ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Friday, April 17, 2015 15:21 - 2 քննարկում

ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ՍԳԱՆՔ ..

.

ՍՈՒԳ, ՍԵՒԵՐ, ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ, ԼԱՑ ՈՒ ԿՈԾ, ԸՆԴՎԶԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՅԵՏՈՅ, Ո՞ՒՐ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻՆՔ, ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆ ԸՆԵԼ ԵՐԲ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԱՅԴ ՄԱՍԻՆ ՉԵՆ ՈՒԶԵՐ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻԼ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՍԻՐՏԸ ՊԱՂԵՑՆԵԼՈՒ:

ԱՐԴԵՕՔ ԱՅՍՔԱՆ ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ՉԱՓՆ ՈՒ ՍԱՀՄԱՆԸ, ՉԱՆՑԱ՞Ւ::

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՏԱՐԲԵՐ ՆՈՐ ՋԱՐԴ ԵՒ ԱՆՈՐ ՆՄԱՆՈՂ ԱՐԱՐՔՆԵՐ, ՊԱՌԱԿՏՈՒՄՆԵՐ, ԳԱՂԹ ԴԷՊԻ ՕՏԱՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԻՍԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ ՈԽԵՐԻՄ ԹՇՆԱՄԻՆ ԱՄԷՆ ՕՐ ԿԸ ԲՌՆԱԲԱՐԷ ՀԱՅՐԵՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ, ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ ԵՒ ԼՈՅՍԸ ԵՂՈՂ ԱՊԱԳԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ:
Ո՞ՒՐ ԵՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ՏՈՂԱՆՑՔՆԵՐՈՒՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԶԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՋՈԿԱՏՆԵՐԸ, ԶՕՐԱԳՈՒՆԴԵՐԸ:

Ի՞ՆՉԻ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ, ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆԸ ՀԱՅ ԱԶԳԸ ԿԸ ՑԱՆԿԱՆԱՅ ԼՍԵԼ ՁԱՅՆ ՄԸ Ի՞ՆՉՊԷՍ ՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԼՍԵՑ ԷՐԶՐՈՒՄԷՆ ԵՒ ՍԱՍՈՒՆԷՆ, Ի՞ՆՉՈՒ ԼՈՒՌ ԵՆ ԱՆՈՆՔ, ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏԷՐ ՏԻՐԱԿԱՆԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԵՆ:

ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ ՀԱՅ ԱԶԳԸ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ ՕՏԱՐԻ ՀՐԱՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ԵՆԹԱԿԱՅ:

ԵՐԿԻՐԸ ԴԱՏԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԷՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՏԵՍԱԿԻ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ: ՍՓԻՒՌՔԸ ՏԱՐՏՂՆՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ Է, Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ԶՕՐԱԿՈՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ: ԱՇԽԱՐՀԻ ՉՈՐՍ ԾԱԳԵՐԷՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ՊԻՏԻ ՄԻԱՆԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆԸ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ՑՈՅՑ ՏԱՆՔ ԱՐԱՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԱՅՈՒ ԿԱՐՄԻՐ ԱՉՔԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՍԿՆԱՆ ԹԷ ՄԵՆՔ ՄԱՀՈՒ ԿԵՆԱՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՊԻՏԻ ՄՂԵՆՔ:

ԵԹԷ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ ԻՐ 60 ՀԱԶԱՐ ՔԱՋԵՐՈՎ ՀՍԿԱՅ ՊԱՐՍԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԴԷՄ ԿԱՆԳՆԵՑԱՒ, ՀԻՄԱ, ՆՈՅՆՊԷՍ ԹՈՂ ԱՐԱՐ ԱՇԽԱՐՀԸ ԻՄԱՆԱՅ ՈՐ ՄԵՆՔ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ՏԻՐԱՆԱՆՔ ՄԱՀՈՒԱՆ ԳՆՈՎ:

ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԿԸ ՊԱՏՐՈՒԱԿԷԻՆՔ ՕՏԱՐԻ ԼՈՒԾԻՆ ՏԱԿ ԵՆՔ, ԻՍԿ ՀԻՄ՞Ա, Ի՞ՆՉ ԵՆՔ, ԵԹԷ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆՔ ԱՊԱ ՈՒՐԵՄՆ ԹՈՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՆ ԱՆՈՆՔ ՈՐՈՆՔ «ԶԱՖԹԵՐԷՆ» ԵՐԿԻՐԸ ԹԷ ԻՐԵՆՔ ԱՆԿԱՐՈՂ ԵՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԸ, ԱԶԳԸ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, ԻՍԿ ԱՆՈՆՔ ՈՐ ԱՆԶՕՐ ԵՆ ԱՅՍ ՔԱՅԼԸ ԱՌՆԵԼՈՒ, ԹՈՂ ՀՐԱԺԱՐԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱԹՈՌՆԵՐԷՆ ԵՒ ՏԵՂԻ ՏԱՆ ԱՆՈՆՑ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐԵՆ ԱՌԱՆՑ ՏԱՏԱՄՍԵԼՈՒ ԿԱՄ «ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ» ՀԱՇԻՒԸ ԸՆԵԼՈՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՎԵՐԱԳՏՆԷ ԻՐ ԻՍԿԱԿԱՆ ՏԵՂՆ ՈՒ ՓԱՅԼՔԸ ՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԴԻՄԱՑ ԵՒ ՍԿՍԻՆՔ ՎԵՐԱՇԻՆԵԼ ՄԵՐ ԵՐԿԻՐԸ:

ՎԱՂԸ ԱՐԴԷՆ ՈՒՇ Կ՛ԸԼԼԱՅ: ԻՍԿ ԱԶԳ ՄԸ, ԿՈՐՍՆՑՆԵԼԷՆ ԵՏՔ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆԿԱՐՈՂ ԸԼԼԱՅ ԻՐ ՀՈՂԻՆ ՏԷՐ ՏԻՐԱԿԱՆ ԴԱՌՆԱԼ, ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ Է ՋՆՋՈՒԻ ՔԱՆ ԱՊՐԻ՝ ՍՏՐԿԱՑԱԾ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՍԱՀՄԱՆԻ ՄԸ ՀԱՍԱԾ Է, ՈՐ ԱՅԼԵՒՍ ՈՉ ՄԷԿ ՏԵՍԱԿԻ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸՆԴՈՒՆԻԼ, ՔՍԱՆ ՉՈՐՍ ՏԱՐԻՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ՏՈՒԱՒ ԱՌԻԹԸ, ԲԱՅՑ՝ ԱՓՍՈ՜Ս, ՇԱՏ ԱՓՍՈ՜Ս, ՄԻՇՏ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԵՑԱՒ, ԱՅԼԵՒՍ ԲԱԺԱԿԸ ՅՈՐԴԱԾ Է ԻՍԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՌԱՋԻՆ ՄԷԿ ԿԱՅԾԻՆ ՊԻՏԻ ՊԱՅԹԻ, ԱՅԴ ԺԱՄԱՆԱԿ ԱՄԲՈԽԸ ԽԵԼԱԳԱՐՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՆԵՐԽՈՒԺԷ ԱՄԷՆ ՏԵՂԵՐԷՆ ԵՒ ՓՈՂՈՑՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՆ ԱՐԵԱՆ ԾՈՎ: ԴԱՆԱԿԸ ՈՍԿՈՐԻՆ ՀԱՍԱԾ Է:

ԵԹԷ ՊԻՏԻ ՄԵՌՆԻՆՔ, ԹՈՂ ՄԵՌՆԻՆՔ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՎ ՄԵՐ ՊԱՏԻՒԸ, ՄԵՐ ԵՐԿԻՐԸ:
ԼԱՑ ՈՒ ԿՈԾԻՆ, ՍԵՒԻՆ ԵՒ ՍՈՒԳԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՎԱՂՈՒՑ ԱՆՑԱԾ Է:

ԿԱՆԹԵՂ

Յունուար 21. 2015



2 քննարկումներ

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

A,Askojan
Apr 19, 2015 3:52