ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Friday, April 17, 2015 15:12 - չքննարկված

ՀԱԼԷՊԸ՝ Խորքին մէջ ունէր Իր Իւրայատուկ Գրաւականը:

Թերեւս գեղեցիկ բնութիւն չունէր, եղանակը անապատային էր, բայց ունէր գրաւիչ սիրուն պարտէզներ, ունէր՝ լայն եւ հոգատար սիրտ, կամեցողութիւն եւ հարազատութիւն, գուրգուրանքով լեցուն ՍԷՐ հանդէպ բոլորին, սակայն դժուարին օրերը եկան փաստելու թէ բոլորն ալ օգտագործեցին Հալէպի Մարդկային ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ, լքեցին երեսի վրայ տագնապալի շրջանին, փաստեցին որ Հալէպը իրենց համար՝ ՀՈՍՈՂ ԱՂԲԻՒՐ ԷՐ ԴՐԱՄԻ, ուրիշ ոչինչ: Օթեւան պարէնաւորուելու, կամուրջն էր՝ իրականացնելու իրենց անձնական երազանքներն ու ձգտումները:

2014 – Ի սեմին, Հալէպահայութիւնը տակաւին յոյսեր ուներ որ խաղաղութիւն կրնայ տիրել Քաղաքէն ներս, թէեւ վստահութիւնը կորսնցուցած էր անոնց վրայ որոնք ամէն օր նոր խոստումներով կ՛արտայայտուէին թէ մօտ է գարունը, նոր արշալոյսը, խաղաղութիւնը իսկ միւս կողմէ կ՛ապրեր երազանքով, որ իսկապէս ձեռք երկարողներ պիտի ըլլան եւ դուրս բերեն ժողովուրդը իր ապրած դժոխքէն, ճշմարտախօսներ պիտ յայտնուին որովհետեւ անիմաստ դարձած էր խոստումներու շարաններն ու իբրեւթէ նիւթական օժանդակութեան անուան տակ՝ պաշար, ուտեստեղէն եւայլն յատկացնելը, որովհետեւ այլեւս հարցը ուտելիքի կամ սոված մնալու հարց չէր այլ մահ ու կենաց, ապրելու եւ ողջ մնալու պայքարի հարց էր:

Կեանքը վտանքուած էր բոլորին անխտիր, կենդանի մնալու միակ ճանապարհը եւ լուծումը քաղաքէն դուրս գալու մէջ կը տեսներ, որովհետեւ իր մաշկին վրայ զգաց վիշտն ու ցաւը, զգաց որբութիւնը, անտէր անտիրական ըլլալը, երբ ընտանիքին Հայրը ձգեց զինք իր ճակատագրին, կրնակը դարձնելով հեռացաւ եւ վերածուեցաւ ՋԱՅԼԱՄԻ, անձնական, գերդաստանային շահերը նոյնացան միջազգային քաղաքականութեան հետ եւ միացուլուեցան, պատին զարնելով մարդկային եւ ժողովուրդներու իրաւունքները ապրելու արժանապատուութեամբ իբրեւ մարդ, որովհետեւ իրենք դարձած էին՝ ճատրակի շարժող քարեր, կը շարժէին եւ կը քաշքշէին մարդիկ ըստ իրենց շահերուն:

Արիւնակիցները արդէն անկարող էին դրական քայլ մը առնելով ազատելու իրենց եղբայրներն ու քոյրերը, որովհետեւ իրենք տագնապի մէջ էին՝ այսինքն ժողովուրդը: Ուրիշներ ներկայ պայմանները օգտագործելով Հալէպի օգնութեան անուան տակ միլիոններ ձեռք բերին իսկ ուրիշներ նոյնիսկ Քարտէսի վրայ Հալէպը սկսան՝ ՉՏԵՍՆԵԼ, մինչ տասնեակ տարիներ առաջ Հալէպը կը նկատուեր Բաբախող ՍԻՐՏԸ, որ արիւնով կը մատակարարեր Երկիրը:

Երկու Հազարամեայ Պատմական քաղաքը հիմնովին քանդեցին բոլոր մարզերուն մէջ կարծելով որ պիտի ձերբազատուին Հալէպէն եւ Հալէպցիներէն, բայց այդ մէկը պիտի մնայ Երա՜զ, որովհետեւ անոնք մոռցած են թէ Հալէպը հազարամեայ պատմութիւն ունեցող քաղաք է, անոր բնակիչներուն արմատները ունին պայծառ անցեալ, այսօրուայ մարդիկը չեն, ազնուական արմատներ ունին, վաճառականներ էին եւ գործատէրեր, գործարաններ հիմնողներ, նիւթական ուժեղ կարողութիւններով օժտուած մարդիկ էին, բայց պատմութենէն գաղափար չունեցողները, կարծեցին թէ մէկ զարկով պիտի ջարդէին հազարը, եւ ոչնչացնէին Հալէպն ու իր բնակչութիւնը, վերացնէին եւ փոխադրէին անոր գործարաններն ու դրամագլուխները, այդ պատճառով բոլոր կողմերն ալ ագահօրէն խուժեցին եւ թալանեցին քաղաքը, հսկայական աշխատանք տարին եւ յաջողեցան մեծ մասամբ իրականացնել իրենց ծրագիրները, որովհետեւ տէր եղող չեղաւ քաղաքին:

Ճիշդ է արտաքին քաղաքականութիւնը ունէր ծրագիր Միջին Արեւելքի նկատմամբ բայց այդ մէկը արդարացուցիչ պատճառ չէր որ Հալէպը ջարդի եւ թալանի ենթարկուէր, անմեղ նահատակներ նուիրէր, տուներ քանդուէին, աշխատանոցներ վերանային, գործարաններ ոչնչանային, կեանքի կենսական կարիքներէն զրկուէին, ըստ երեւոյթին եթէ կարենային, թթուածին ալ պիտի կտրէին ժողովուրդէն բայց անոնց ոչնչացումով իրենց հացն ալ պիտի կտրուէր. այդ պատճառով ձգեցին փոքր պատուհան մը որպէսզի շնչել:

Այս գործադրուած հրէշային ծրագրին իբրեւ արդիւնք բնակչութեան իբրեւ կենսական մէկ մասնիկ՝ Հալէպահայութիւնը ստացաւ իրեն բաժինը, թերեւս եթէ նժարի վրայ դնենք ամենամեծ հարուածը ստացաւ, եթէ նկատի առնենք իր թիւը եւ կեանքի պայմանները:

Այսօր երբ կը խօսինք Հալէպի մէջ, շրջանի մը մասին որ կը կազմեր Հայութեան բերդը, ուր կը բնակէին հազարաւոր հայեր, խօսքով շատ հեշտ է յիշել՝ մի քանի հարուածով այդ շրջանէն հեռացան տասը հազար է աւելի հայորդիներ, շէնքեր, տուներ փուլ եկան, խանութներ հրկիզուեցան եւ ոչնչացան, այս բոլորը գաղութին համար մեծ հարուած էր, որու լոյսին տակ իբրեւ արդիւնք հազարաւորներ բռնեցին գաղթի ճամբան երբ կորսնցուցին իրենց տուներն ու եկամուտի աղբիւրները:

Ցաւալին այդ էր որ անոնք որոնք իրենց զիրենք Միջին Արեւելքի ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ Հայրը, Կնքահայրը եւ Տէր տիրականը կը ներկայացնէին մէկ դարէ ի վեր, մեղսակից դարձան այս դաւադրութեան: իրենց անխոհեմ գայլերով ՎԵՐՋԸ ԲԵՐԻՆ Հալէպին եւ Հալէպի ԱՆՄԵՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, ձգելով գաղութը շուարած, որպէսզի Հայութիւնը տարտղնուի օտար երկիրներու մէջ պատէ պատ զարնուելէ վերջ, ջանք չի խնայեցին որպէսզի Մայր հայրենիքը ՉԸՆԴՈՒՆԻ՝ իր զաւակները՝ զանազան պատրուակներու անուան տակ, որը հիմնականին մէջ ամէնէ կարեւոր բաժինն էր այս Ոճրային Դաւադրութեան իսկ գործը գործէն անցնելէ ետք, գաղութը չդատարկելու կոչեր սկսան ուղղել անշարժ մնալու, երբ արդէն ժամանակը անցած էր ըլլալիքը եղած էր, քանդումներն ու հարուածները իրենց նպատակին հասած էին:

ԱՓՍՈՍ, Շա՜տ ԱՓՍՈՍ, օրը պիտի գայ եւ պատմութիւնը այս ճշմարտութիւնները պիտի գրէ արիւնոտ գրիչով եւ պատճառ եղողները պիտի դատապարտուին բայց արդէն ուշ կ՛ըլլայ:

Մենք պէտք չունինք դատապարտելու օտարներուն, այլ պէտք է փնտռենք որդը մեր մէջ, ուր որ ալ ըլլան անոնք, որովհետեւ անոնց օգնութեամբ իրականացուեցաւ այս ՀՐԷՇԱՅԻՆ Նոր Գաղթը, ինչպէս նաեւ փաստուեցաւ անգամ մը եւս որ բոլոր փոքր պետութիւնները մէկական գործադիր մարմիններ են մեծերուն, պատրաստ են զոհելու ամէնա թանկագինը երբ հարցը կախեալ է իրենց աթոռներէն:

Սուրիոյ հայութեան ընդհանրապէս եւ Հալէպահայութեան մասնաւորապէս կրած հարուածներուն մեղքը անոնց վզին է, որոնք կրաւորական կեցուածք ունեցան այս աղէտին նկատմամբ:

Օրը կու գայ երբ կրակը՝ մարի, ամէն ինչ պիտի յստականայ որքան որ փորձեն դաւաճանները քօղազերծել իրենց դաւադրութիւնները:

ԿԱՆԹԵՂ

27 Դեկտեմբեր, 2014



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ