ԿԱՆԹԵՂ ԳՐԱԿԱՆ - Հեղինակ՝ . Sunday, January 24, 2016 2:58 - 1 քննարկում

Կանթեղ գրական: ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

Սօսի Հաճեան

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Հապճեպով բարձրացաւ սանդուխներէն. վերելակը նորէն աւրուած էր: Այս զառամած շէնքին մէջ, արդէն ամէն օր բան մը կ’աւրուէր. օր մը ելեքտրականութիւնը, ուրիշ օր մը կազին խողովակը,կամ ալ օրերով առանց ջուրի կը մնային: Հապա յարկաբաժիններուն միջեւ տարածուող անցքերուն, կամ մուտքին աղտոտութիւ՞նը: Շաբաթը երկու անգամ կին մը կու գար կը լուար, կը մաքրէր, բայց ժամ մը չանցած՝շէնքը կը վերստանար իր նախկին թափթփածութիւնը:
Երբ Լեւոն մի քանի անգամ իր դժգոհութիւնը յայտնեց տանտիրոջ, ան հեգնական քմծիծաղով մը պատասխանեց.
-Այս ջնջին վարձքին փոխարէն, կը յաւակնի՞ս ուրիշ շէնքերու հետ բաղդատել զայն: Գիտե՞ս թէ որքան կը գանձեն ասանկ յարկաբաժնի մը համար:
«Ասանկ» յարկաբաժին կոչուածն ալ, որ անարժանաբար այդ անունը կը կրէր, տարիներէ ի վեր ներկի գոյութիւնը մոռցած, ջարդ ու փշուր փեղկերով, անխնամ, փոքրիկ սենեակ մըն էր, որ կ’ամբողջանար խոհանոցի նմանող անցքով մը եւ լուացարանով մը:
Քաղաքին ծայրամասը գտնուող, շատ համեստ թաղամասի մը մէջ կը բնակէր Լեւոն, առանձին, ուր որպէս դրացի ունէր կասկածելի մարդիկ, որոնք չես գիտեր ինչ խորհրդաւոր, կամ վտանգաւոր գործերու մէջ էին: Կը ջանար խուսափիլ անոնցմէ:
Եօթը յարկ բարձրանալէ յետոյ, հեւասպառ եւ քրտնաթոր վիճակի մէջ՝դուռը բացաւ եւ թիկնաթոռին վրայ նետուեցաւ: Անհաճոյ եւ նեղացուցիչ օր մը եղած էր: Օդն ալ իր խոնաւութեամբ անշնչելի էր:
Արձակուելէն մէկ ժամ առաջ, զինք գրասենեակէն կանչած էին: Լեւոն տխուր նախազգացում մը ունեցած էր:
Գործատէրը միապաղաղ արտայայտութեամբ եւ մի քանի բառով արձակած էր վճիռը: Ընկերութիւնը տեսնելով, որ տարեկան հաշուեկշիռը ակնկալուած մուտքը չէր արձանագրած՝ որոշած էր անձնակազմին թիւը նուազեցնել: Գործէ պիտի հեռացուէին նորեկ պաշտօնեաները:Յաջորդ շաբաթ դրամատան մէջ պիտի մուծէին իր հատուցման գումարը:Այսքան:
Լեւոն գլխիկոր՝պարտուողական ոգիով՝առանց բառ մը արտասանելու դուրս ելած էր:
Թէեւ անօթի էր, բայց ո՛չ ախորժակ, ո՛չ ալ տրամադրութիւն ունէր ուտելու: Բան մը ըրած ըլլալու համար, սառնարանը բացաւ. ողբալի վիճակ մըն ալ հոս պարզուեցաւ . միայն շիշ մը հանքային ջուր եւ չորցած պանիրի կտոր մը. ո՛չ իսկ շերտ մը հաց կար:
Ուզեց գաւաթ մը ուիսքի խմել, սառ չկար:
Ահա թէ ինչ ըսել է ,երբ տան մէջ կին չկայ:
Երեք տարի միասին ապրելէ յետոյ, իր սիրած աղջիկը օր մը յայտարած էր, որ այլեւս ձանձրացած էր իրմէ, սէրը մարած էր, չըսելու համար մեռած: Պայուսակը առած եւ գացած էր տունէն: Ճիշդ է չէին ամուսնացած, սակայն Լեւոն զինք խենթի պէս կը սիրէր եւ չէր կրնար երեւակայել, որ այդքան կարճատեւ պիտի ըլլար աղջկան սէրը իրեն հանդէպ:
Օր մը փողոցը հանդիպած էր իրեն. երիտասարդի մը հետ թեւանցուկ կը քալէր: Աղջիկներուն մէջ սէրը որքան շուտ կը ծնի, նոյնքան ալ արագ կը մեռնի,- մտածեց: Մինչ ինք կ’ափսոսար Ճեսիքային բաժանումը, անիկա արդէն նոր սէր նուաճած էր:
Մեծ պարապութիւն մը ստեղծուած էր Լեւոնին հոգիին մէջ. բայց այդ պարապութիւնը աւելի ուշ՝ դառնութեան վերածուած էր: Մանաւանդ որ Ճեսիքային պատճառով իր ընտանիքին հետ յարաբերութիւնը խզած էր:
Երբ զինք ներկայացուցած էր իր ծնողքին եւ քոյրերուն , շատ լաւ չէին տպաւորուած իրմէ: Անկախ՝ հայ չըլլալու հանգամանքէն, որ արդէն գլխագիր մեղք կը համարուէր, իր հագուածքը, շարժուձեւերը, խօսելու ոճը լաւ տպաւորութիւն չէին ձգած իրենց վրայ, մանաւանդ Լեւոնին հօր, որ ծայրայեղօրէն պահպանողական էր եւ չէր հանդուրժեր, որ անծանօթ աղջիկ մը այդքան համարձակութեամբ խօսէր իրեն հետ առաջին իսկ օրէն. կարծես վաղեմի ծանօթներ ըլլային: Հակառակ երկար տարիներէ ի վեր Արեւմուտք ապրելուն,տակաւին Արեւելքի մտայնութեան եւ խստաբարոյ աւանդութիւններուն ամրօրէն կառչած կը մնար :
Իրենց զաւկին սիրոյն, Ճեսիքան պարբերաբար ճաշի կը հրաւիրէին:
Օր մըն ալ Լեւոն քիչ մը վախով, կասկածանքով , ընտանիքին յայտնեց, թէ նորութիւն մը ունէր ըսելիք: Բոլորն ալ վստահ էին, թէ աղջկան առընչուած լուր մըն էր:
Ըսաւ, թէ որոշած է երթալ Ճեսիքային հետ միասին ապրելու: Հայրը չհասկցաւ:
-Ի՞նչ ըսելէ միասին ապրիլ, հարցուց միամտօրէն:
– Երկուքս տուն մը վարձեցինք եւ հոն պիտի փոխադրուինք –պատասխանեց Լեւոն, այս անգամ թուքը կուլ տալով. կը նախազգար պայթելիք փոթորիկը:
-Ի՞նչ- պոռթկաց հայրը- աս ուրկէ՞ ելաւ: Աս ի՞նչ բան է. առանց պսակուելու պիտի ապրիք եղեր: Տղա՛ս, դուն պատուի գիտակցութիւն չունի՞ս. Մենք քեզ ինչպէ՞ս դաստիարակած ենք, որ կը յանդգնիս նման քայլ մը առնել:
Մայրը լուռ էր. բերանը գոց կը հետեւէր վիճաբանութեան. նոյնպէս քոյրերը:
-Ես կ’ուզեմ պսակուիլ, բայց Ճեսիքան համաձայն չէ. կ’ուզէ որ նախ միասին ապրինք , փորձենք, նայինք թէ յարմար ե՞նք իրարու, թէ ոչ: Անկէ յետոյ կ’որոշենք, թէ ինչ պիտի ընենք: Մինչ այդ զաւակ պիտի չունենանք:
Հայրը ակնապիշ իրեն կը նայէր եւ ականջներուն չէր հաւատար: Ասիկա իր զաւա՞կն էր. բարի, հնազանդ, պատուախնդիր տղան: Այս մէկ տարուան մէջ այդ օտար աղջիկը զինք ինչպէս այլակերպած էր, անճանաչելի դարձուցած : Տարիներու տուած իրենց դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը աղբաման նետուած էին եւ աղջիկը ինք էր, որ հիմա սանձը ձեռքը առած էր:
–Չէ՛ տղաս, չէ՛, ատանկ բան չ’ըլլար: Օրինաւոր կերպով կը պսակուիք եկեղեցին, անկէ յետոյ ինչ կ’ուզէք ըրէք: Զաւակ կ’ունենաք չէք ունենար, ատիկա ձեր գիտնալիքն է:
Բայց Ճեսիքա յամառեցաւ եւ սպառնաց Լեւոնին.կամ կ’երթային միասին ապրելու, կամ զինք կը ձգէր:Լեւոն չէր կրնար ինքզինք առանց Ճեսիքայի երեւակայել. անոր կախարդանքի սարդոստայնին մէջ ինկած էր:
Օր մըն ալ բուռն բախում ունեցան հայր ու տղայ: Անշուշտ Լեւոն կը գործէր Ճեսիքայի հրահանգներուն ենթարկուելով: Այս վերջինը արդէն զգալով, թէ իր ներկայութիւնը անբաղձալի էր, դադրեցուցած էր իր այցելութիւնները:
Բաժակը յորդած էր այլեւս: Հայրը իր վերջնական «ոչ»ը ըսաւ. եւ աւելցուց.
– Եթէ տունէն երթաս ալ չես վերադառնար:Կը դադրիս զաւակս ըլլալէ եւ կապդ կը խզես մեզի հետ:
Մայրը փղձկեցաւ. իր միակ մանչ զաւակն էր, իր հոգեհատորը: Ինք չէր դիմանար առանց իր Լեւոնին ապրելու:Բայց գիտէր թէ ամուսինը բարոյական գետնի վրայ անզիջող էր, խիստ. ետ դարձ չկար:
Այդ եղած էր իրենց վերջին հանդիպումը :
Արդէն անցած էին երեք երկար տարիներ:Ծնողքին, քոյրերուն կարօտը իր հոգին կը խանձէր. մանաւանդ Ճեսիքային մեկնումէն յետոյ:
Երանի՜ այդ վայրկեանին ձգէր եւ ոչ թէ հիմա-, կը մտածէր Լեւոն: Հայրս շատ ճիշդ ախտաճանաչում կատարած էր օրին, ըսելով որ այդ աղջիկը ինծի յարմար չէր. բայց ես խօսքը մտիկ չըրի:
Տարեվերջը կը մօտենար: Լեւոն մինակ էր. առանց գործի, առանց կնոջ:
Երկար ժամեր տատամսելէ յետոյ,հեռաձայնին ընկալուչը վերցուց վարանումով: Առաջին անգամն էր որ տուն պիտի հեռաձայնէր:
Հեռախօսին միւս ծայրէն լսեց մօրը քաղցր ձայնը, աչքերը լեցուեցան: Իր պաշտելի, բարի մաման:
-Մամա՛, պապան տու՞նն է, – հարցուց յուզուած, հազիւ ինքզինք զսպելով:
-Լեւո՜ն, …տղաս, դու՞ն ես…..հոգի՜ս , որքան կարօտցեր եմ քեզի. ու՞ր ես, ե՞րբ պիտի գաս:
Մայրը իրար անցած էր:
-Պապային հետ կ’ուզեմ խօսիլ-ըսաւ Լեւոն:
Հայրը վերցուց ընկալուչը. Երբ լսեց տղուն ձայնը պաղ սարսուռ մը պատեց զինք: Ինք եւս շատ կարօտցած էր իր մանչը, որուն համար հոգին իսկ պատրաստ էր տալու. բայց իր բարոյական սկզբունքները ամէն բանէ վեր էին:
-Պապա՛- այս տարի մինակ եմ. կրնա՞մ Կաղանդը ձեզի հետ անցընել- հազիւ կրցաւ շշնջել Լեւոն:
– Ա՜խ …տղա՜ս, -ըսաւ հայրը եւ իր մէջ կուտակուած յուզումն ու կարօտը մէկէն ժայթքեցան բարձրաձայն հեկեկանքով:

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

ՓՈԹՈՐԻԿ

Կուտակուած պարտքերը եւ սնանկութիւնը՝մրրկաշունչ քամիի նման, զինք դուրս շպրտեցին իր փառաւոր եւ հսկայ ապարանքէն եւ Պարոն Սարեան իր կեղծ «ազնուականութեան» հովերը կուլ տալով՝ ընտանիքը հաւաքեց եւ գնաց ապաստանելու հասարակ մահկանացուներու շէնքերէն մէկուն՝ պզտիկ յարկաբաժնին մէջ, որ կը գտնուէր բանուկ փողոցի մը վրայ, ուր առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը լսուէր ինքնաշարժներուն, բեռնատար կառքերուն, հանրակառքերու ճչակներուն եւ արգելակներուն հանած ականջ խլացնող եւ զզուելի ձայնը.ինչպէս նաեւ անվերջանալի անցորդներուն, մանուկներուն եւ շրջուն վաճառորդներուն աղմուկը:
Հաճելի չէր միշտ հանդիպիլ մարդոց՝| վերելակին մէջ, դրան առջեւ, սանդուխներուն վրայ:
Երկար տարիներ ապրած ըլլալով առանձնաշնորհեալ, լուռ թաղամաս մը եւ պարտէզներով շրջապատուած տան մը մէջ, հիմա ամենօրեայ պատիժի վերածուած էր ակամայ կերպով ենթարկուիլը այս անհանդուրժելի ժխորին :
Մանաւանդ իր փափկասուն կինը՝ Հերա չէր դիմանար այս նոր ապրելակերպին: Ինք, որ իշխանուհիի վայել՝ անհոգ, հանգստաւէտ կեանք մը կը վարէր, մէկ օրէն միւսը տեսաւ, որ այդ երանելի, փառքի օրերը պատրանքի վերածուեցան, իսկ ինք ալ՝ հեքիաթի Մոխրիկին, երբ տան ամբողջ պատասխանատուութիւնը.- գնում, մաքրութիւն, լուացք, արդուկ, կերակուր եփել- իր վրայ մնացին: Անճրկած եւ շփոթած վիճակ մը ունէր. չէր գիտեր ինչ ընել, ուրկէ սկսիլ:
Իր նուրբ եւ խնամուած ձեռքերն ու երկար մատները, որոնց վրայ ադամանդակուռ մատանիները կը ճաճանչէին արեւու ճառագայթներուն նման, վարժ չէին նման կոպիտ գործերու :
Անկումը ահաւոր էր: Օր չէր անցներ, որ Հերա արտասուալից աչքերով չանիծէր իր բախտը:
Իրենց երկու մանչ զաւակները, որոնք ամերիկեան վարժարան կը յաճախէին, հիմա արձանագրուած էին իրենց թաղի ազգային վարժարանը:
Պարոն Սարեան ծանօթ դէմք մըն էր էր հայ համայնքին մէջ: Թերթերուն մէջ յաճախ իր մասին կը գրուէր: Բարեսիրական հաստատութիններու մեծագումար նուիրատուութիններ կ’ընէր. սաներու կրթաթոշակներ կը յատկացնէր:
Բարեկամական շրջանակի մէջ ալ սիրուած անձ մըն էր իր զուարթ բնաւորութեան պատճառով:
Գաղութի բոլոր ձեռնարկներուն՝ Տէր եւ Տիկին անպակաս էին եւ միշտ կը բազմէին առաջին շարքի աթոռներուն վրայ:
Հերա ուշագրաւ էր իր գեղեցկութեամբ, արդուզարդով եւ վերջին նորոյթի հագուստներով, զորս կը գնէր կամ բերել կու տար Եւրոպայի նորաձեւութեան հայրենիքէն:
Երբ ամուսնին հետ թեւանցուկ՝ փքած սիրամարգի նման մուտք գործէր սրահ, բոլոր գլուխները ետեւ կը դառնային իրեն նայելու եւ ամուսինը ներքուստ կը հրճուէր, կը հպարտանար իր կողքին ունենալով երիտասարդ գեղուհի մը:
Երկուքն ալ վերէն կը նայէին բոլորին, եւ իրենց ուղղուած բարեւներուն՝ հազիւ ուրուագծուող ժպիտով մը, կամ գլխու թեթեւ շարժումով կը պատասխանէին, կարծես շնորհք կ’ընէին դիմացինին:
Սակայն երէկուան յարգուած եւ փնտռուած բարեկամը այսօր լքուած էր: Միութիւններ, մարմիններ, որոնք իրարու հետ կը մրցէին զինք հրաւիրելու համար իրենց ձեռնարկներուն, այսօր կարծես իր գոյութիւնը մոռցած էին:
Տխուր եւ լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէր տան մէջ: Ամէն ինչ փոխուած էր: Այր ու կին կը խուսափէին ծանօթներէ:
Չար բախտէն, բանից դուրս եկաւ, որ չորս հայ ընտանիքներ կը բնակին նոյն շէնքին մէջ:
Սարեանները կը ջանային չհանդիպիլ անոնց: Չէին ուզեր նոր յարաբերութիւններ մշակել իրենց ներկայ պայմաններուն մէջ:
Հետեւաբար, երբ գնումի երթային, (նախապէս իրենց տան ծառաներուն պարտականութիւնը) կը ջանային այնպիսի ժամու մը ելլել, երբ համեմատաբար շէնքը պարապ էր:
Իրենց զաւակները պատուհանէն հետաքրքրութեամբ եւ նախանձով կը դիտէին բակին մէջ խաղացող տղոց, բայց քաջ գիտնալով իրենց ծնողքին կարծիքը «միւսներուն» մասին, չէին համարձակեր վար իջնել:
Պարոն Սարեանի տնտեսական անկումը շատոնց սկսած էր թարախոտ վէրքի մը նման իրեն ցաւ պատճառել. բայց ան յաջողած էր զայն բոլորէն գաղտնի պահել, զանազան միջոցներու դիմելով եւ լարախաղացի մը նման կը ջանար պարանին վրայ իր հաւասարակշռութիւնը պահել, որպէսզի իր սիրելի կնոջ վիշտ չպատճառէ, եւ իրենց կենցաղի բարձր մակարդակէն վար չգլորին: Բայց ահա վէրքը պայթած եւ թարախը իր բոլոր ուժգնութեամբ դուրս ժայթքած էր՝ քօղազերծելով իսկական իրավիճակը:
Տարեկան ճամբորդութիւնները դէպի եւրոպական ոստաններ, վերջին նորոյթի ինքնաշարժներ, սուղնոց ճաշարաններ, զեղխ կեանք, այլեւս անցեալի կը պատկանէին:
Նոր դրացիները յայտնաբերողը եղաւ տիկին Մարին, որ օր մը վերելակին մէջ հանդիպեցաւ անոնց:
Մէկ ժամ յետոյ լուրը բոլոր հայ դրացիներուն սեփականութիւնը դարձած էր: Սկիզբը չհաւատացին. սակայն երբ հանդիպումները կրկնուեցան, հաստատեցին, թէ հիմա անոնք եւս կը պատկանէին իրենց դասակարգին:
Ոմանք ներքնապէս հրճուեցան. անշուշտ առանց բարձրաձայն խոստովանելու:
Հայ դրացիներուն օրակարգի նիւթ եղաւ, թէ ինչ կեցուածք որդեգրեն նորեկներուն հանդէպ: Ի վերջոյ որոշեցին մերձեցումի փորձ մը ընել: Հարցը այն էր, թէ ով յանձն պիտի առնէր երթալ եւ իրենց հետ խօսիլ:
Մարին եղաւ կամաւորը:
Յաջորդ օրը երեկոյեան, բարձրացաւ իրենց յարկը եւ դուռը զարկաւ վարանումով: Բաւական սպասեց: Քիչ յետոյ ներսէն մէկը հարցուց թէ ով է:
Դրացուհի մը- պատասխանեց Մարի: Հերա դուռը բացաւ քիչ մը թթուած արտայայտութեամբ եւ հարցական նայեցաւ Մարիին:
Մարի շփոթեցաւ պահ մը, բայց շուտով վերագտաւ ինքզինք եւ ըսաւ.
– Այս շէնքին մէջ չորս հայ ընտանիք կ’ապրինք եւ յաճախ կը հաւաքուինք, մասնաւոր առիթներով միասին ճաշելու, դուրս ելլելու եւ զուարճանալու: Երբ իմացանք, թէ հոս փոխադրուած էք, բոլորս ալ փափաքեցանք, որ դուք եւս ընկերանաք մեզի մեր հաւաքոյթներուն: Շաբաթ գիշեր մեր տունը աղջկաս տարեդարձը պիտի տօնենք. եկայ ձեզ հրաւիրելու. յուսամ չէք մերժեր մեր հրաւէրը: Մեր տունը հինգերորդ յարկն է:
Իրիկունը այր ու կին բաւական խորհրդակցեցան, հրաւէրը ընդունին թէ ոչ: Վերջապէս դրական որոշումի հասան: :
Շաբաթ գիշեր դրացիները հաւաքուած էին Մարիենց տունը: Օրուան «աստղերը» տակաւին չէին երեւեր, ոմանք կը կարծէին թէ չեն զիջիր գալու: Բայց շատ զարմացան, երբ Սարեանները հանդերձ ընտանեօք մուտք գործեցին հանդիսաւոր կերպով եւ հաւատարիմ իրենց ոճին՝ վայելչօրէն հագուած:
Ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտ մը կը տիրէր Մարիենց տան մէջ: Կերակուրները եւ խմիչքները առատ էին.եւ տրամադրութիւնները բարձր:
Սարեանները սկիզբը վերապահ էին , սակայն կամաց -կամաց իրենք եւս իրենց կարծրացած պատեանէն կրցան դուրս ճողոպրիլ եւ մասնակցիլ խօսակցութեան. կատակեցին, խնդացին եւ մինչեւ ուշ գիշեր մնացին:
Իրենց համար այս այցելութիւնը կազդուրիչ յատկութիւն մը ունեցաւ: Հոս բռնազբօսիկ, պաշտօնական, արուեստակեալ մթնոլորտ չկար. անկեղծ էր, անմիջական, ջերմ եւ հարազատ:Մէկ տարիէն աւելի էր, որ զրկուած էին նման հաւաքոյթներէ, անշուշտ տարբեր «մակարդակ»ի: Մանաւանդ տղաքը շատ ուրախ էին . հիմա նոր ընկերներ ունէին եւ ազատօրէն կրնային խաղալ անոնց հետ:
Սարեանները առաջին քայլը տուած էին իրենց նոր շրջապատին մէջ մերուելու եւ զարմանքով նկատեցին, որ յաջողած էին իրենց վրայէն թօթափել վերնախաւի գերակայութեան բարդոյթը եւ լիովին ըմբոշխնել այս նոր յարաբերութեան առաջին փորձառութիւնը:

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ



1 քննարկում

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

Anonymous
Jan 24, 2016 15:50