ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ . Sunday, April 3, 2016 18:30 - չքննարկված

ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ:ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԱՆ

Սօսի ՄիշոյանՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԱՆ
**
«ԱՐՇԱԼՈՅՍԸ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԵՐԵՒՆԱԼՈՒ Է»

Հայ ժողովուրդը կենսասէր ժողովուրդ եղած է :Քաղաքական ծանր պայմաններու մէջ անգամ «լոյսի հայրենիք», «յոյսի հայրենիք» երգած է եւ այդ երազանքներով ալ ապրած ու ստեղծագործած է:

«Լոյս» կամ «արեւ»բառերը յատուկ նշանակութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդին համար: Ժողովուրդը կ’ըսէ.-«արեւիդ մեռնեմ»,«արեւ տեսնես»,«արեւ հասակին մահացաւ»եւ կամ«արեւ ըլլամ քեզ համար»:

Լոյսի ու արեւի պաշտամունքը հայ ժողովուրդին մօտ սկսած է հեթանոսական շրջանէն: Արեւը խորհրդանիշն էր կեանքի, բարութեան, սիրոյ, կենդանութեան , կրակի եւ ոյժի: Ահա թէ ինչո՞ւ քաջութեան ու մարտի աստուած Վահագնը «հուր հեր ունէր եւ աչկունքն էին արեգակունք»: Հեթանոսական հայերու մօտ Միհրն էր արեւի աստուածը, որ միեւնոյն ժամանակ կրակի աստուածութեան խորհրդանիշն էր:

Քրիստոնէական շրջանին, երբ կործանեցան բոլոր հեթանոսական մեհեանները դադրեցաւ նաեւ արեւի պաշտամունքը: 5-րդ դարու մեծանուն մատենագիր եւ փիլիսոփայ Եզնիկ Կողբացի իր «Եղծ Աղանդոց»-ով կը հերքէ արեւի աստուածութեան գաղափարը եւ ճշմարիտ քրիստոնէական պատկերացում կը փոխանցէ իր հաւատակիցներուն, լուսաբանելով, թէ Արեգակի պաշտամունքը մեղք է եւ ի զուր, որովհետեւ արեգակը իբրեւ ծառայ կանչուած է ընելու այն սպասաւորութիւնը, որուն համար ի’նք նշանակուած է:
Քրիստոնէական մուտքով թէեւ հայ ժողովուրդը լիովին դադրեցաւ արեւն ու արեգակը պաշտելէն, սակայն չդադրեցաւ «արեւ»,«արշալոյս»,«արեգակ» բառերու յաճախակի կրկնութենէն եւ ինչու չէ փառաբանելէ, բայց այս անգամ որպէս Աստուծոյ հրաշալի մէկ ստեղծագործութիւն: Ներսէս Շնորհալիի շարականները լաւագոյնս կը փաստեն սոյն միտքը.-
Առաւօտ լուսոյ,
Արեգակն արդար
Առ իս լոյս ծագեա’:

Շնորհալիի համար արեգակը արդար է եւ բոլորին անխտիր շռայլօրէն լոյս կը բաշխէ:

«Լոյսը» քրիստոնէական հասկացողութեամբ խաղաղութեան խորհրդանիշն է նաեւ: Ահա թէ ինչու’ ժողովուրդը կ’աղօթէ ննջեցեալներուն հոգիներուն համար. «մշտնջենաւոր լոյսը ծագի անոնց վրայ, որպէսզի անոնք հանգչին խաղաղութեամբ»:

Միջնադարու տաղերգուներէն Կոստանդին Երզնկացի մեծ վարպետութեամբ կը ներբողէ առաւօտեան արշալոյսը.
… Թէ ինձ կեանք կամ խնդութիւն
Բաժին կայ ի դուռն ի սիրուն,
Մէկ պահու սէրն ի սրտէ՝
Թող լինի ինձ յառաւօտուն:
Երզնկացին “լոյս”ին մէջ ո’չ միայն կեանքի եւ սիրոյ իմաստն է, որ կը գտնէ,այլ մաքրութեան խորհրդանիշ՝ զայն համեմատելով առաւօտեան պայծառ ու մաքուր օդին հետ: Տեսէ’ք թէ Երզնկացիի գործերուն մէջ որքան «լոյս»ի նուիրուած քերթուածներ կան.«Պատկեր Լուսատես»,«Լուսին Սուրաթով Լոյս»,«Զինչ Արեգակն Լոյս»,«Աչերու Լոյս» ,«Լուսեղէն Լոյս»…եւայլն:

Եւ այսպէս արեւն ու լոյսը երգեցին գրեթէ բոլոր հայ բանաստեղծները:Անոնք իրենց քերթուածներուն մէջ արեւը ծառայեցուցին ըստ իրենց նպատակներուն:Արեւը մերթ հանդէս եկաւ որպէս պայքարի հրահրող ոյժ, մերթ բնութեան հրաշալիք, մերթ սիրոյ խորհրդանիշ եւ մերթ որպէս կեանքի աղբիւր: Ահա այդպիսին էր արեւը Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածները» թատերգութեան մէջ: Շանթի համար եթէ «ծովը սիրտն է բնութեան»,ապա հեթանոսական պաշտամունքի առարկայ արեւը “կեանքի աղբիւրն է”:
Կարգ մը գրողներու մօտ «լոյսը» եղած է նաեւ փրկութեան խորհրդանիշ:
Դարու բախտով անհանգստացող եւ մարդկութեան համար լոյս փնտռող Վարուժան կ’երթայ որոնելու արդարութեան եւ ազատութեան բանալիները.«Ու ես կ’երթամ դէպ ի աղբիւրը լոյսին»:
Սիամանթօ նոյնպէս իր «Արշալոյսները» քերթուածին մէջ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս մայրերը, իրենց մանուկները «առաւօտին ճառագայթներուն խորը մխրճելով», զանոնք ազգին կ’ընծայաբերեն՝ «Աստուածածին լոյսերուն մէջ մկրտելու համար…», իսկ ժողովուրդը բոլորը մէկ «Արշալոյսի երազով բռնկած են»:
Համիտեան ջարդերուն եւ ծանր հալածանքներու յաջորդող տարիներուն Սիամանթօ ռոմանթիք շունչով մը պայքարի կոչ կ’ուղղէ հայ ժողովուրդին ընդդէմ մարդկային կեղծ արդարութեան եւ վայրագութիւններուն, քաջ գիտակցելով որ «Արշալոյսը անպայման երեւնալու է…»:
Ինչպէս Սիամանթոյի, նոյնպէս ալ Եղիշէ Չարենցի «Ամբոխները Խելագարուած» վիպերգին մէջ առկայ է յեղափոխական ոգին եւ «լոյս ապագայի» այդ մեծ հեռանկարը.
Աչքերն յառած հեռո՜ւ հեռւում
Կարմիր վառուող արեգակին՝
Արեւավառ հեռուներում նրանք կռւում էին կրկին,
Հոծ խմբերով,հազարանուն,արեգակի հրով վառուած՝
Դէպի Արե՜ւն էին գնում ամբոխները խելագարուած:
Նոյն նպատակով չէ՞ միթէ Աւետիք Իսահակեանի գլխաւոր հերոս Ապու Լալա Մահարիի ուղտերու կարաւանով թռչիլը դէպի արեւ եւ աշխարհը մաքրագործող անոր բոցերուն մէջ տեսնել փրկութեան ու վերածննդեան յոյսը:

Բնութիւնը երգող եւ բնութեամբ ապրող Միսաք Մեծարենցի «լոյս արեւը» կը հակադրուի մութ խաւարին, որ իր բնութեամբ չար ու անորոշ է, մինչ արեւը «պայծառ է, ողորմած է եւ կենսածին»:
Քիչ մըն ալ դեռ,
Ա՜հ ,շողա’, շողա’,բարի արեւ,
Հիւանդ եմ…
Վերջին անգամ մըն ալ
Ու,դեռ տամուկ գիշերին վհուկը զիս չընդգրկած,
Փարէ հոգւոյս խանդաբորբ ու կաթոգի’ն,
Հիւանդ եմ,բարի’ արեւ,շողա,շողա…

Արեւին ընդմէջէն կեանքն է, որ ըմպել կ’ուզէ Մեծարենց.«Կեանքը սէր է», ուրեմն սէր է նաեւ արեւը.«Պիտի ըմպեմ բոցն արեւին,ճառագայթի եմ ծարաւի»:
Մեծարենցի շունչով մաղթենք, որ վերջ գտնեն պատերազմները, արհաւիրքի սեւ ու մութ օրերը, պայծառ արեւը կրկին շողայ եւ առողջ ու բնականոն կեանքի խորհրդանիշը դառնայ:

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԱՆ – ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Ու՞ր ենք գնում, քուր ճան:
Բաղրամեան:
Մի օր էլ ոնց կ’ուզենայի, որ մի մարդ նստէր ու ինձ ասէր. «Քշի’ մինչեւ Ամերիկա»:
«Ըհը, սկսաւ» կ’ըսեմ մտքէս ու չեմ պատասխաներ: Հարկաւ չեմ պատասխաներ, որովհետեւ շատ լաւ կը գուշակեմ, թէ թաքսիի վարորդին մտքի կծիկը ինչպէ՞ս պիտի քակուի: Գոց ըրեր եմ արդէն: Մտքիս մէջ ահա խօսք կ’առնեն իսկոյն իր ըսելիքները. «էս երկիրը …»:
Դուրսը կը դիտեմ: Առատահոս ձիւնը երբեք ալ չէ խանգարած, որ մարդիկ փողոցներ թափուին՝ իրենց գնումները կատարելու: Ճամբաները եռուզեռ է: Խճողում․ չէ՞ որ տարուան վերջին օրն է: Սովորութեանս հակառակ, ես ալ վերջին օրուան գնումներ ունէի կատարելիք դեռ այս տարի: Ուստի տան գործերս ձգած իջած էի շուկայ ու հիմա թաքսիին մէջ կ’ուզէի ժամ առաջ տուն հասնիլ կիսատ գործերս ամբողջացնելու:
Ձիւնի սպիտակութիւնը կը դիտեմ ու որքան կ’ուզեմ, որ հոգիս ալ այս ձիւնին սպիտակ անդորրութիւնը ունենայ: Ամանորեան օրերուն ներաշխարհս կարծես աւելի յուզումնախառն դարձած է ու առաջուան բերկրանքը կը փնտռէ: Աս ի՜նչ արագ ու անսպասելի յեղաշրջում մը կատարուեցաւ մեր կեանքերէն ներս: Ասքան անգիտակ կրնա՞յ ըլլալ եղեր մարդ իր ճակատագրին դիմաց: Յանպատրաստից փոփոխութիւնները կը շշմեցնեն մահկանացուներս: Կեանքին շառաչիւն ապտակին տակ բախումը կ’ապրիմ երազայինին եւ իրականութեան. արթնացումին: Կարծես թէ մինչ այս Մսրայ մելիքեան քունի մէջ մտած «երազային» Հալէպս կը վայելէի: Քունը աչքերս իր իշխանութեան տակ առած՝ ճնշած էր կոպերուս վրայ ու յարատեւ կը քնացնէր զիս: Հանգիստ էի. ուրուականներ չկային երազիս մէջ, ընդհակառակը՝ շողշողուն լոյսեր, պսպղուն աստղեր, առատութիւն, ճոխութիւն: Երազիս մէջ հեղինակութիւն էի, բարձունքն ի վեր կը քալէի, ի’մս էր ամէն բան, ես հո’ն սեփականութիւն ունէի, կորուստի եւ անորոշութեան սարսափը չկար…
Յեղակարծ ինկայ փափուկ անկողինէս ու արթնցայ: Արթնցայ բոլորովին նոր աշխարհի մը մէջ, որ քնացած պահու այդ երազներէս մէկուն մէջ ինծի համար դրախտային վայրի տեսիլքը ունէր: Արթնացումը տառապանք բերաւ, թեւաթափ ըրաւ, օտարացման ու անկումի զգացումով պարուրեց զիս ու սկսայ աջ-ձախ վազվզելով տեղս որոնել: Ո՞ւր էի, ու’ր ինկայ:
Կրնա՞յ ըլլալ որ անցածը երազ ըլլար, կրնա՞յ ըլլալ որ ներկան ինքը երազ է: Ուղեղս անզօր է ըմբռնելու պատահածը:
Ես արթնցայ եւ հասկցայ, որ մինչ այդ քնացած էի: Արթնացումը այս անգամ ափսոսանքի զգացումով համակեց զիս: Ինչո՞ւ այսքան երկար քնացեր էի: Ես արթնցայ եւ աշխարհը ճանչցայ: Ես արթնցայ, սակայն քունս կորսնցուցի:
Ճամբան մեքենաները քիթ քթի են. իսկ ես տուն պէտք է հասնիմ: Վարորդն ալ քշելէն յոգնած կարծես զրուցակից մը կը փնտռէ ու լեզուի ճկունութեամբ մը նիւթը փոխելով՝ կը սկսի պատմել.
– Երեք ամիս առաջ թոռնիկս ինձանից նապաստակ էր ուզեցել: Ես էլ առայ
ու հիմի․ դէ գիտես, Ամանոր է: Իսկ նապաստակը Ամանորեան սեղանին համար փառաւոր ճաշ կը լինի:
Ու յաղթական շեշտով մը վարորդը կը շարունակէ իր պատումը, թէ ինչպէ՜ս մորթեր ու խորովեր են նապաստակը, իսկ թոռնիկին ալ ըսեր են, թէ փողոցի դուռը բաց մոռցեր են եւ նապաստակը փախեր է:
Իսկ ինչպէ՞ս կրնաս ամիսներով խնամած նապաստակդ ուտել (Այս անգամ յաջողած էր զիս խօսցընել):
-Է՜հ, քոյր ճան, հերն անիծեմ էս երկրին, որ ստիպում է, որ քո խնամած կենդանուդ մորթես: Ձեռներս փող չկայ, որ կարգին միս առնենք… :

«Դարձաւ դարձաւ նոյն տեղը հասաւ» կ’ըսեմ մտքէս, իսկ ես դեռ տուն չհասայ:
Հաստ վերարկուիս տակ բանտարկուած, կամաց-կամաց սկսայ շնչահեղձ զգալ. մեքենայի բարձր ջերմութի՞ւնն էր պատճառը, թէ՞ վարորդին խօսքերը՝ չեմ գիտեր: Որքա՞ն կարելի է հայրենիքի մասին այսպէս տրտունջք մտիկ ընել ու յարատեւ՝ ամէն քայլափոխի, ամէն հանդիպումի, ամէն առիթի անդադրում լսել ու լսել դժգոհանքը ժողովուրդին. ո՞վ է մեղաւորը: Ինչո՞ւ այսպէս պիտի ըլլար 25 ամեայ անկախութիւն ձեռք ձգած երկիր մը, ինչո՞ւ ժողովուրդը անկախութեամբ պիտի չուրախանար եւ անընդհատ կրկնէր « Ի՜նչ անկախութիւն, ի՜նչ բան. ումի՞ց ենք անկախ, ինչի՞ց ենք անկախ…», մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս վիճակը: Այսքան դժգոհանքի դիմաց ականջ չունի՞ն տէրերը: Ժողովուրդին մասին մտածող չկա՞յ…
Երկրորդ տարին է ահա, որ Երեւան կը գտնուիմ. յոգնած եմ արդէն սա կացութենէն, նոյն խօսքերը լսելէն: Անմիջապէս որ հայաստանցիի հանդիպիմ, պիտի գանգատի, սուրիացիի հանդիպիմ, պիտ ափսոսայ ու լայ: Ի վերջոյ ո՞ւր փախչիմ, ո՞վ պիտի խաղաղեցնէ խռովեալ հոգիս:
Ամէն վայրկեան տարբեր եմ, երբեմն լրիւ անծանօթ մը ես ինծի, երբեմն ըսուած խօսքերուն ազդեցութիւնը կրող մը, երբեմն այդ զգացումներուս համար ես զիս մեղադրողը: Անորոշ, շուարած, շլմորած վիճակ մը վերջապէս: Ի վերջոյ ե՞րբ ոտքերս ամուր պիտի զգամ հողին վրայ…

Մեքենաներու ճչակներ կը լսուին: Անցորդները օրէնքի խախտում ալ կը կատարեն. սահմանուած գիծերէն չեն կտրեր պողոտան, բոլորը կ’աճապարեն: Վերջին օրուան մնացողը պիտի վազէ բնականաբար:
-Աս մարդիկը ինչպէ՞ս ասքան գնումներ կ’ընեն հապա,- հարց կու տամ վարորդին:

Պատասխանը կայծակի արագութեամբ կը փութացնէ.
-Սրանք բոլորը դուրսը իրենց օգնող մարդ ունեն, կամ էլ պարտք են վերցնում, որ Ամանորը նշեն: Բա որ ասում էի Ամերիկա քշենք, հո իզուր տեղ չէի ասում: Դուք ոնց էք տեղաւորուել, յարմարուե՞լ էք, աշխատանք ունէ՞ք, Սիրիայի՞ց էք, Հալէպի՞ց…Ինչի՞ էք եկել ախր…

Փախուստ չկայ, ինկեր եմ թակարդը, պիտի մտիկ ընեմ. ուզեմ թէ չուզեմ պիտի մտիկ ընեմ:

-Էս ձիւնը որ տեսնում ես մեզ չի սազում, չի,- ակնարկը այս անգամ եղանակին վրայ կեդրոնացնելով՝ կը շարունակէ վարորդը,- ձիւնը վայելելու համար պիտի որ պաշտպանուած լինես, տաք հագնուես, Է՜հ մենք …

Բարեբախտաբար մեքենան Օփերա կը հասնի, հիմա ուր որ է Բաղրամեան կը մտնէ, ու վերջ կը գտնէ «ուղեղս լուալու» իր առաքելութիւնը:
Մեքենան կեցնելու յարմար տարածք մը գտնելէ ետք, մինչ ես տոպրակները ձեռքս կը շտապեմ իջնել, վարորդը դրամը ստանալուն պէս իր վերջին խօսքը կը յղէ ըսելով:
-Շնորհաւոր Ամանոր, լաւ կը լինի, մի’ մտածի…
Ասքան դժգոհանքէ ետք վարորդին այս մաղթանքը շատ անսպասելի կը թուի ինծի:
Տուն կը մտնեմ, մանչուկներս youtube բացեր կաղանդի երգերուն տակ կը պարեն ու կը ցատկռտեն: «Պատրաստել ենք մենք Նոր Տարուայ հանդէս…» կը հնչէ լէբթոփէն: Մեծ մաման ալ նստած ծափ կու տայ տղոցս: Կը ժպտիմ: Ինչքա՜ն հրճուանք կայ մանչուկներուս հոգիներէն ներս: Կաղանդը ապրելու համար մանկանալ պէտք է իսկապէս: Անոնք մերթ ընդ մերթ Կաղանդ պապուկին դիմաց իրենց արտասանելիք ոտանաւորները վերաքաղ կ’ընեն, որ վայելչապէս ստանան իրենց երազած նուէրները: Քիչ ետք ամուսինս ալ կը մտնէ տուն, տան մթնոլորտը աւելիով կը ջերմանայ: Մոռնալով դուրսի «բուք ու բորանը», հոգիս կը խաղաղի. տղաքս կրկին կը պարեն, կ’երգեն ու ես թեւեր առած կը լծուիմ գործի՝ գալիք տարին ոգեւորութեամբ եւ ըստ պատշաճի դիմաւորելու:

Սօսի Միշոյեան – Տապպաղեան

**



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ