ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Thursday, April 16, 2015 14:56 - չքննարկված

ՀԱԼԷՊԻ ՋԱՐԴԸ

ՔՐԻՍՏԻՆԱ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆiöÍÇi½i¢i+i½iÂií iÅiºÍÇ iìi+iÑÍâiíiÂiÁiíiÂ

ՀԱԼԷՊԻ ՋԱՐԴԸ

Հալէպի ջարդը Արցունքովը վերջին անգամ մայրը մարեց սենեակը լուսաւորող մոմը .մայր մըն էր սովորական Հալէպ քաղաքի մայրերէն որ կրցած էր մահուան ձեռքէն փախչելով ողջ մնալ անցեալ գիշեր: Ապա վերջին անգամ ակնարկ մը նետեց իր տան պատերուն եւ անշուշտ յիշատակներով լի իրերուն ու դուռը ամուր մը կղպեց որպէսզի իր առաջին քայլը նետէ անյայտ գաղթին: Ի յայտ կու գար որ շատերուն նման ինքն ու ամուսին ալ յանկարծակի որոշում արած էին մեկնելու համար քաղաքէն: Սակայն դէպի Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս բայց պարզապէս ուզած էին ազատիլ տառապանքէն եւ ռմբակոծումներէն:

Դժուարութեամբ ալ գտած էին վարորդը այդ օր բայց եւ այնպէս յաջողեցան նստիլ այդ ինքնաշարժը եւ երկրորդ անգամ ըլլալով մայրը ուշադրութեամբ ակնարկեց իր խոհանոցի պատուհանին որ կարծես առաջին անգամ ըլլալով կը նայէր: Խոհանոցին վարագոյրը սուտ Ապրիլի սուտ ջերմ հովին հետ շարժելով նոյնպէս սուտ երջանկութիւն մը կը սփռէր .զեփիւռը կը փչէր եւ ան իր « թանկօն » կը պարէր անտեսանելի զոյգին հետ : Ապա դերասան արեւը այդ պատուհանէն ներս մտելով պզտիկ արշալոյս մը կ’արձակէր սեղանին տակ որուն վրան վարագոյրին շուքը կը խաղար .սեղանի վրայի չորցած սուրճի գաւաթն ու մոռցուած մոմը մը կար որուն արդէն արցունքը յստակ էր որ գիշերուընէ է սառած էր: Շլացուցիչ եղած էր կերպարանքը երբ արեւը շողեր մըն ալ արձակած էր կտրտուած մանր ապակիներու վրան որուն փայլուն պատկերը կ’արտացոլուէր պատին վրայ ծիրանի եօթը գոյներով .Արդարեւ, սենեակին անկենդանի իրերուն վրան մարդկային յատկութիւններ աւելի կային քան կարգ մը մարդոցմէ, որոնք կենդանի իսկ չէին կրնար համարուիլ:Խաղաղ թատրոն մըն էր միայն կը ներկայացնէր բեմադրիչ իրականութիւնը իր երեսը պահելով :

Վարորդը սկսած էր քշել ,երբ արդէն մայրը իր արցունքը կը փորձէր զսպել եւ ճամբուն ընթացքին սկսաւ ան Հալէպի պատկերը տեսնել ոչ թէ հեռատեսիլէ մը սովորական այլ բոլոր իր էութեամբը ու հինգ զգայարանքներովը շօշափեց: Տեսաւ արիւնով ներկուած իր թաղերը, տեսաւ դրացուհիին երբ քար ու քանդ քարերու տակէն կը փնտռէր իր աղջիկը:

Այդ առաւօտ սովորական առտու մը կը թուէր աշխարհին բայց Հալէպին համար երբեք: Այդ առաւօտ « Սուլէմանիէ » շրջանը, իր աչքերը չբացաւ իր դրացի կիներու հաճելի հաւաքոյթի աղմուկով, Սուլէմանիէի՝ նոյնպէս հռչակաւոր Զահլէին առտուան առաջին խմորը փուռին մէջ մտաւ արիւնով թաթխուած. հաճելի այդ Քալասի թաղի իրարանցումը շաբաթ կէսօրը նոյնպէս չկար ոչ ալ Ուարտէյի փուռին առջեւը.Մեքենաներու ձայնով եւ Ֆալաֆէլ հոտող Քալասի թաղը լեցուած էր արեան գարշելի հոտով մը եւ կրակի բոցէն ոչինչ կ’երեւար: Անցաւ արագ ինքնաշարժը տարիներու արագութեամբ կատղած ձիու մը պէս նոյն ժամանակ ջութակ մը նուագեց հեռուէն շատ հեռուներէն մէկ դար առաջուան եղանակն էր կարծես եւ հակառակ ջութակին մեղմ ձայնին ինքնաշարժը աւելի ուժեղ աւելի բուռն կը քալէր կարծես մայթերը կ’ուզէր ճաթռտէր կարծես գանգուր մազերով աղջիկ մը զայրացած կը քալէր զեփիւռը մազերուն մէջ բանտարկելով:

Այդ մայրը պիտի գաղթէր օտար եւ անծանօթ երկիր մը թերեւս կարօտցած պանդուխտ տղուն քով պիտի երթար թերեւս ալ ճամբան կողոպտուելով սպաննուէր իսկ եթէ ողջ մնար պիտի կողոպտուէր Պէյրութի մէջ: Բայց յստակ մէկ բան կար, ուր ալ ըլլար ինչպէս ալ՝ տխուր պիտի ըլլար եւ հոգին թախիծով ողողուած եւ բուռն կարօտը իր ծննդավայրին պիտի խղճացնէր զինքը: Իրականութիւն մըն է որ այդ գիշեր մղձաւանջ մը տեսաւ Հալէպահայը եւ քանի տեսաւ միայն ինքը չի կրցաւ ոչ մէկ անձ իրեն ցաւին բաժնեկից ըլլալ կամ փորձեց հասկնալ.

Յիրաւի կ’ըսեմ օտարը ականատես եղաւ եւ լռեց 100 տարի առաջ, լռեց նաեւ 100 տարուան ընթացքին եւ կը լռէ հիմա .կը ձեւացնէ զինքը թէ համր է թող ըլլայ այդպէս մեր շուրջ շա՜տ են այդպիսիները, բայց մենք Աստուծոյ շնորհիւ կարող ենք անցնել այս սեւ ամպը եւ պիտի մնանք միշտ այսպէս ուժեղ :

13/04/2015 Պէյրութ



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ