ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Wednesday, April 22, 2015 13:48 - չքննարկված

ՀԱՐԻՒՐ ԱՄԵԱԿ : ՔՐԻՍՏԻՆԱ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆՅԱՆ

iöÍÇi½i¢i+i½iÂií iÅiºÍÇ iìi+iÑÍâiíiÂiÁiíiÂ

Գարուն է, օտար եւ ցուրտ գարուն մը եւ վերստին Հայ ժողովուրդ մը որ երբեք չզգաց գարնան քաղցրութիւնն ու հեշտութիւնը, այսօր խաբող գարնան մը հետ կը հանդիպի եւ այդ դժնդակ գարունը իրեն կը մտրակէ հեւ ի հեւ: Ի յայտ կու գայ որ Սուրիոյ չորս տարուայ տիրող դժուար կացութիւնը պատճառ դարձաւ Սուրիա հայութեան ողբալի գաղթին եւ հայը կրկին ենթարկուեցաւ խոշտանգումի եւ դարձաւ թափառական:
100 տարիներ ետք դարձեալ սկսաւ եկեղեցւոյ անլռելի զանգակներուն հետ դժբախտ հայը ողբալ: Մեր տարաբախտ ճակատագիրը կարծես իր ձեռքին կարկին մը առնելով կլոր մը ամբողջացուց, այսինքն մեր պատմութեան սկիզբին վերադարձուց ՝ «գաղթին»: Տարիներու ընթացքին օտարը մէկ ու կէս միլիոն տոլարներով խաղցաւ եւ աշխարհը խաղցուց, լուրերուն մէջ շատ լսուեցաւ մէկ ու կէս միլիոն թիւը շատ կարդացուեցաւ շատ կրկնուեցաւ, սակայն ո՞ր օտարը մտածեց անգամ մը եւս հայուն մէկ ու կէս միլիոնին մասին մտածել, մեղմացնել կամ սփոփել հայուն ցաւն ու տառապանքը:
Այսօր երախտագէտ Սուրիահայերը Սուրիացի արաբներուն ջարդի ընթացքին օգնութեան փոխադարձ կը պայքարին Սուրիոյ գետնի վրայ եւ իրենց պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները լիովին կը շարունակեն կատարել:
Արդարեւ, Հայը՝ աշխարհին հետ կլոր դառնալը սովորական նկատելով, ամէն տեղ կը դառնայ ան՝ կամայ եւ ակամայ , աշխարհը ամբողջութեամբ իրեն համար ծանօթ է, կրնայ փոխել անունը, ընտանիք կազմել օտար ամուսնութիւնով բայց անհնար է մոռնալ լեզուն: Անհնար է մոռնալ կամ ուրանալ հայու ոգին. հայը մինչեւ այսօր յաճախ կը ստիպուի խօսիլ՝ թրքերէն, ֆրանսերէն.Անգլերէն կամ Գերմաններ էն. բայց իր հոգին միշտ կը խօսի Հայերէնով.անոր հոգին չի կրնար խօսիլ ուրիշ ոչ մէկ լեզուով: Ահա՛ այս է՛ արդէն հայուն ,հայ ոգիինն ու նկարագրին յատկութիւնը: Հայը գիտէ դիմանալ, մաքառիլ ,պատշաճիլ բայց գիտէ նաեւ արցունքէն ժպիտ՝ եւ մահէն կեանք ստեղծել ,
Մայրամուտի ճամբուն առաւօտը աւետել եւ իր սրտի փշերէն կամուրջ մը կառուցել: Այսօր, Իւրաքանչիւր Սուրիահայ մը կը գաղթէ իր հոգիին հանդերձը ձգելով Հալէպի մէջ եւ կամ Քէսապի: Կը գաղթէ ան եւ իր Տէր-զօրեան գաղթին առաջին նաւահանգիստը կ’առնէ Պէյրութի մէջ եւ ետքը կը շարունակուի մինչեւ Ամերիկա ,Գանատա, Շուէտ , կամ Աւստրալիա եւ այլ քաղաքներ . եւ որովհետեւ հայու սիրտը հզօր է եւ անսահման տարածութիւն ունի՝ որը խորքին մէջ իր յատկութիւններէն մէկն է նաեւ իր սրտին եւ հոգիին մէջ երկու երկիրներու տեղ տալը եւ ապրեցնելը՝ առաջին իր Հայրէնիքը Հայաստանը իսկ երկրորդը՝ իր ծննդավայրը ՝Սուրիան: Ցաւօք սրտի այսօր ան երկուքին ցաւերուն կը տոկայ եւ որպէս խաչը տեսնելով խաչուող ժողովուրդ մը չի վարանիր ոեւէ դաժանութենէ կամ անողոքութենէ . իսկ հիմա պարզ է հայուն համար մէկ աչքով Հալէպի ապա միւսով ալ Հայաստանի ՝համար լալը , բայց ո՞վ կրնայ գուշակել որ հայը լացէն ուժ կրնայ ստանալ եւ գուցէ այս է մեր գաղտնիքը . մահէն ՝վերակենդանացում ստանալը որպէս առաջին անգամ քրիստոնէութիւնը ընդունող ազգ , Յարութիւն առնել Յիսուսի նման : Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կամուրջ մը եղած է կարծես Հայաստանի եւ Հալէպի միջեւ, Հայաստանի եւ Քէսապի: Իսկ քանի մը հայեր եթէ ուրանան իրենց հայութիւնը որպէս ազգ մեզ չեն տկարացնէր ամենեւին ,ապա մեր թիւով քիչ ըլլալով հանդերձ, մեր յարատեւութիւնը կ՛ապացուցէ նաեւ որ ունինք կարողութիւնը՝ հզօր լեռները փշրելու .մեր երգերով , ստեղծագործութիւն ներով, մշակոյթով եւ արուեստով աշխարհը շլացնելու եւ տիրելու կարողութիւնը: Տարիներ շարունակ զանազան ազգեր սիրած են մեզ բայց ոչ թէ վախէն՝ այլ յուզուած մեզմով մեր մշակոյթով եւ յարգած՝ ոչ թէ կառավարական խաղերու շահով այլ մեր դարաւոր պատմութեան սխրագործութիւնները իմանալով . եւ եթէ օտարին ուշադրութիւնը գրաւած ենք , այդ մէկը չէ կատարուած ոմանց նման արտաքին ձեւակերպութիւնով՝ այլ մեր ազնուութեամբ եւ վեհանձնութեամբ: Խաւարով հաց շինած եւ արիւնած մատներով քաղցրահնչիւն այբուբենը կտակած ազգ մը եղած ենք միայն: Հայը ի ծնէ խաղցած է կրակով, երբեք չի գիտցած յուսախաբութիւնը, կրցած է անապատի աւազներուն մէջ բոյսեր ցանել եւ թաւալուած վիճակին իսկ մնալ խիզախ :
-ի՜նչ փոյթ, եթէ օտարը մեր արեան դատը իր անձնական շահերուն սիրոյն խաղ մը կը համարէ կառավարական խաղ մը, կամ մեր բողոքին փոխադարձ ատեն անգամ մը թուղթ հանել եւ կրկին իր տեղը վերադարձնելը շատ սովորական եւ դիւրին կը նկատէ. ո՞ւր է հարցը օտարը տարիներ շարունակ եթէ սիրած եւ յարգած է միայն վախէն , եւ իսկ արդարութիւնը սփռած ՝ վախէն: Այնուհետեւ, քանի չկայ վախ հայէն չկայ յարգանք, չկայ արդարութիւն: 100 տարիներ առաջ լռող օտարները ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ իրենց տարիներու համրութենէն պիտի ետքայլ մը առնեն եւ բլբուլի մը պէս իրականութիւնները խօսին , ընդունին եւ կամ ջանք ընծայեն մեր դատին համար, իսկ եթէ թուղթեր ցոյց տալ եւ վերստին վերադարձնելը նոյն տեղը կատակերգական թատերգութիւն մըն է: Ես անձնապէս իրենց կրնամ քանի մը կապիկ ուղարկել որպէսզի իրենց խաղին օգտակար ըլլան եւ նոյնպէս քանի մը թութակներ կրնամ բերել եւ թուրքիոյ կամ իրեն հետեւող երկիրներուն կատարածին կրնան ծափահարել, վասնզի եթէ ոմանց հետ այս թութակները համեմատ եմ շատ տարբերութիւն չեմ գտներ : Իսկ ոմանք ալ այսօր երբ հայելիին մէջ նայելու դէմքեր չունին 2014 թուականին Տէր զօրի մէջ մեր պապերուն աճիւններուն իսկ այրիլը զուգադիպութեան արկած մը կը համարեն ահաբեկիչներուն կողմէ ես քանի մը ծաղրածուներ կը ղրկեմ իրենց քով որ խնդան մեզի ալ իրենց հետ խնդացնեն :
100 տա՜րի անցաւ , եւ ոչ միայն դար մը այլ հազարաւոր դարեր անհնար է մոռցնել այսքան չարչարանք տառապանք որ ապրեցաւ հայը ,ուստի թող շարունակէ սրինգ մը հիմա Հայաստանին մէջ նուագել իր յաւիտենական եղանակներէն մէկը, թող շարունակէ նաեւ մայր մը Հալէպի մէջ կիսաբաց պատուհանէն առջեւ եւ ռմբակոծումներուն տակ սպասել իր պանդուխտ զաւկին վերադարձը եւ կռունկ մը ինչպէս տարիներ առաջ գաղթեց Հայաստանէն թող շարունակէ գաղթել Հալէպէ՛ն կամ Քէսապէն, մէկ խօսքով մահէն, բայց անխզելի մնալով իր սրտին մէջ կառուցուող կամուրճը որ կը կապէ Հայաստան ու աշխարհը եւ միշտ վերածնունդ մը ստանալով որպէս մահուան ձեռքէն ազատուելու միջոցներու հմտութիւնը ունեցող ժողովուրդ . երբեք չի մոռնալով մեր մայրենի լեզուն մնալով քաջ մնալով տոկուն :

ՔՐԻՍՏԻՆԱ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ

Պէյրութ. 3. 04. 2015



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ