ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ Admin. Sunday, April 3, 2016 18:44 - չքննարկված
ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ:ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
ՊԱՏԻԺԸ
Գիշերը ի զուր սպասած էր քունին, որ անգամ մը եւս անգթօրէն զլացած էր իր կազդուրիչ այցելութիւնը եւ ինք բարձին հետ մենամարտած էր մինչեւ լոյս:
Բայց առաւօտուն՝ յորդառատ ուրախութիւնը զինք համակած էր եւ սրբած անքուն գիշերուան թողած հետքերը աչքերուն շուրջ:
Մի քանի ժամէն օդանաւը զինք պիտի փոխադրէր երկրի հիւսիսային նահանգներէն մին, իրենց ընկերութեան արտադրութեան նմուշները ծանօթացնելու եւ ծանուցանելու տեղւոյն առեւտրականներուն: Տնօրէնը զինք եւ ուրիշ պաշտօնեայ մը ընտրած էր այդ առաքելութեան համար:
Շուրջ մէկ տարի էր, որ սկսած էր աշխատանքի:
Վերջին տարիներուն, ամուսնին գործը ձախողութեան սանդուխներէն վար սկսած էր գլորիլ: Այդ անկումը իր ժխտական անդրադարձը սկսած էր ունենալ անոր առողջութեան եւ տրամադրութեան վրայ:
Եւ ինք բարեկամի մը միջամտութեամբ գտած էր այս գործը:
Նոր միջավայրին մէջ, առաջին օրերու անորոշութեան, տատամսումի զգացումները այժմ վերածուած էին երջանկութեան եւ ազատագրութեան ապրումի:
Տան մէջ բանտարկուած, միօրինակ եւ ձանձրալի վիճակէն փրկուած էր: Հիմա վերածուած էր գործօն տարրի մը:
Ամէն առտու, նախաճաշէն յետոյ, դպրոցական աշակերտի պարտաճանաչութեամբ՝ պայուսակը առած՝ կը շտապէր գրասենեակ:
Բայց գլխաւոր անակնկալը դարանակալ կը սպասէր իրեն:
Նոյն գրասենեակին մէջ իրմէ զատ, երկու հոգի եւս կ’աշխատէին, որոնցմէ մէկն էր Անտրէսը:
Պաշտօնակիցներուն հետ փոխադարձ ծանօթութեան ընթացքին, զգաց, որ Անտրէս ուշի ուշով զինք կը դիտէր, կը զննէր իր հայու դիմագիծը, մանաւանդ աչքերը:
Կարեւորութիւն չընծայեց. ինք նոր դէմք մըն էր. արեւելքէն եկած էր, տեղացիներուն համար հետաքրքրական նորութիւն մը: Թէեւ յայտարարած էր ամուսնացած ըլլալը, սակայն ըստ երեւոյթին, այդ հանգամանքը չէր յաջողած պաշտպան վահանի դեր կատարել արտաքին աշխարհի սպառանացող փորձութիւններուն դէմ: Սիրտը իր գաղտնի ճամբաները ունի. երբեք չի լսեր մտքին հրահանգները եւ կ’անգիտանայ ընկերութեան պարտադրած օրէնքները:
Համակարգիչին առջեւ նստած, աշխատանքի պահուն կը զգար Անտրէսին նայուածքը, որ իրեն յառած՝ սպասողական դիրքի մէջ էր: Ինք գլուխը չէր բարձրացներ, կը շարունակէր անտարբերութեամբ իր պարտականութիւնը կատարել:
Այս վիճակը տեւեց շաբաթներ: Օր մը դադարի պահուն, երբ խումբով հաւաքուած սուրճ կը խմէին, կըխօսակցէին, Անտրէս մօտեցաւ իրեն եւ պատրուակ մը գտնելով՝ գրաւեց իր քովի աթոռը:
Իրմէ շատ լաւ տպաւորուեցաւ, երբ տեսաւ, թէ որքան զարգացած երիտասարդ մըն էր: Ամէն բանի մասին գաղափար ունէր. արուեստ, պատմութիւն, գրականութիւն, նաեւ մարզական խաղեր, շարժապատկեր. շրջուն համայնագիտարան մը. եւ զարմանալի….հաշուապահութիւնը ընտրած էր որպէս ապրուստի ճամբայ:
Ինք շատ կ’ախորժէր նման նիւթերէ, որոնցմէ զրկուած կը զգար, երբ խօսէր ամուսինին հետ, որուն կեանքի միակ նպատակը եղած էր առեւտուրը եւ դրամը: Այսուհանդերձ իրենց կեանքը միալար ուղղութեամբ ընթացած էր, առանց ելեւէջներու:
Սակայն տնտեսական տագնապը իսկական փորձաքար մը եղաւ երկուքին համար ալ եւ ի յայտ բերաւ քօղարկուած զգացումներ, չլուծուած հոգեկան տագնապներ, կուտակուած դառնութիւններ . ինչպէս նաեւ նկարագրի ժխտական գիծեր, որոնք թաքստոցի մը մէջ բանտարկուած՝ կը սպասէին յարմար առիթի մը դուրս ճողոպրելու համար:
Ի՜նչ փխրուն եւ դիւրաբեկ յարաբերութիւն մը եղած է մեր ամուսնական կեանքը, կը մտածէր ինք իւրովի:
Իր կարգին ամուսինը եղած էր դիւրաբորբոք, ջղային, ամէն ատեն, որ բերանը բանար , դժգոհելու կամ գանգատելու համար էր:
Կը ջանար չհակասել ամուսինին, կը փորձէր հանդարտեցնել զինք, բայց ապարդիւն: Անոր դէմքէն ընդմիշտ անհետացած էր ժպիտը. նիհարցած էր, մաշած, աշխարհին հետ քենոտած:
Տան մթնոլորտը սկսած էր անշնչելի դառնալ
Այդ պատճառով ալ, առաւօտուն հազիւ աչքերը բացած՝ անհամբեր ժամացոյցին կը նայէր, վայրկեան առաջ փախչելու համար տունէն:
Անտրէս կը ջանար իր առջեւ ցցուող թումբերը մէկ առ մէկ քանդել, իրեն հասնելու համար, սակայն չէր յաջողեր:
«Ես ամուսնացած եմ» կը կրկնէր ինք իրեն, երբեմն բարձրաձայն: Իր մէջ շատ զօրաւոր էին բարոյական սկզբունքները, եւ որոշած էր չդաւաճանել անոնց:
Բայց չէր ալ կրնար անտարբեր մնալ Անտրէսին հանդէպ, որ կարծես կը կախարդէր զինք, կը հալեցնէր իր նայուածքով. կամ երբ իրեն մօտենար, կը զգար մարմնին ջերմութիւնը կամ մատներուն հպումը, եւ սարսուռ մը կ’անցնէր մարմնէն:
Ինք եւս կը զարմանար իր մէջ վերազարթնած պատանեկան այս ապրումներուն համար:
Սկսած էր խուլ պայքար մը իր հոգւոյն խորերը: Յանցանքի զգացումը եւ Անտրէսին հանդէպ տածած իր համակրանքը (չէր ուզեր սէր կոչել) նոյն արագութեամբ կ’աճէին:
Պահ մը մտածեց հրաժարիլ իր պաշտօնէն: Բայց դրամը բարձրաձայն կը գոռար:
Գիշեր մըն ալ, երբ ամուսինին խռկոցը անտանելի դարձաւ, բարձը առաւ եւ միւս սենեակը գնաց քնանալու: Այդ մէկ օրը վերածուեցաւ աւանդութեան. ննջասենեակները զատուեցան:
Սկսածէր իր արտաքինին ծայրայեղ խնամք տանիլ . գեղեցկացած էր աւելի հրապուրիչ դարձած: Մանաւանդ երբ Անտրէսը տեսնէր, աչքերը կը փայլէին, սիրտը կը տրոփէր ուրախութենէն:
Երեկոյ մը երկուքը միասին ճաշարան գացին, ուր շատ հաճելի ժամանակ անցուցին: Թէ՛ ուտելիքը եւ թէ՛ խօսակցութիւնը զիրար կը գերազանցէին:
Այդ օր շատ ուրախ վերադարձաւ տուն: Ամուսինը կասկածանքով նայեցաւ իրեն. բայց ձայն չհանեց:
-Գործի ընկերներով իտալական ճաշարան մը գացինք, – ըսաւ – կանխելով ամուսինին հարցաքննութիւնը:
Անտրէս քայլ մը աւելի յառաջացած էր: Կը սպասէր յաջորդ նուաճումին:
Առիթը չուշացաւ:
Այդ շաբաթավերջ՝ ընկերութիւնը իր գրասենեակի երկու պաշտօնեաները պիտի ղրկէր հիւսիս: Անոնցմէ մէկը բանաւոր պատճառով պիտի չերթար: Կը մնային ինք եւ Անտրէսը, որուն ուրախութեան չափ ու սահման չկար:
Իր ալ խանդավառութիւնը շատ մեծ էր այս ճամբորդութեամբ, որ շատ բաներ կը խոստանար. երազներ, անակնկալներ եւ ինչու՞ չէ, նաեւ սէր:
Առտուն հապճեպով հագուեցաւ, ճամպրուկը առաւ եւ հրաժեշտ առնելու համար,ամուսինին ննջասենեակին դուռը բացաւ. եւ ին՞չ տեսնէ :
Ամուսինը անկողինէն ինկած էր .գետինը փռուած՝ իրեն կը նայէր անխօս եւ անշարժ: Բերնին մէկ կողմը ծռած էր:
-Արեան գերճնշումի հետեւանքով, սրտի կաթուած ունեցաւ- եղաւ բժիշկին ախտաճանաչումը:
Փշրուած էր երազներու, երջանկութեան, սիրոյ եւ նոր կեանքի մը ակնկալիքներով լեցուն, բիւրեղեայ սափորը:
Զայրոյթէն պայուսակը մէկդի շպրտեց եւ սկսաւ ճչալ, աղաղակել եւ տան մէջ շրջագայիլ խելակորոյս:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
**