ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ . Tuesday, February 16, 2016 12:01 - 1 քննարկում

Կանթեղ գրական: ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

Սօսի ՀաճեանՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

ԽՃԱՆԿԱՐ

Իր պնդումին վրայ էր, որ այցելեցինք իրենց եւ այդ ձեւով առիթը ունեցանք ծանօթանալու Աւետեաց երկրի գաղութային խճանկարի մէկ մանրանկարին:
*******************
Հիւսիսային երկրի հայաշատ նահանգին մէջ գործող՝ ճեմարանականներու միութեան կողմէ, ես եւ ամուսինս հրաւիրուած էինք մեր դպրոցի հիմնադրութեան յիսուներորդ տարեդարձի տօնակատարութեան:
Օդանաւին մէջ յանկարծ յիշեցի, թէ մանկութեանս մտերիմ ընկերուհին՝ Զարուկը այդ նահանգը կ’ապրէր: Ուրիշ ոչ մէկ տուեալ իր մասին:
Թերեւս հանդիսականներէն մէկը ճանչնար զինք:
Ձեռնարկին գիշերը բոլորս ալ սաստիկ յուզուած, ոգեւորուած էինք: Տասնամեակներ յետոյ վերստին զիրար կը գտնէինք: Տնօրէններ, ուսուցիչներ, դասընկերներ… մեծցած, փոխուած, հասուն մարդ դարձած, կնճիռներ, ճերմկած մազեր, զաւակներու կամ թոռնիկներու տէր, կամ ալ ամուրի: Նոր սերունդ, հին սերունդ միախառնուած:Նոյն նշանախօսքը, նոյն սէրը, անքակտելի կերպով մեզ զօդող, միացնող, թէեւ հազարաւոր մղոններ հեռու հայակերտումի այդ մշտավառ հնոցէն:
Միջին Արեւելքի մեր աննման երկրորդականի միջուկը հոս փոխադրուած էր:
Երբ ողջագուրումները,կարօտի բացագանչութինները, հարցումները, արցունքները, դադրեցան եւ մթնոլորտը վերստացաւ իր բնականոն վիճակը, առիթը յարմար նկատեցի հարցնել Զարուկին մասին: Ոչ ոք կը ճանչնար զինք:
Մեկնումի պահուն,երբ այլեւս յոյսս կտրած էի, վերջին փորձ մըն ալ ըրի եւ սրահին միւս անկիւնը նստած Յակոբին մօտեցայ եւ հարցուցի:
– Հա՜, Արշակին կինը, այո՛ կը ճանչնամ, -ըսաւ- . Երբ ինքնաշարժս հիւանդանայ Արշակին կը տանիմ ,վարպետ արհեստաւոր է: Աշխատանոցը իրենց տան կից է: Բայց անոնք գրեթէ խզուած են մեր գաղութէն հեռաւորութեան պատճառով:
Եւ անմիջապէս իրենց տան հասցէն եւ հեռաձայնին թիւը տուաւ ինծի:
Զարուկենք եւ մենք նոյն բակին մէջ կ’ապրէինք:Ինք փոքրիկ քոյրիկ մը ունէր, իսկ ես մէկ հատիկ էի եւ յաճախ իրենց տունը կ’երթայի, որ միասին խաղայինք:
Մեր սիրած խաղը, չըսելու համար ի՛մ սիրած խաղս «դպրոց- դպրոց» խաղալն էր: Եւ ես միշտ ինծի կը վերապահէի «օրիորդ» ըլլալու առանձնաշնորհումը, հակառակ որ ինք ինձմէ մէկ երկու տարի աւելի մեծ էր: Իր քոյրիկն ալ կը բերէինք, որպէսզի թիւ կազմէր, բայց ան տասը վայրկեան հազիւ կը հանդուրժէր, կը վազէր, կ’երթար:
Եւ ես կը սկսէի «օրիորդութեան». չար, խիստ եւ անտանելի օրիորդ մըն էի:
Իմ դասագիրքէս կը կարդայի եւ իրեն ալ կարդալ կու տայի. սահուն չէր կարդար, կը կմկմար , կը սրբագրէի, նորէն կը սխալէր: Կը բարկանայի, կը յանդիմանէի զինք, բայց զարմանալիօրէն Զարուկը երբեք չէր բողոքեր, չէր դժգոհէր. իր մեղմ նայուածքը եւ անուշ ժպիտը միշտ դրոշմուած կը մնային դէմքին վրայ:
Երբ այլեւս անհանդուրժելի դառնայի, սուսիկ -փուսիկ տուն կ’երթար, իմ ուսուցչուհիի խանդավառութեանս վրայ պաղ ջուր թափելով:
Երկար տարիներ ապրեցանք նոյն բակին մէջ, մինչեւ, որ օր մըն ալ հարս եղաւ եւ Ամերիկա գնաց:
Իրենց բարեկամուհին միջնորդի դեր կատարած էր:
Ամերիկայէն հարուստ երիտասարդ մը մեր քաղաքը եկած էր ամուսնանալու, եւ այս կինը ուրկէ ուր իմացած էր եւ զինք բերած ներկայացուցած Զարուկին ծնողքին: Մայրը ուրախ- ուրախ ասոր անոր կը ծանուցանէր իրենց փեսացուին Ամերիկայէն եկած ըլլալը, որ շատ փնտռուած բարենիշ մըն էր:
Զարուկին համար ալ փրկութիւն մը եղաւ: Նախակրթարանը աւարտելէ յետոյ, մայրը տեսնելով, որ աղջիկը դպրոց երթալու փափաք չունի,զինք կարուձեւի դասընթացքի սկսած էր ղրկել:
Հարսանիքին օրը, «միջնորդ» մօրքուրը յաղթական ժպիտով՝ պատուոյ սեղանին գլուխը բազմած էր եւ գոհունակութեամբ հարսնեւորները կը դիտէր. լռելեայն հրաւէր ուղղելով՝ ամուրի աղջիկ ունեցող մայրերուն:
Անկէ յետոյ մենք եւս փոխադրուեցանք եւ մեր յարաբերութեան վերջակէտ դրուեցաւ:
**************
Յաջորդ առտու՝ առաջին գործս եղաւ Զարուկին հեռաձայնել: Սկիզբը ինքնութիւնս չյայտնեցի: Բայց երբ իմացաւ, ով ըլլալս անակնկալի եկաւ, յուզուեցաւ, իրար անցաւ եւ անպայման ստիպեց որ հանդիպինք:
Իրապէս, որ իրենց տունը ուրիշ քաղաք ճամբորդելու չափ հեռու էր:
Ճաշէն յետոյ նստած էինք հիւրասենեակը, սուրճ կը խմէինք:
Առաջին վայրկեանէն՝ տան փերեզակային ոճի կահաւորումը ուշադրութիւնս գրաւած էր, սկսելով ծաղկաւոր վարագոյրներէն. պատերուն, սեղանին, կամ զանազան կարասիներու վրայ զիրար հրմշտկող զարդեր, ընտանեկան լուսանկարներ, շուկայէն գնուած բնական տեսարաններու պատկերներ.իր մեծ մամային հիւսած «քրոշէ»ները, ասեղնագործերը, փռուած, ապակեայ փոքր եւ մեծ սեղաններուն վրայ, ծաղկամանին տակ, հեռատեսիլին եւ հեռաձայնին տակ, թիկնաթոռներու բարձերուն վրայ. պսակի կամ մկրտութեան առիթով տրուած յուշանուէրները անկիւնները սեղմուած: Սենեակին մէջ թիզ մը ազատ տեղ չէր մնացած շնչելու համար: Ամենէն աւելի ջղայանցուցիչը ինծի համար արուեստական, «փլասթիքէ » ծաղիկներն էին, որոնք ամէն տեղ էին. նոյնիսկ լուացարանին մէջ, փոքրիկ ծաղկամանի մը մէջ, հայելիին առջեւ դիրք բռնած էին: Տախտակամածը եւս զերծ չէր մնացած այս խճողումէն. գորգապատուած էր, բայց վրան ալ պզտիկ գորգեր շարուած էին:
Աչքերս յոգնեցան ակամայ դիտելէն այս անվերջանալի, գունաւոր խառնիճաղանճը, որ ինծի գլխապտոյտ կը պատճառէր: Զարուկն ալ ալ իր խայտաբղետ հագուստով եւ յարդարանքով, յուլունքէ վզնոց , խոշոր կանաչ օղեր, ապարանջաններ, մատանիներ, կու գար ամբողջացնելու տան խառնափնթոր կահաւորումը:
Այս բոլոր մեծ եւ փոքր իրերուն մէջ նայեցայ, տեսնելու համար, թէ գոնէ մէկ հատ գիրք արժանացա՞ծ էր համեստ տեղ մը գրաւելու. եւ ինչպէս որ կ’ակնկալէի, բացի մի քանի հագուստի նորաձեւութեան եւ ճաշացուցակի պաբերաթերթերէ, գիրքը կը ճչար իր բացակայութեամբ:
Կը խօսէինք հին օրերէ . միակ բանը որ մեզ կը կապէր ներկայիս, այդքան տարի յետոյ:
– Քա,՜ կը յիշե՞ս, դուն շատ կը սիրէիր օրիորդ ըլլալ. ի՜նչ խիստ էիր, – ըսաւ խնդալով:
– Այո՛- ըսի – կը յիշեմ. հիմա ալ օրիորդութիւն կ’ընեմ, բայց այդքան խիստ չեմ, փոխուած եմ այլեւս: Դուն ալ շատ բարի էիր,Զարու՛կ, երբեք չէիր նեղուեր ինձմէ:
– Կը խաղայինք, ինչու՞ պիտի նեղուէի. ես քեզի շատ կը սիրէի:
Մենք կը խօսէինք եւ կը խօսէինք. իսկ մեր ամուսինները լուռ մեզի մտիկ կ’ընէին: Զարուկին ամուսինն ալ իրեն պէս բարեհամբոյր նկարագրով՝ համակրելի մարդ մըն էր եւ շատ գուրգուրալից եւ հոգածու կնոջ հանդէպ: Աղուոր, համերաշխ ընտանիք մը կազմած էին եւ բախտաւորուած երեք սիրասուն մանչուկներով:
Խեղճ մարդը մի քանի անգամ փորձեց ամուսինիս հետ խօսակցութեան կծիկը քակել իր գիտցած հատուկէնտ հայերէն բառերով, բայց ամուսինս խառնուածքով հանդարտաբարոյ եւ սակաւախօս, հիմա իսկապէս արդարացուցիչ պատրուակ մը ունէր լուռ մնալու. լեզուի պատուարը. իր կիսատ- պռատ անգլերէնով բաներ մը մրթմրթաց ապա լռեց:
Երկուքն ալ իրարու հակապատկեր էին: Արշակը յաղթանդամ, բարձրահասակ, դիւրահաղորդ, զուարթ մարդ մըն էր, որ կը հետաքրքուէր իրական աշխարհով, գործով, որուն միակ մտահոգութիւնն էր իր ընտանիքին նիւթական բարօրութիւնը, աշխատիլ, աւելի դրամ շահիլ եւ հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրիլ:
Իսկ ամուսինս մանրակազմ, լուրջ եւ ինքնամփոփ : Մատղաշ սերունդներ դաստիարակելու, կազմաւորելու իր կոչումին հաւատարիմ, գրքերու եւ վերամաբարձ գաղափարներու ադամանդեայ պղպջակին, կամ իտէալական աշխարհին մէջ խորասուզուած՝ գոհ էր իր կեանքէն եւ շատ հեռու Արշակին հետապնդած նիւթի աշխարհէն: Երկուքին ալ ձեռքերը արդէն կը մատնէին իւրաքանչիւրին աշխատանքի ինչ ոլորտի պատկանիլը: Արշակին ձեռքերը մեծ էին եւ եղունգներուն տակ այլեւս վերջնական կայք հաստատած էր ինքնաշարժներուն իւղը. իսկ ամուսինիս ձեռքերը ճերմակ եւ խնամուած, որոնք գրիչէ զատ ուրիշ գործիք չէին ճանչնար:
Վերջապէս եկաւ մեկնումի ժամը: Դրան առջեւ, երբ Զարուկէն հրաժեշտ կ’առնէի. յակարծ մոռցուած բան մը յիշողի արտայայտութեամբ հարցուց.
-Այդ չէ ալ, ամուսինդ մի՞շտ ասանկ քիչ կը խօսի:
-Ինք ընդհանրապէս շատ խօսիլ չի սիրեր.կը նախընտրէ մտիկ ընել. միայն ժողովներու եւ ճառ խօսելու ժամանակ լեզուն կը բացուի:
– ի ՞նչ գործով կը զբաղի, վաճառական՞ է:
-Ո՜չչչ –պատասխանեցի-ուսուցիչ է:
-Ամա՜ն քա, գացիր, եկար պարոնի հետ ամուսնացար-.ըսաւ քիչ մը յուսախաբ:
Անմիջապէս կռահեցի իր յուսախաբութեան դրդապատճառը… ուսուցիչներուն «մեծագումար» աշխատավարձը:
– Ես շատ գոհ եմ եւ երջանիկ – ըսի ուրախ ձայնով – իմ երազած ամուսինս է:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ



1 քննարկում

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

ԿԱՆԹԵՂ
Feb 16, 2016 23:15