ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ, ԿՐԹՈՒԹՅՈՒՆ - Հեղինակ՝ Admin. Wednesday, August 3, 2016 17:34 - չքննարկված
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ: ԿԵԱՆՔՆ ԵՒ ԳՈՐԾԵՐԸ
ԹԱԳՈՒՀԻ ԱԹՈՔԵԱՆ
**
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ ԿԵԱՆՔՆ ԵՒ ԳՈՐԾԵՐԸ
Լեւոն Շանթ բուն անունով՝ Լեւոն Նահաշպետեան, ապա հօրը՝ Սեղբոսի անունով կոչուածէ Սեղբոսեան: Ծնած է Պոլիս, 1869-ին գորգի վաճառականի ընտանիքի մէջ: Վաղ հասակին կը կորսնցնէ իր ծնողները եւ կը մնայ որբ:
1884-ին պատանի Լեւոն կ’ընդունուի Էջմիածնայ Գէորգեան Ճեմարան, որուն ընթացքը կ’աւարտէ 1891-ին: 1892-1899 թուականներուն կ’ուսանի Գերմանիոյ Լայփցիկի եւ Միւնիխի համալսարաններու մէջ, խորանալով մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ բնական գիտութիւններու ճիւղերուն մէջ:
1899 թուականին կ’անցնի կովկաս, ուր տասը տարի կը դասաւանդէ Թիֆլիսի աղջկանց վարժարանին եւ Երեւանի թեմական դպրոցի մէջ: Կովկասի մէջ ուաուցչութեան հետ միասին սերտ գործակցութիւն կը հաստատէ արեւելահայ յայտնի գրողներու՝ Յ. Թումանեանի, Ղ. Աղայանի, Ա. Իսահակյանի, եւ Դ. Դեմիրճյանի հետ, Յ. Թումանեանի ստեղծած «Վերնատուն» խմբակին մէջ: Աշխատակցելով Յ. Թումանեանի եւ Ս. Լիսիցյանի հետ կը կազմէ եւ կը հրատարակէ «Լուսաբեր» ընթերցանութեան դասագիրքերու շարքը: 1911-ին կը վերադառնայ Պոլսիս ուր կը դասաւանդէ Կեդրոնական եւ Եսայեան վարժարաններուն մէջ:
1913-ին, կը մեկնի Եւրոպա եւ կը մնայ մինչեւ 1919 թուականը: Այս պատճառով բախտը կ’ունենայ փրկուելու Ապրիլեան ջարդերէն: 1919ին կը վերադառնայ Եւրոպայէն, կ’ընտրուի Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ եւ կը դառնայ անոր նախագահներէն մէկը: 1920ին, յատուկ պատուիրակութեան մը գլուխը անցած՝ կը մեկնի Մոսկուա բանակցելու համար ռուս իշխանութիւններուն հետ: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1921ին Պարսկաստանի ճամբով կ’անցնի Մարսէյլ ուր կը հաստատուի մինչեւ 1925: Այս չորս տարիներու ընթացքին գրական աշխատանքի կողքին կը վարէ ուսուցչական պաշտօններ։
1926ին կը հրաւիրուի Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) իբրեւ ուսուցիչ դասաւանդելու համար Պօղոսեան Ազգ. Վարժարանի մէջ, որուն տնօրէնն էր Նիկոլ Աղբալեան :
1929ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր կը հիմնէ Հայ Ճեմարանը, (հետագային Նշան Փալանճեան Ճեմարան) որուն տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1951, երբ նոյն տարուան Նոյեմբեր 29ին կ’աւանդէ հոգին, 82 տարեկան հասակին: ԳՈՐԾԵՐԸ
Մինչեւ երեսուն տարեկանը Լ. Շանթ գրած է բանաստեղծութիւններ եւ վիպակներ: 1900էն ետք գրել սկսած է նաեւ թատերգութիւններ:
**
1)-ՎԻՊԱԿՆԵՐ ԵՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.-
«ՄՆԱՔ ԲԱՐՈՎԻ ԻՐԻԿՈՒՆԸ» (1891).- Լ. Շանթի երգիծական բնոյթով՝ առաջին վիպակն է, ուր ուսանող վկայական առնելէ ետք մնաք բարովի կը պտըտի իր ծանօթ ընտանիքներուն տուները: Այս առթիւ կը ներկայացնէ զանազան տիպարներ:
«ԵՐԱԶ ՕՐԵՐ» (1892).- Վիպակ՝ Օրագրութեան ձեւով գրուած: Տասնեօթնամեայ հերոսուհիին սիրահարութիւնն է իրեն դասաւանդող երիտասարդ ուսանողին, ուր կը նկարագրուին սիրոյ յորդ զգացումներ:
«ԼԵՐԱՆ ԱՂՋԻԿԸ» (1892).- Չափածոյ երկարաշունչ պոէմ է, ուր հեղինակը կը նկարագրէ Արագածի լանջերուն արձակուրդ անցընող ուսանողներու ուրախ կեանքը, եւ հովիւի աղջկան ներշնչած սիրոյ պատմութիւնը:
«ԴՐՍԵՑԻՆԵՐԸ» (1894).- Վիպակին հերոսները, գաւառացի երիտասարդներ են, որոնք կը պայքարին նախապաշարումներու եւ շահամոլութիւններու դէմ:
«ԵՐԳԵՐ» (1896).- Բանաստեղծութիւններու փունջ մը:
«ԴԱՐՁԸ» (1897).- Վիպակ, որ մեզի կը ներկայացնէ երիտասարդ վարդապետի մը «դարձ»ը դէպի աշխարհիկ կեանք, գեղեցիկ կնոջ մը հանդիպելէ ետք։
«ՎԵՐԺԻՆ» (1896).- Վիպակ, որուն հերոսուհին կը մաքառի հայ կնոջ կաշկանդուած կեանքին դէմ եւ արհամարհելով ամէն խոչընդոտ՝ կ’ուզէ ուսուցչուհի դառնալ եւ աշխատիլ հասարկութեան համար:
«ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻՆ» (1898).- Վիպակի հերոսուհին՝ գաղափարապաշտ աղջիկ մը կ’ուզէ դերասանուհի ըլլալ հակառակ իր սիրած տղուն արգելքին։ Տատանելէ եւ տառապելէ ետք երկու սէրերու միջեւ (բեմ եւ տղան), ի վերջոյ աղջիկը կ’երթայ արուեստի իր կոչումին ետեւէն:
«ԿԻՆԸ» (1912).- Հոգեբանական վիպակ, որ կը պատկերացնէ կնոջ մը հոգիին բարդ ապրումները: Հերոսուհին Ֆինլանտուհի մըն է, իսկ հերոսը՝ հայ նկարիչ մը, որ կը նկարէ այդ կինը: Սակայն երբ նկարը կ’աւարտի, Ֆինլանտուհիին հոգիին մէջ կ’արթննան հակասական զգացումներ եւ ան կը պատռէ պաստառը ու կը մեկնի:
«ՀՈԳԻՆԵՐԸ ԾԱՐԱՒԻ» (1945).- Վէպ որուն հերոսը ամուսնացած եւ զաւակներու տէր մարդ մըն է: Կը սէրէ երիտասարդուհի մը, որ տեսնելով իր կնոջ բարձրհոգի եւ ազնիւ կեցուածքը, ի վերջոյ կը հեռանայ՝ չքայքայելու համար ընտանիք մը:
**
2)-ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԵՐ
Լեւոն Շանթ որպէս թատերագիր հասած է բացառիկ նուաճումներու: Արդարեւ արեւմտահայ թատրոնի պատմութեան մէջ Շանթ կը մնայ մեծագոյն դէմքը:
«ԵՍԻ ՄԱՐԴԸ» (1901), «ՈՒՐԻՇԻ ՀԱՄԱՐ» (1903), «ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ» (1904): Շանթին թատերական այս առաջին գործերու հիմնական նիւթերն են Եսի սէրը կամ Եսը ուրիշներուն զոհելու անձնուիրութիւնը:
«ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ» (1912).- Դէպքը տեղի կ’ունենայ Սեւանայ կղզիին վրայ, հազար տարիներ առաջ: Գլխաւոր հերոսներէն մէկն է Վանահայրը, նախկին իշխան Յովհաննէս: Իր սիրած իշխանուհին ուրիշին հետ ամուսնացած ըլլալով՝ ինք աշխարհէն քաշուած է եւ եկած Սեւանայ կղզիին վրայ վանք հիմնելու: Երկրորդ տիպարն է Աբեղան, միաբանութեան ամենէն երիտասարդ եւ արժէքաւոր անդամը: Օր մը իշխանուհիի եղբօր աղջիկը՝ Սեդան իր հօրը հետ կղզի կ’այցելէ: Լաստը կը խորտակուի Սեւանի մէջ եւ Աբեղան է որ կ’ազատէ Սեդան: Այդ վայրկեանին Աբեղան կը սիրահարի Սեդային: Կ’աշխատի մոռնալ, բայց չի յաջողիր: Ի վերջոյ Աբեղան անձնասպան կ’ըլլայ, նետուելով Սեւանի ալիքներուն մէջ: «հին աստուածները»ը ընդհանուր գիծերով կը ներկայացնէ հոգիի եւ մարմնի, զգացումներու եւ բանականութեան, կիրքերու եւ կամքի յաւիտենական պայքարը: Աբեղան խորհրդանիշն է մարդկային բնազդին եւ զգացումներուն, իսկ Վանահայրը՝ կ’անձնաւորէ կամքը եւ բանականութիւնը:
«ԿԱՅՍՐԸ» (1916).- Նիւթը առնուած է Բիւզանդական կայսրութեան տասներորդ դարու դէպքերէն, ուր կան դաւեր կայսրուհիին կողմէ կայսրին: Այս անգամ գահ կը բարձրանայ հայազգի Զօրավար Օհան Գուրգէն, որ սակայն չի վստահիր կայսրուհիին եւ զինք կղզի մը աքսորել կու տայ: Կը փորձէ ամուսնանալ հայ իշխանուհիի մը հետ, որ կը մերժէ թագուհի դառնալ:
«ՇՂԹԱՅՈՒԱԾԸ» (1918).- Կը ներկայացնէ Անի քաղաքի ազնուական եւ քաղքենի դասակարգերու կողմէ կազմակերպուած ապստամբութեան մէկ դրուագը՝ արաբական տիրապետութեան դէմ։
«ԻՆԿԱԾ ԲԵՐԴԻ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ» (1918).- Կը ներկայացնէ կիլիկեան շրջանէն հայ իշխանուհիի մը վրիժառութիւնը։ «ՕՇԻՆ ՊԱՅԼ» (1928).- Նիւթը առնուած է պատմութենէն (ԺԴ. Դարու կիլիկեան շրջանէն): Գլխաւոր տիպարն է Օշին, որ իր սիրած աղջկան՝ Ռիթային հանդէպ ունեցած սէրը կը զոհէ պետական եւ ազգային շահերու համար, ամուսնանալով այրի թագուհիին հետ, այսպէս ընդունելով գահին խնամակալութիւնը («Պայլ»)։
**
3)-ԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ
Լեւոն Շանթի ամբողջական երկերը կը կազմեն 11 մեծադիր հատորներ: Առաջին հինգ հատորները իր գեղարուեստական երկերն են: Մնացեալ հատորները կը բաղկանան ընկերաբանական, մանկավարժական, բանահիւսական, գրաբանական, հոգեբանական գործերէ: Լեւոն Շանթ հեղինակն է նաեւ Հայ լեզուի եւ Քերականութեան դասագիրքերու շարքի մը («Հայրենի Աշխարհ»):
ԳՐԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐ -Շանթի երգերը աչքի կը զարնեն իրենց պարզութեամբ եւ իրապաշտ գոյներով: Շանթի քերթուածները Հոգեկան ապրումներ ներկայացնելէ աւելի մտածումի արտայայտութիւններ կը հանդիսանան, կամ որոշ պահերու նկարագրութիւն: -Իբրեւ ՎԻՊԱԳԻՐ Լեւոն Շանթ հրապարակ կու գար իրապաշտ գրողներու շարժումին հետ, բայց անոնցմէ կը բաժնուէր առաջին իսկ վիպակներով, որոնց մէջ ի յայտ կու գային Լեւոն Շանթի գաղափարական ձգտումները։
-Շանթի վէպերու հերոսները գրեթէ բոլորն ալ մտաւորականներ են, ուսանողներ, արուեստագէտներ, գիտուններ, առաքինի մարդիկ եւ կիներ։ Կինը ներկայ է Շանթի վէպերուն մէջ իբրեւ ներշնչող գլխաւոր հերոս եւ ոչ իբր հաճոյքի առարկայ կամ պարզ ստորադաս էակ։
-Շանթի վէպերը հոգեբան եւ գաղափարապաշտ բանաստեղծի մը կողմէ գրուած աւելի լայն ծաւալի նորավէպեր են: Գիտէ պատմել եւ ընթերցողը կապել իրեն: Ունի զուարթամտութիւն (հիւմուր):
-Շանթի բեմական լեզուն կենդանի է, հատու եւ աշխոյժ: Մշակած է պատմական թատերգութեան սեռը, որովհետեւ պատմութիւնը վայրն է մարդկային անվախճան արկածախնդրութեանց եւ կիրքերուն:
-Շանթը ունի իւրայատուկ լեզու, տեսակ մը խառնուրդ արեւմտահայերէնի, արեւելահայերէնի եւ ժողովրդական որոշ դարձուածքներու:
Պատրաստեց եւ Համադրեց՝ Թագուհի Աթոքեան
*Աղբիւր՝ Մուշեղ Իշխան, Արդի Հայ Գրականութիւն Գ. Հատոր: Վիքիպեդիա՝ ազատ հանրագիտարան, արեւմտահայերէն տարբերակ: Անժելա Քալոյան` Կնոջ Ֆենոմենը Ըստ Լեւոն Շանթի
**
ԹԱԳՈՒՀԻ ԱԹՈՔԵԱՆ
**