն անդին:
Այսպիսով հազիւ մէկ դար անցած, այս անգամ այդ նոյն հրէշային նոր ծրագիրներուն հերթը Սուրիային էր: Հարուածին նպատակը փոքրամասնութիւնները ցիր ու ցան ընել էր, յատկապէս Սուրիահայ գաղութը, որ խորքին մէջ ջարդէն փրկուած, իրենց հողերէն արմատախիլ եղած Հայորդիներն էին՝ անոնց թոռներն ու ծորերը, որոնք ապաստան գտած էին, երբ թուրքը վռնտած էր բռնի ուժով դուրս դրած էր իրեն պատկանող հողերէն, անոնք որ ջարդէն եւ սպանութենէն փրկուած էին հասած էին Սուրիա:
Այս պարագային մէկ տարբերութիւն եղաւ անցեալի ջարդէն, արիւն չհոսեցաւ, չնայած որ Հայութիւնը Նուիրեց Նահատակներ, Սուրիական Հայրենիքին, որովհետեւ սատանայ թուրքը առիթը օգտագործելով իր վարձկաններուն միջոցաւ հարուածեց հայկական շրջանները: Մարդիկ կրցան մէկական պայուսակով հեռանալ երկրէն, նոյնիսկ երբեմնի ձեռնունայն դուրս եկան, մինչ 1915-ին, ոտաբոպիկ կամ կիսամերկ դուրս եկած էին իրենց պատկանող հողերէն՝ այսինքն ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ:
Ծրագիրը սատանայական էր, շատ խորամանկ կերպով ծրագրուած էր, այնպէս մը դասաւորուած էր, որ հայութիւնը պարտադրուած պիտի բռնէր գաղթի ճանապարհը, այսինքն հազիւ լրացած հարիւր տարին եղեռնին եւ որպէսզի այդ հողերուն տէրերը վերջնականապէս հեռանան իրենց հողերէն եւ ապագայի հեռանկարով պահանջատէր բնակչութիւնը վերացած ըլլայ շրջանէն, միակ բաց դռները եղան ծովերէն անդին, ուր ապաստան գտան գաղթողները:
Այս անգամ հեռաւոր ափերուն մէջ տարածուելով, նոր ԿԱՆԹԵՂՆԵՐ վառեցինք, սկսանք լուսաւորել հայորդիները՝ ըլլան անոնք Սփիւռքի կամ Մայր Հայրենիքի մէջ, պահպանելու Ազգն ու Ժողովուրդը եւ յիշատակը վար պահելու Հայ Ազգի Նահատակներուն ուր որ ըլլան:
ՓԱՌՔ ՈՒ ՊԱՏԻՒ ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒՆ ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԱՐԵԱՆ ԳՆՈՎ ԿԵՐՏԵՑԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ:
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐԳԵԼԻ ԶԱՒԷՆԻՆ, ՈՐ ԻՐ ԲԱՑԱՌԻԿ ՆՈՒԷՐՈՎ ԱՌԻԹ ՍՏԵՂԾԵՑ ՈՐՊԷՍԶԻ ԳՐԻՉՆԵՐԸ ՀՈՍԻՆ:
ԱԲԻԿ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Գանատա, Փետրուար 11. 2017