ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Thursday, January 29, 2015 14:50 - չքննարկված
Փարիզի Փողոցներէն Մին Վերակոչուեցաւ Զապէլ Եսայեանի Անունով
Ֆրանսա- Պոլիս հրապարակուող «Ժամանակ» օրաթերթէն վերահասու կը դառնանք,որ անցնող շաբաթավերջին Փարիզի արուարձաններէն Վիրոֆլէ քաղաքի արահետներէն մէկը կոչուեցաւ արեւմտահայ արձակագիր Զապէլ Եսայեանի անունով։Սոյն հանդիսութեան ներկայ եղած Շավիլի հոգեւոր հովիւ Տ. Գուրգէն Վրդ. Աղապապեան, հայ նախկին ռազմիկներու միութեան նախագահ Անթուան Պաղտիկեան եւ այլք, զանազան տեղերէ փութացած շուրջ հարիւր հոգինոց բազմութիւն մը։ Այս առթիւ խօսք առաւ Վիրոֆլէի քաղաքապետ Օլիվիէ Լիպրէն, որ կարճ եւ դրուատալից կերպով ներկայացնելէ ետք Զապէլ Եսայեանի տիպարը, բացատրեց, թէ քաղաքապետարանի այս նախաձեռնութիւնը գրեթէ հետեւանք է դիպուածի մը։ Արդարեւ, իր խորհրդականներէն Քրիստին Քարօ (ծնեալ Մանուկեան, որու հայրը հայ է), շրջանի բնակիչ հայ պրպտողներու ալ օգնութեամբ յայտնաբերած է, որ Զապէլ Եսայեան առնուազն վեց տարի, 1923-1929 թուականներու միջեւ ապրած է Վիրոֆլէի Լա Մարթին փողոցի թիւ 8 տունը (ներկայիս՝ թիւ 12), որ այսօր իր անունը կրող արահետին յարակից է։ Հոսկէ ալ ծնունդ առած է այս ծրագրին յղացումը։ Քաղաքապետը նաեւ դիտել տուաւ, որ ամբողջ Ֆրանսայի մէջ կիներու անուններ կրող փողոցները կը կազմեն ընդհանուրին հազիւ վեց տոկոսը եւ այս առումով ալ յատկանշական է այս երեւոյթը։ Հուսկ՝ ան նշեց, որ 2015-ը ունի յատուկ նշանակութիւն մը՝ կը նշուի Մեծ եղեռնի 100-ամեակը, եւ այդ առթիւ ողջունեց ներկայութիւնը 100-ամեակի նախաձեռնարկ յանձնաժողովի շրջանի պատասխանատու Հրայր Հրաչեանի, որու «Հայ մշակոյթի 101 դէմքեր» հատորը կարեւոր դեր խաղացած է այս նախաձեռնութեան յղացման մէջ։ Կարճ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Քրիստին Քարօ, որմէ ետք ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ կատարուեցաւ քօղազերծումը՝ արահետի ցուցատախտակին, ուր կը կարդացուի հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Զապէլ Եսայեան 1878-1943, հայ գրագիտուհի, ապրեցաւ Լա Մարթին փողոց, թիւ 12 հասցէին»։Ապա ներկաները հրաւիրուեցան քաղաքապետարան, ունկնդրելու համար Զապէլ Եսայեանի նուիրուած դասախօսութեան մը՝ պատմաբան ԻՆԱԼՔՕ-ի դասախօս Փրոֆ. Տքթ. Լեւոն Քէչէեանի կողմէ։ Ծայրէ ծայր լեցուն սրահին մէջ յարգելի դասախօսը աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ ներկայացուց Զապէլ Եսայեանի կեանքէն, գործունէութենէն, տխուր ճակատագրէն։ Սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ առիթն ունեցան զրուցելու իրարու կամ դասախօսին հետ, ինչպէս նաեւ գնելու Զապէլ Եսայեանի գիրքերէն։
http://www.lradou.com/