ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Thursday, January 29, 2015 14:35 - չքննարկված
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ …
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԵԿԱՒ ՏԱԿՆ ՈՒ ՎՐԱՅ ԸՆԵԼՈՒ, ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ Ի ՄԱՍՆԱՒՈՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ԿԵԱՆՔԸ, ՄԱՐԴՈՑ ՎԻՃԱԿԸ, ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ՔԱՆԴԵԼՈՒ ԵՒ ԱՒԵՐԱԿԻ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ ՏՆԱՇԷՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՆՄԵՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏՈՒՆԵՐԸ, ԳՈՐԾԱՏԵՂԻՆԵՐԸ ԵՒ ԽԱՆՈՒԹՆԵՐԸ, ՁԳԵԼՈՎ ՇԱՏԵՐԸ ԱՌԱՆՑ ԱՊԱՍՏԱՆԱՐԱՆԻ, ԶՐԿԵԼՈՎ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԵԿԱՄՈՒՏԷ, ԱՊՐՈՒՍՏԻ ԱՂԲԻՒՐԷՆ, ԱՆՈՆՑ ՄԵԾ ՄԱՍԸ ՄՆԱՑ ԱՆՏԷՐ, ԱՌԻԹ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐԸ ՓԱԽՈՒՍՏ ՏԱԼՈՎ ՀԵՌԱՑԱՆ ՔԱՂԱՔԷՆ, ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԸ ՎՏԱՆԳ Է ԵՒ ՄԱՀ Է, ՊԱՅԾԱՌ ԵՒ ԽԱՂԱՂ ԱՊԱԳԱՅ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՐԵՆՑ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԹՈՌՆԻԿՆԵՐՈՒՆ:
ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ՄԱՍԸ, ՈՐ ՄԵԾ ՅՈՅՍԵՐ ԴՐԱԾ ԷՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԻՆ ՎՐԱՅ, ՎՍՏԱՀԵԼՈՎ ՈՐ ԻՐԵՆՑ ՓՐԿԱՐԱՐԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ, ԵՐԲ ՏԵՍԱ Ւ ՈՐ ՈՐԵՒԷ ՕԳՈՒՏ ՉԿԱՅ , ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԱԾ ԵՒ ՃԱՐԸ ՀԱՏԱԾ, ԴԻՄԵՑ ԱՅԼ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ. ՄԷԿ ՄԱՍԸ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ ԻՍԿ ՄԻՒՍՆԵՐԸ ԳԱՆԱՏԱ: ՕՐԵՐԸ ԵԿԱՆ ՓԱՍՏԵԼՈՒ ԹԷ ԱՆՈՆՔ ՀՈԳԱՏԱՐ ԵՂԱՆ ՈՐՈՇ ՈՒՇԱՑՈՒՄԷ ԵՏՔ, ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿԵՐՊՈՎ ՓՈԽԱԴՐԵԼՈՎ ԱՅՆ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐԸ ՈՐՈՆՔ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԷԻՆ:
ՃԻՇԴ Է ՈՐ ԱՆՈՆՑ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ԿԵՐՊԸ ՇԱՏ ՍՈՒՂ ԱՐԺԵՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՐԱՅ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՊԱՐՏԱԴՐԵՑԻՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԵՐԿՐԷՆ ՈՐՊԷՍԶԻ ԳՈՐԾԱԴՐԵՆ ԻՐԵՆՑ ԾՐԱԳԻՐԸ, ՈՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՄԱՐԴԻԿ ՀԵՌԱՑԱՆ ՔԱՂԱՔԷՆ ԵՒ ԵՐԿՐԷՆ ԳԱՑԻՆ ԱՊԱՍՏԱՆԵԼՈՎ ԴՐԱՑԻ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ, ԱՊՐԵՑԱՆ ՇԱՏ ԾԱՆՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: ՄԱՆԱՒԱՆԴ ՈՐ ԱՆՈՆՔ ԵԿԱՄՈՒՏԻ ԱՂԲԻՒՐ ՉՈՒՆԷԻՆ ԱՅԴՏԵՂ: ՍԿԻԶԲԸ ԱՆՈՆՔ ՇԱՏ «ՊԱՂ» ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ ՈՒՆԵՑԱԾ ԷԻՆ ԱՅՍ ԾՐԱԳՐԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԿԱՐԾԵԼՈՎ ԹԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԸ ՄԻ ՔԱՆԻ ԱՄԻՍՆԵՐԷՆ ԿՐՆԱՅ ԱՒԱՐՏԻԼ ԲԱՅՑ ԵՂԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵԿԱՆ ՓԱՍՏԵԼՈՒ ԹԷ ՀԱՐՑԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԴԱՑԱՆ ԵՒ ԵՐԲ ՍԿՍԱՒ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՍՊԱՆԴԸ: ՀԱՐՑԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ԲՆՈՅԹ, ՈՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԱՆՈՆՔ ՍԿՍԱՆ ՇԱՏ ԱՐԱԳ ԿԵՐՊՈՎ ԱՇԽԱՏԻԼ ԵՒ ՀԵՌԱՑՆԵԼ ԴԻՄՈՂՆԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎ ԵՐԿԻՐՆԵՐ, ՊԱՐԱԳԱՅ ՄԸ ՈՐ ԽՈՒՃԱՊԻ ՄԱՏՆԵՑ ԴԻՄՈՂՆԵՐԸ ԵՒ ԹԷ ՀԻՒՐՆԿԱԼՈՂ ԵՐԿԻՐԸ:
ՀԻՄԱ ՈՐ ԲԱՒԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՆ ԱՊԱՀՈՎ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԵՒ ԵՐԱԶԱՆՔՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՈՒԻԼ, ԵՐԲ ԱՅԴ ԱՆՏԷՐ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐԸ ԳԱՑԻՆ ԱՊԱՍՏԱՆ ԳՏԱՆ ՕՏԱՐ ԱՓԵՐՈՒ ՄԷՋ, ՅԱՆԿԱՐԾ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈԳԻՆ ԱՐԹՆՑԱՒ ՇԱՏԵՐՈՒՆ ՄՕՏ, ՈՐՈՆՔ ԱՄԷՆԷՆ ԱԺԱՆ ԵՒ ՀԱՍԱՐԱԿ ԿԵՐՊԵՐՈՎ, ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԵՆ ԳԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ԵՒ Ի ՄԱՍՆԱՒՈՐԻ ՏԱՆՈՂ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԼՈՎ ԻՐԵՆՑ՝ ԻԲՐԵՒ ԹԷ ԿԸ ՊԱՐՊԵՆ ՀԱԼԷՊԸ, ԳԱՂՈՒԹԸ: ԱՐԴԵՕ՞Ք ԱՅԴ ՄԱՐԴԻԿԸ ՊԷՏՔ ԷՐ ՈՐ ՄՆԱՅԻՆ ԻԲՐԵՒ ՊԱՀԱԿ …:
Ի՞ՆՉՈՒ ԿԸ ԽՈՒՍԱՓԻՆՔ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԱՏՆԱՆՇԵԼԷ ԵՒ ՄԱՏՈՎ ՑՈՅՑ ՏԱԼ ԵՂԱԾ ՍԽԱԼՆԵՐԸ, Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ ԷՐ ԸՆԷԻՆ ՄԷՋՏԵՂ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐԸ, ԵՐԲ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԿՌՆԱԿ ԴԱՐՁՈՒՑ ԵՒ ՈՉ ՄԷԿ ԿԵՐՊՈՎ ՉՈՒԶԵՑ ՆԵՑՈՒԿ ԿԱՆԳՆԻԼ ԱՅԴ ՄԱՐԴՈՑ, ԱՐԴԵՕՔ ՊԷՏՔ Է՞Ր ՄՆԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿԵՐՊՈՎ ՀՐԱՍԱՆԴՆԵՐՈՒ ՀԱՐՈՒԱԾԻՆ ՏԱԿ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԷԻ՞Ն, ԵՐԲ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԷԻՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉ, Ի՞ՆՉՊԷՍ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷԻՆ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԸ ԵՐԲ ՆԵՑՈՒԿ ԿԱՆԳՆՈՂ ՉԿԱՐ, ԵՐԲ ԻՐԵՆՑ ԵՐԱԶԱՆՔԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՐԵՆՑ ԲԱՑԱՅԱՅՏՕՐԷՆ ԻՐ ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ ԲԱՑԱՏՐԵՑ՝ «ԱՐԻ ՏՈՒՆ, ՊԱՅՄԱՆԱՒ ՈՒՆԵՆԱՍ ՊԱՅՈՒՍԱԿ ՄԸ ԼԵՑՈՒՆ ՄԻԼԻՈՆՆԵՐ, ԱՅԼԱՊԷՍ ՄՆԱՅ՝ ԵՂԱԾ ՏԵՂԴ»:
Ի՞ՆՉՈՒ ՆՍՏԱԾ ԷՔ ԿԱՅՊԱՆԷՔ ԱՅԴ ՄԱՐԴԻԿԸ ԵՐԲ ԵՐԿՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐ ՉՈՒՆԷԻՆ, Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ ԷՐ ԸԼԼԱՐ ԱՆՈՆՑ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ԵՐԲ ՏԵՍԱՆ ՓՐԿԱՐԱՐ ՁԵՌՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԻՐԵՆՑ: ԱՆՈՆՔ ՆՄԱՆԱԾ ԷԻՆ ԱՅՆ ՄԱՐԴՈՑ ՈՐՈՆՑ ՆԱՒԸ ԸՆԿՂՄԵԼՈՒ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ ԷՐ, ԵԹԷ ՆՈՅՆԻՍԿ ՇԱՆԱՁՈՒԿ ԱԼ ՀԱՆԴԻՊԵՐ ՊԻՏԻ ՆՍՏԷԻՆ ՎՐԱՆ ԵՒ ԾՈՎԱՓ ՀԱՍՆԵԼ ՓՈՐՁԷԻՆ, ՈՒՐ ՄՆԱՑ ԵԹԷ ԱՅԴ ՓՐԿԱՐԱՐԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՄԻ ԸԼԼԱՐ:
ԵՐԱ՜ՆԻ, ԿՐԱԿԸ ԾԱՅՐ ՏՈՒԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ԲՈԼՈՐ ԱՆՈՆՔ ՈՐՈՆՔ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԷԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՀԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ Ի ՄԱՍՆԱՒՈՐԱՊԷՍ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹՈՎ, ՔՈՎ ՔՈՎԻ ԳԱԼՈՎ ՓՐԿԱՐԱՐ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾԷԻՆ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԿԱՐԿՏԱՆ ԿԵՐՊՈՎ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ ՏԱՅԻՆ:
ՅԻՇԵՑՆԵՆՔ ՈՐ ԱՅՍ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՌԻԹՆ ԷՐ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՁԵՌՔ ԵՐԿԱՐԵԼՈՒ ԵՒ ՀՍԿԱՅ ԳԱՂՈՒԹ ՄԸ ՓՐԿԵԼՈՒ, ՈՐ ԵԹԷ ՆԱԽԱՁԵՐՆ ԷՐ ՈՉ ՄԷԿԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՐ ԴԷՄ ԿԵՆԱԼ ԿԱՄ ՔՆՆԱԴԱՏԷՐ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՇԱՐԺԱՌԻԹԸ ՈՒՆԷՐ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՄԸ ԻՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ՓՐԿԷՐ ՈՉՆՉԱՑՈՒՄ Է, ՄԱՀՈՒԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ Է:
ԱՓՍՈ՜Ս ՈՐ ԱՅՍ ՈՍԿԻԱ ԵՒ ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ԱՌԻԹԸ ՄԻՇՏ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՈՒՆԵՆԱԼ, ԱՆՈՆՔ ՈՐ ՀՍԿԱՅԱԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ՏԱՐԻՆ ԱՅՍ ԾՐԱԳԻՐԸ ՁԱԽՈՂԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՝ ՎԱՐՁՔԵՐՆԻՆ ԿԱՏԱՐ, ԱՊՐԻՆ, ԲԱՅՑ ՎՍՏԱՀ ԹՈՂ ԸԼԼԱՆ ՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՈՎ ՊԻՏԻ ՅԻՇԷ ԱՅՍ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:
ԿԱՆԹԵՂ
10 Յունուար. 2015