ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ Admin. Tuesday, March 8, 2016 11:53 - չքննարկված
Կանթեղ գրական:ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԱՆ
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԱՆ
**
ՏՈՒՆԷՍ ԱՆԴԻՆ
Տունէս անդին փողոցն է: Փողոցը Երեւանի: Բոլորիս համար սիրելի` իր ընդարձակ պողոտաներով, ծառուղիներով, իր հին ու նոր կառոյցներով, վարպետներու արձաններով, շէնքերուն պատերուն վրայ փակցուած մեծանուն բանաստեղծներու յայտնի խօսքերով, իր Մասիսով ու Արարատով…մէկ խօսքով՝ հայը հպարտ հա’յ զգալու իր բոլոր յատկանիշներով:
Շունչդ լայն կրնաս առնել հո’ս՝ Երեւանի մէջ: Մանաւանդ եթէ Հալէպէն եկած ես, ուր վերջերս միայն վառօդի կամ մեռելի հոտ կրնայիր շնչել: Գարնանային մաքուր ու պայծառ օդը քեզ դուրս կը նետէ տունէդ, նոյնիսկ եթէ աննպատակ ըլլան քայլերդ:
Եթէ թաղէ թաղ փոխադրուելու համար հանրակառք ուզես նստիլ, շատ գոհ պիտի մնաս, որովհետեւ երեւանցիք անմիջապէս կը յարգեն քեզ որպէս իգական սեռի պատկանող անձ, մանաւանդ երբ զաւակներով քեզ տեսնեն: Անշուշտ նոյն վերաբերմուքը կը դրսեւորեն նաեւ տարեցներուն նկատմամբ: Հանրակառքին կամ մեթրոյին մէջ զրուցակից չես գտներ անշուշտ, որովհետեւ բոլորին գլուխները թաղուած կը տեսնես իրենց բջիջայիններուն մէջ: Վարակ մը, որ վերջերս ինծի ալ անցած է:
Իսկ եթէ ուզես քալելով տեղ հասնիլ՝ շատ աւելի լաւ. գոնէ որպէս հալէպցի փողոցէն անցնելու օրէնքի հասկացողութիւնը կ’իմանաս: Պողոտան պատահական կամ ուզած տեղէդ կտրել չկայ, այնպէս ինչպէս վարժ էինք կտրել Հալէպի մէջ, ուր ինքնաշարժը պարտաւոր էր կանգ առնել ու սպասել մեր անցումներուն: Անցորդներուն համար յատուկ սահմանուած գիծէն պարտաւոր ես անցնիլ, այլապէս դժբախտ պատահարի ենթակայ կրնաս ըլլալ: Իսկ եթէ պատահի, որ ճամբան կորսնցնես, այդքան ալ իրար անցնելու պէտք չունիս, որովհետեւ երեւանցի մեր հայրենակիցները անտարբեր չեն մնար այդ ուղղութեամբ: Կանգ կ’առնեն ու սիրալիր կերպով ճամբադ ցոյց կու տան: Թէեւ երբեմն կրնաս հանդիպիլ անձանց, որոնք հայերէնդ չեն հասկնար ու «Խնդրում եմ հայերէն խօսա, հա» կ’ըսեն քեզի: Լեզուի հարցը կը մտատանջէ քեզ: Որքան խորթ է, երբ հայերէնդ չի հասկցուիր այլ հայու մը կողմէ: Պայմաններու բերումով եղաւ այս երկուութիւնը այո’, սակայն ես չեմ հանդուրժեր, որ մանաւանդ հայրենիքի մէջ, հայերէնս օտար լեզուի պէս` չհասկցուի: Նոյնը եղաւ համալսարանէն ներս: Աւարտաճառի ղեկավարս պնդեց, որ թէզս արեւելահայերէնով գրեմ, պատճառաբանելով որ այդ է նո’րը ու ճիշդը եւ թէ քաղաքակրթութիւնը դէպի առաջ կ’երթայ: Իսկ արեւմտահայերէնը հին է ու՝ ոջնջացման եզրին կանգնած…: Չեմ մեղադրեր ղեկավարս, որովհետեւ կը հասկնամ որ ինք այստեղի ծնունդ է եւ՝արեւելահայերէնի գիտակ. ինք եւս խոստովանեցաւ այդ մասին երբ ըսաւ. «Ես չեմ կարող հետեւել աւարտաճառիդ, եթէ արեւմտահայերէնի ուղղագրութեամբ գրես»: Բայց, երկար պայքարէ ետք, ի վերջոյ համոզեցի զինք, որ ես չեմ կրնար ազատօրէն գաղափարներս արտայայտել եթէ ի’մ հայերէնովս չգրեմ, մանաւանդ որ դեռ նոր եկեր եմ: Այսինքն ի՞նչ…, կը մտմտամ միտքէս: Հայրենիքին մէջ լեզուիս համար պիտի պայքարի՞մ: Կամ, ընտրութիւն պիտի կատարե՞մ երկուքին միջեւ. լեզու, բայց ոչ հայրենիք, կամ ալ հայրենիք, բայց…:
Սարեան փողոցն ենք: Խանութներու ցուցափեղկերը դիտելով կը յառաջանանք: Դէմի մայթին վրայ «Հալէպի Սանտուիչ» ազդագիրով կրպակը ակամայ ոտքերդ դէպի հոն կը տանի: Եւ ահա ո՜վ զարմանք: Հալէպի օգնութեան խաչի ընկերուհիս, որ ամուսինին թիկունք կանգնած՝ ձեռք ձեռքի գործ կը դարձնեն: Ներս կը հրաւիրուիս, կը զրուցես եւ իրենց յաջողութեամբ կ’ուրախանաս: Անշուշտ որ այս մէկը իրենց գործը չէր Հալէպի մէջ, կը մտածես, բայց չէ՞ որ քարէն հաց շինող ժողովուրդ ենք եւ առանց ընկրկելու ըստ օրուան պահանջքին՝ յարմարիլ գիտցող:
Կը շարունակենք մեր արշաւը ես ու տղաքս: Անոնք անհոգ ու ազատ կը վազվզեն մայթին վրայ: Վախ չունիս, որ յանկարծ հրասանդ մը կրնայ իյնալ գլխուդ. այնպէս ինչպէս որ կը պատահի Հալէպի մէջ: Կը յիշեմ, դեռ ամիսներ առաջ էր, երբ դպրոց երթալու համար, պողոտան կտրեցինք ու ճիշդ երկու վայրկեան վերջ մեր քալած տեղը խլացնող ձայնով հրթիռ մը ինկաւ: Սոսկումով ու թաց աչքերով տղեկներուս ձեռքերնէն բռնած վազեցի ճամբան, քաջ գիտնալով որ հիմա ուր որ է երկրորդը պիտի գայ…:
Կ’անցնինք Սարեանէն ու քայլերնիս կ’ուղղենք դէպի օփերա: Եւ ահա Կարապի լիճը: Այն լիճը, որ վերջերս հանրահայտ դարձաւ շնորհիւ Քիմ Քարտաշեանի ամուսինին`Քանյէ Ուեսթի: Երեւակայեցէ’ք, որ երկրպագուներու կրքոտ պաշտամունքը այն աստիճանի հասաւ, որ այդ նոյն ելոյթին օրը, մարդիկ առիթէն օգտուելով Կարապի լիճի ջուրը շիշերու մէջ լեցուցին ու կէս կատակ, կէս իրաւ սկսան ծախել, բարձրաձայնելով որ Քանյէի ցատկած տեղէն առնուած է…:
Կը հասնինք օփերա, որ իր շքեղութեամբ ու մշակութային արժէքով ներքին հպարտութեամբ կը համակէ հոգիս: Հո’ն, Ազատութեան հրապարակին վրայ մանչուկներս «սգութըր» քշել կ’ուզեն: Կը համաձայնիմ, ես ալ պարապ նստարան մը գտած՝ կը նստիմ, իրենց կը հսկեմ ու անցնող-դարձողը կը դիտեմ: Երեւանի աղջիկներուն միջոցով կարելի է իմանալ «սեզոնի» նորոյթին մասին: Անոնք շատ գեղեցիկ հագած, բարձր կրունկներով ու արագ քայլերով կը շտապեն գործի: Նստած տեղէս կը նկատեմ նաեւ, որ անցորդներուն դէմքերուն վրայ ժպիտը կը պակսի: Իւրաքանչիւրը կարծես իր հոգը շալկած կ’անցնի կ’երթայ: Անդին, սակայն, գիրկընդխառնուած երիտասարդները նո’ր կեանք ու երիտասարդութիւն կը պարգեւեն ալեհեր Երեւանին: Ու, յանկարծ, անցորդներուն մէջ հալէպցի մը կը նկատեմ: Աչքս աչքին կը դպնայ: Կը ժպտիմ, կը մօտենայ ու շուտով զրոյցի կը բռնուինք: Հետաքրքրականը այն է, որ Հալէպի մէջ գիտէիր, որ Վիլլաներու երրորդ մասը կը նստէր ու յաճախ նպարավաճառ Ժիրոյին քով կը հանդիպէիր իրեն, բայց որպէս անծանօթ առանց նոյնիսկ բարեւելու գնումդ կ’ընէիր ու դուրս կ’ելլէիր: Իսկ հո’ս, այդ նոյն անձը հարազատ կը թուի քեզի ու կ’ուզես խօսիլ, որպիսութիւնը հարցնել եւ իր ապրած պայմաններէն տեղեակ ըլլալ: Ակամայ զուգահեռով մը Համաստեղի «Երնէ՜կ Այն Օրերուն»ը կը յիշես ու Մխսին ու Մնուշը որքա՜ն հարազատ կերպարներ կը թուին ըլլալ քեզի համար:
Է՜հ, ուրկէ՞ պիտի գիտնայի, որ հո’ս ոչ որպէս զբօսաշրջիկ, այլ որպէս լիիրաւ քաղաքացի պիտի ապրէի: Միշտ ալ երազած էի, որ օր մը մեր մանչուկները բերենք ու ծանօթացնենք այն բոլորին, որոնց մասին պատմած էի ու կը պատմէի իրենց: Բայց այսքան հապճեպով ու շտապ մեր գալուն մասին երբեք չէի պատկերացուցած: Հայրենիքը մեզի համար փրկութեան լաստ մը եղաւ: Ինծի համար ցաւ է տեսնել, որ հալէպցիք, որոնք մեծ յոյսերով Հայաստան եկան, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ստիպուած եղան գաղթել աշխարհի տարբեր անկիւններ: Միթէ՞ իրենք դաւաճաններ էին: Բնաւ երբե’ք: Նոյնիսկ դոյզն կասկած չունիմ իրենց հայրենասիրութեան նկատմամբ: Հալէպի մէջ ալ նոյն զգացումը կ’ապրէի եւ իւրաքանչիւր գաղթողի ետեւէն այնքան ափսոսացի, որ ինքզինքս ալ դուրսը գտայ: Հիմա հոս ալ ճամբելու նոյն պաշտօնը կը վարեմ: Տեղացիները նոյնպէս կը գաղթեն: Ի՞նչ է ասոր վերջը: Հարց կը ծագի միտքիդ մէջ: Ի վերջոյ ի՞նչ է հայրենիք հասկացողութիւնը: Արդեօք ընտանի՞քդ է հայրենիքդ…:
Տղաքս բաւական քշելէ ու վազվզելէ ետք կը ծարաւնան: Բայց ի’նչ փոյթ. Երեւանի մէջ շիշով ջուրը հետդ պտտցնելու պէտք չունիս, որովհետեւ ամէն քայլափոխի ցայտաղբիւր կայ, որուն կոկորդէն կը ցայտէ Երեւանի սառնանուշ ու համեղ ջուրը: Հաճոյքով կը դիտեմ, թէ ինչպէս մանչուկներս կը վազեն անոնց մօտ ու մինչ իրենք ջուր կը խմեն ես մտովին Պատալեանի ”Երեւանի Ջուրը” կ’երգեմ.-
…Նա ծերուկին կեանք է տալիս, մանուկին՝ ծիծաղ.
Երբ օտարն է ջուրդ խմում ժպտում է ուրախ,
Նա ասում է ջուր չեմ տեսել այսքան ջինջ ու պաղ
Իսկ երբ պանդուխտ հայն է խմում ասում է. ”Օ՜խ այ…
Չէ ուրիշ է, շատ անուշ է ջուրդ Երեւան:
Կը մօտենամ ջուրին ու խմած ատենս ակամայ կը մտաբերեմ Հալէպն ու հալէպցիները, որոնք տակաւին տակառներով ջուր կը կրեն հորերէն իրենց ամէնէն կենսական պէտքերը ապահովելու համար: Ով գիտէ դեռ մինչեւ ե՞րբ պիտի ապրին այս մղձաւանջային օրերը:
Արշաւին շարունակութիւնը կ’որոշենք ուրիշ օրուան ձգել ու կ’ուղղուինք դէպի տուն: Մեթրոյին մուտքին երաժիշտ մը Սայեաթ Նովայի գեղեցիկ երաժշտութեամբ կը դիմաւորէ մեզ: Հո’ն, սպասման անցքին մէջ պատերուն վրայ փակցուած Ցեղասպանութեան վերապրողներուն նկարները մէկիկ-մէկիկ կը դիտես, կը կարդաս ու այդ պահուն կը գիտակցիս, որ դուն փոքրամասնութեան մը չես պատկանիր արդէն, այլ ողջ երկրին մեծամասնութեան մէկ անդամն ես: Այսինքն՝ հայկական տօները ամբողջ երկրի մակարդակով կը նշուին հո’ս: Հակառակ անոր որ Հալէպի փառքի օրերուն ալ, որպէս փոքրամասնութիւն երբեք ալ վատ չէիր զգացած, որովհետեւ փոքրիկ Հայաստան կազմած համայնքիդ մէջ մշակութային թէ ազգային գետնի վրայ հայապահպանման ամէն գործունէութիւն կը ծաւալէիր: Ծննդավայր եւ հայրենիք: Ահա երկու սէրեր, որոնց միջեւ կողմնորոշուիլը այդքան ալ դիւրին չ‘ըլլար քեզի համար: Ծննդավայր մը կորուստի մատնուած եւ հայրենիք մը՝ վիրաւոր…:
Յուշերս հաւաքած ու պայքարի ոգիով տոգորուած քայլերս առաջ կը մղեմ, միշտ հաւատալով պայծառ ու լուսաւոր գալիքին:
Սօսի Միշոյան