ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ . Tuesday, March 29, 2016 20:19 - չքննարկված

ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ:ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

Սօսի Հաճեան (1)ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

**
ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ԲԱՅ

Ձմեռնային խոնաւ ու ցուրտ օդը պատիժի նման սպառնագին՝ կախուած էր անցորդներու գլխուն եւ դրամատունը փակ էր տակաւին: Բայց իրեն նման հանգստեան կոչուած թոշակառուները փաթթուած հաստ վերարկուներու մէջ, կը սպասէին դրախտի դրան բացուելուն: Ինք եւս մտաւ հերթի:
Եկած էր ստանալու իր առաջին կենսաթոշակը:

Արդէն մի քանի ամիս անցած էր այն օրէն, երբ վերջին անգամ ըլլալով գործատեղիին հաշիւները դասաւորած էր եւ հրաժեշտ առած իր պաշտօնակիցներէն՝ երեսունհինգ տարի նոյն հաստատութեան մէջ ծառայելէ յետոյ :
Հիմա իր ճակտին կը կրէր կրաւորական խաւին պիտակը:
Յանկարծ յիշեց իրենց ուսուցչուհին, երբ քերականութեան դասին մէջ, բացատրած էր Ներգործական եւ Կրաւորական բայերուն տարբերութիւնը:
Առաջինը՝« ներգործականը» կը գործէ, անունը արդէն ցոյց կուտայ:
Օրինակ- կը պատժէ:
Իսկ երկրորդը՝ «կրաւորականը» կ’ենթարկուի:
« Կը պատժէ» ն կը վերածուի . «կը պատժուի»ի:
Ինք հիմա կը պատկանէր երկրորդ խումբին:
La clase pasiva ինչպէս յաճախ կը կրկնէին մասնաւորաբար քաղաքական թեկնածուները իրենց սին խոստումներով, հեռատեսիլէն, ձայնասփիւռէն, մամուլին մէջ, անոնց քուէն ապահովելու համար:

Նստած՝կը դիտէր շուրջինները: Մի քանիներ իսկապէս խղճալի վիճակ մը կը պարզէին: Այս մէկը կաղ էր եւ ձեռնափայտին յենած կը քալէր . ուրիշ մը զաւկին հետ թեւանցուկ, հազիւ կրնար ոտքերը քաշքշել. երրորդ մը, ջղագարի նման, գլխու տարօրինակ շարժում մը ունէր եւ ասոնց յար եւ նման սակաւաթիւ պարագաներ: Մնացեալները իրեն նման առողջ տեսք ունէին. գոնէ արտաքնապէս այդպէս կ’երեւէին:
Սպասման ձիգ ժամերը աւելի տանելի դարձնելու համար, ոմանք կը խօսէին, ոմանք կը կարդային, իսկ ուրիշներ ալ կը դժգոհէին դանդաղաշարժ պաշտօնեաներէն:
Վերջապէս զինք կանչեցին. Երբ ստանալիք գումարը տեսաւ, դէմքը քացախ կտրեցաւ: Այսքան տարիներու աշխատանքին գնահատականը այդ ողբալի գումա՞րն էր:
-Ձեր ստացած թոշակը նուազագոյնն է – պատասխանեց պաշտօնեան, տեսնելով իր դէմքին յուսախաբ արտայայտութիւնը::
Ուրեմն ոմանք իրմէ շատ աւելի կը գանձէին: Եթէ իմանար, որ իր ամբողջ տարուան ստանալիք գումարը, կարգ մը առանձնաշնորհեալներ մէկ ամսուան մէջ կը գրպանէին:
Կեանքի այս նոր հանգրուանի առաջին օրերու խանդավառութիւնը շատ մեծ էր:

Վերջապէս օրուան բոլոր ժամերը իր տրամադրութեան տակ պիտիըլլային եւ մտովի կը թուէր այդ առաւելութիւնները:
Առաւօտուն՝ կանուխ պիտի չարթննար:Անկողնին մէջ թերթը պիտի կարդար, սուրճը պիտի խմէր առանց հապճեպի, հեռատեսիլ պիտի դիտէր.
հանրակառքով ճամբորդելու պատիժէն պիտի փրկուէր. անձրեւոտ օրերուն տունը պիտի մնար.պիտի կարդար այն բոլոր գիրքերը զորս մէկդի դրած էր.
պիտի խնամէր իրենց տան փոքրիկ պարտէզը. իր կնոջ հետ աւելի յաճախ պիտ երթային թատրոն , սինեմա. նոյնիսկ ծրագրած էր շրջապտոյտ մը ընել զբօսանաւով:
Եւ դեռ ինչեր …
Բայց խեղճուկրակ ամսավճարը իր ծրագիրներուն երեք քառորդը ջուրը թափեց այդ օր:

Զարմանալի կերպով, հիմա որ ազատ էր մինչեւ ուշ ատեն անկողին մնալու, հազիւ լոյսը ծագած՝ ինք ալ աչքերը կը բանար. նորէն քնանալու ճիգերը ապարդիւն էին:
Իր ծրագիրներէն առաջինը գործադրելու քայլը առաւ. պարտէզը խնամել: Զանազան ծաղիկներ եւ նոր բոյսեր տնկեց, ծառերը յօտեց, գեղեցկացուց եւ հիացաւ իր կատարած աշխատանքին վրայ:
Կարճ տեւեց սակայն կանաչութեան հանդէպ իր հետաքրքութիւնը:
Երկրորդ ծրագիրը, որոշած գիրքերէն առաջինը կարդալու սկսաւ, բայց չվերջացուցած, մէկդի դրաւ:
Մի քանի անգամ կնոջ հետ միասին ճաշարան, թատրոն գացին, բայց տեսաւ որ այդ պէս շռայլ ծախսել կը նշանակէր, ճամբան կէս մնալ եւ չհասնիլ մինչեւ ամսավերջ:
Օրերը կ’անցնէին միօրինակ կերպով: Խանդավառութիւնը սկսած էր խամրիլ իր պարտէզի ծաղիկներուն նման:

Անպէտք առարկայ մը կը նկատէր ինքզինք, իրենց հիւրասենեակի աւելորդ զարդերուն նման:
Չակերտուած ծրագիրներն ալ իրենց հրապոյրը տակաւ կորսնցուցին:
Պարտէզը վերստացաւ իր նախկին անխնամ վիճակը:
Գիրքերը մնացին ննջասենեակի լուսամփոփին քով առանց բացուելու:
Գէթ մեծ –հայրիկի դերը կարենար կատարել. թոռնիկը զբօսայգի տանէր: Բայց այդ հաճոյքէն ալ զրկուած էր: Տղան ընտանեօք ուրիշ երկիր բնակութիւն հաստատած էր:
Հիմա հաշուեյարդարի նստած էր ինք իրհետ:Եթէ ինք իր սեփական վաճառատունը ունենար, կրնար շարունակել իր աշխատանքը. եթէ հարուստ ըլլար կրնար զանազան երկիրներ ճամբորդել. եթէ օրին դրամ խնայած ըլլար….: Եւ այսպէս «եթէ» ներու շարքը կ’երկարէր մէկ կողմէն, ձանձրոյթն ալ միւս կողմէն:
Ինք գիտակից էր թէ, կեանքի մէջ որեւէ հիմնական փոփոխութիւն քեզ խորապէս կը ցնցէ, սակայն ժամանակի ընթացքին դուն քեզ կը վերագտնես եւ կը վարժուիս նոր պայմաններուն :Այս փիլիսոփայական մօտեցումով կը մխիթարէր ինքզինք:
–Հիմա որ տունն ես ամբողջ օրը, կրնաս օգտակար ըլլալ ինծի. կարգ մը գործեր ընել. տուրքերը վճարել, գնումի երթալ, տունը քիչ մը կարգի դնել – կը գանգատէր կինը եւ կը շարունակէր թուել իր ամուսինին ընելիքները:
Սկիզբը անոնք թելադրանքի ձեւով ներկայացան, բայց հետզհետէ սկսան կշտամբանքի բնոյթ ստանալ:
– Գիտես որ ես յոգնած եմ այլեւս – կ’աւելցնէր ան, որուն մէջ մաղձ կուտակուած էր, ի տես ամուսնին աղքատուկ թոշակին:
Անշուշտ ինք սիրայօժար պիտի ընէր այդ բոլորը, եթէ հրահանգի ձեւով չպատուիրէր:
Արդեօ՞ք կինը միշտ այսպէս տրտնջացող, կեանքէն խռոված եւ շատախօս եղած էր եւ ինք չէր անդրադարձած:
Երբ տան մթնոլորտը լարուած եւ անհանդուրժելի դառնար, կ’երթար մօտակայ հանրային պարտէզը եւ իր տարեկիցներուն հետ կը նստէր անցորդները դիտելու, օրուան անցուդարձը պատմելու, քաղաքական հարցեր վերլուծելու եւ կամ անցեալի յիշատակներ քրքրելու:
Երբեմն ալ ակումբ կ’երթար նարտի խաղալու, կամ սուրճ խմելու իր բարեկամներուն հետ:

Բախտաւոր օր մը անոնցմ է մէկը հարցուց իր շուրջիններուն, թէ արդեօք իրենցմէ մէկը պիտի ուզէ՞ր օրական մի քանի ժամ իր զաւկին վաճառատունը երթալ եւ անոր ձեռք մը տալ:
-Ես կ’երթամ – թռաւ բերնէն անմիջապէս :
Հիմա դէմքը վերստացած էր իր նախկին գոհունակ արտայայտութիւնը: Ամէն օր վազելով կ’երթար վաճառատուն եւ անտրտունջ կ’աշխատէր. նոյնիսկ որոշուած ժամանակէն աւելի: Թէեւ կը շարունակէր կրաւորականի իր հանգամանքը, սակայն միաժամանակ կը կրէր գործօն մարդու տարազը:

Հաճոյքով կը կատարէր իր կնոջ հրահանգները որուն հետ յարաբերութիւնը զգալիօրէն բարելաւուած էր:
Պարտէզը սկսաւ թարմանալ. գիրքերը դուրս եկան իրենց լքուած վիճակէն:
Դեկտեմբերին՝ արդէն ապահոված էր իրենց ճամբու տոմսերը, որպէսզի երթային իրենց զաւկին այցելութեան եւ միասին դիմաւորէին Նոր Տարին:

Կրաւորական բայը վերածել ներգործականի:
Յաղթուիլ- կ’ըլլայ – Յաղթել:

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
**



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ