ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ . Sunday, April 3, 2016 17:39 - չքննարկված

ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ:ԼԱՐԱ ԱՐԹԻՆ

ԼԱՐԱ ԱՐԹԻՆ ..

ԼԱՐԱ ԱՐԹԻՆ

**

Ես եւ Թէյի Գաւաթս …

Գրեթէ ամէնօրիա գիշերուայ զարկերէն ետք, կէս քուն կէս արթուն, պահակի նման քնանալէ վերջ, առաւօտուն ուժաթափ եւ յուսահատ վիճակի մէջ կը յայտնուիմ…

Թէյս պատրաստելէ վերջ նստած կը խորասուզուիմ մտքերով նայելով թէի գաւաթին կարծես ծովափ նստած ըլլամ հեռաւոր հորիզոնը կը դիտեմ: Թէյին երեսի փայլքը կախարդական հայելիի նման կը պատկերանայ, հետեւողական կերպով անցնող ողբերգական երեք տարիներու պատկերները կը սկսիմ տեսնել՝ կարմիր գոյներով ներկուած փողոցներ, կարմիր գոյներով մարդիկ․ մէկ մասը կը քալէ, ուրիշներ նստած են ուժաթափ, երրորդ բաժինն մըն ալ պարկած գետինները՝ անշարժացած վիճակի մէջ:

Յանկարծ կը փոխադրուիմ անդունդի մէջ, ուր շրջապատուած եմ կարմիր գոյներով: Կը փորձեմ գաւաթս հեռացնել, նկարները տպագրուած աչքիս ցանցին վրայ միասին կ՛երթան եւ կու գան: Թէյին մէջ սուզուող շաքարի հատիկները, կը նմանցնեմ դաժանաբար եւ անիմաստ օրէն մահուան վճիռը ստացող Սուրիացի Նահատակներուն, որոնք դէպի խորը չի սուզուելու նպատակով ճիք չեն խնայեր դէպի անդունդ չի գլորուելու, սակայն վերջաւորութեան ուժասբար կը յանձնուին ճակատագրին որը մագնիսի նման կը քաշէ իրենց դէպի հատակը գաւաթին, որպէսզի միանան հողին, իսկ չլուծւող շաքարի հատիկները կը պատկերանան իբրեւ մեր հարազատները, որոնք ներկայիս հեռու են մեզմէ, բայց մեր ներքին աշխարհին եւ ենթագիտակցութեան մէջ ներկայ են, անոնց բացակայութեան կարօտը կը սեղմէ կոկորդս, կը զգամ, որ պիտի խեղդուիմ: Անցեալի՝ մեր միասին ապրած եւ անցուցած օրերը կը յուշեն՝ կարծես մոռցած ըլլամ իրենց, բայց անոնք կան, եւ անհնար է՝ մոռնամ: Անոնք անցեալին պատկանող յիշատակելի օրերն են:

Ահա ես ինծի կը բացատրեմ թէ ի՞նչու օտարները կ՛ըսեն՝ թէյի պահը, դադարի ժամ է, բայց Սուրիացի ժողովուրդին քով այդ դադարի պահը վերածուեցաւ՝ յուսահատութեան եւ յուսալքութեան պահի, արեան եղանակը շատ երկարեցաւ, կարծես անվերջանալի է, կը թուի:

Զարմանալի է, տարին ունի չորս եղանակներ, բայց, ըստ երեւոյթին, Սուրիոյ արեան եղանակը, ինքըզինք մենատէր հռչակած է եւ չուզեր հեռանալ, որպէսզի ժողովուրդը կարենայ վայելել խաղաղ գարունը, աչքերը բանալով՝ թէյի մութ եւ արիւնոտ գոյնը տեսնէ փոխուած կաթին խառնուելով սիպտակած, զգայ, որ խաղաղութեան աղաւնին արդէն որոշած է բոյն շինել Սուրիոյ բնութեան ծառերուն վրայ: Հոգեպէս Հանգստանայ եւ համոզուի թէ՝ հետ այսու չկան դիակներու քարշելի հոտեր, պայթուցիկներու փոշիներ, պիտի լռեն եւ չի լսուին թնդանոթի ձայներ, չկան հրասանդներ, որոնք պիտի քանդեն տուներ, կառոյցներ: Երեխաներէն սկսեալ բոլորն ալ հանգիստ քուն պիտի քնանան, սարսափահար վիճակի մէջ պիտի չի ցատկեն իրենց մահճակալներէն եւ վախէն սենեակին մէկ անկիւնը ծունկի քալով ինքզինքնին պահպանէն:

Արդեօ՞ք կ՛ըրնայ ուշանալ տակաւին, ժողովուրդը սկսած է սպառիլ:
Ո՜վ Տէր իմ, Դուն օգնէ մեզի, փրկուինք այս դժոխքէն:

ԼԱՐԱ

ԼԱՐԱ ԱՐԹԻՆ

**

ԵՐԱՆԻՆԵ՜Ր եւ ՅՈՅՍԵՐ …

Երանիներուն մէջ յոյսերը եւ յուսահատութիւնները կը քալեն կողք կողքի:
Երանիներուն մէջ երիտասարդ մարմինը կը հիւծուի…
Սպիտակ յոյսերուն ետեւ, կիսափուլ յուսահատութիւններ եւ հոգիին մէջ մոռցուած երազներ առաջ կուգան…
Երանիներուն առօրեային մէջ վայելքը եւ զրկանքը կան, ատեններ ալ երանիներուն մէջ կեանքը վերսկսելու փափաք կայ …
Փնտռտուք կայ կորսուած հոգիին:

Երանիներովս գալարուած մտածումներով, գալած միջոցիս, ռմբակոծումները կը լսեմ:
Ատելութեամբ լեցուն, խորունկ կը քաշեմ օդի թթուածինը, թոքերուս մէջ եւ դուրս կուտամ վիշտով լեցուն լռութեամբ, որ կը փառատէ իմ վարանքներս:

Երանիներուս մէջ կը մտածեմ զոհուած եւ նահատակուած բոլոր ծանօթ եւ անծանօթ հոգիներու անսահման շիրիմը, թերեւս ինծի համար լոյսի ակօս մը ունենայ:

Երանիներուս մէջ անցեալ անկատար եղանակը կայ, որ երփներանգ ճառագայթներով պիտի լուսաւորէին եւ պիտի գունաւորէին ամէն ինչ եւ բարի քօղով մը կեանքս պիտի վերածէին հրաշալի երազի մը…
Երազներուս երթեւեկը պիտի ուզէի՝ ներկայ եղանակով ընթանայ:

Հիմա կիսամութ ժպիտներս կան …
Հիմա հոգիիս եւ էութեանս մէջ ծիլ նետած անօրինակ վիճակ մը կայ…
Հիմա քաոսային ժխորներով երանիներս կան …

Երանիներուս մէջ վիշտը, կարօտը եւ երազներս կան:

ԼԱՐԱ ԱՐԹԻՆ

**



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ