ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Wednesday, February 4, 2015 9:28 - չքննարկված
ԵՐԱՆԻՆԵ՜Ր եւ ՅՈՅՍԵՐ …
ԵՐԱՆԻՆԵ՜Ր եւ ՅՈՅՍԵՐ …
Երանիներուն մէջ յոյսերը եւ յուսահատութիւնները կը քալեն կողք կողքի:
Երանիներուն մէջ երիտասարդ մարմինը՝ կը հիւծուի…
Սպիտակ յոյսերուն ետեւ, կիսափուլ յուսահատութիւններ եւ հոգիին մէջ մոռցուած երազներ յառաջ կուգան…
Երանիներուն առօրեային մէջ վայելքը եւ զրկանքը կայ, ատեններ ալ երանիներուն մէջ կեանքը վերսկսելու փափաք կայ …
Փնտռտուք կայ կորսուած հոգիին:
Երանիներովս գալարուած մտածումներով, գալած միջոցիս, ռմբակոծումները կը լսեմ:
Ատելութեամբ լեցուն, խորունկ կը քաշեմ օդի թթուածինը, թոքերուս մէջ եւ դուրս կուտամ վիշտով լեցուն լռութեամբ, որ կը փառատէ իմ վարանքներս:
Երանիներուս մէջ կը մտածեմ զոհուած եւ նահատակուած բոլոր ծանօթ եւ անծանօթ հոգիներու անսահման շիրիմը, թերեւս ինծի համար լոյսի ակօս մը ունենայ:
Երանիներուս մէջ անցեալ անկատար եղանակը կայ, որ երփներանգ ճառագայթներով պիտի լուսաւորէին եւ պիտի գունաւորէին ամէն ինչ եւ բարի քօղով մը կեանքս պիտի վերածէին հրաշալի երազի մը…
Երազներուս երթեւեկը պիտի ուզէի ներկայ եղանակով՝ ընթանայ:
Հիմա կիսամութ ժպիտներս կան …
Հիմա հոգիիս եւ էութեանս մէջ ծիլ նետած անօրինակ վիճակ մը կայ…
Հիմա քաոսային ժխորներով երանիներս կան …
Երանիներուս մէջ վիշտը, կարօտը եւ երազներս կան:
ԼԱՐԱ ԱՐԹԻՆPièces jointes_201524
Սեպտեմբեր 16. 2014