ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Thursday, October 16, 2014 19:32 - չքննարկված
Ի՞նչու Չօգտատործել Հայ Անուանիներուն Ծանուցելու՝ Ի նպաստ Հայաստանի…
Տարիներ է իվեր, օրական գրութիւններ կը կարդանք Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող էլէքդրոնային լրատու կայքերուն մէջ տեղ գտած ծանուցումներ աշխարահռչակ աստղերու մասին, որոնք հայկական ծագում ունին: Այդ աստեղերը տեղ կը գտնեն ընդհանրպէս անհեթեթ եւ երբեմնի հազուագոյտ կենսական լուռերով, պարզապէս ընթերցողներու թիւերը աւելցնելու նպատակով, որովհետեւ աշխարահռչակ են:
Եթէ օտարներ հետեւին, Հայաստանէն սփռուող արբանեակներու միջոցաւ հեռատեսիլի հայկական ծրագիրներու ծանուցումներուն, պիտի կարծեն թէ Հայաստանը երկիր մըն է, որ կարտադրէ եւ ունի՝ միայն «Քոնեակ», գինի կամ «վոտքա», անոնց համար գումարներ ծախսելով գալու եւ պտըտելու կարիքը չունի, որովհետեւ ամէն երկիր ունի իր սեբական արտադրութիւնը:
Պատասխանատուները կը կարծեն թէ՝ ինչպէս որ Ռուս զբօսաշրջիկները կամ յատուկ համագումարներ կազմակերպողները Երեւան կուգան, պարզապէս խմելու համար որովհետեւ ալքոհոլային խմիջքները աժան են իրենց երկիրներէն աւելի, կամ Պարսկաստանէն կուգան իրենց արձակուրդները անցնելու Երեւանի մէջ, այդ 15 կամ 21 օրերու ընթացքին կ՛օգտագործեն քաղաքացիին օգտագործածին տասը անգամը որովհետեւ իրենց երկրէն ներս արգիլուած է:
Մէկ խօսքով բոլորին կարծիքը այդ է թէ Հայաստանը իրենց համար՝ «մեծ գինետուն է»: Ո՞րքանով հպարտանալիք երեւոյթ է:
Կ՛ուզենք հարց տալ՝ մեր Երկիրը այդպիսի՞ն է, չունի՞նք մեր պատմութիւնը ցոյց տուող հնութիւններ, գիրք, գրականութիւն, մագաղաթներ, ջարդի թանգարան, պատմական թանգարան, ի՞նչու չօգտագործենք այդ բոլորը ցոյց տալու համար արար աշխարհին թէ՝ Ո՞վ է Հայ Ազգը, ի՞նչ է իր պատմութիւնը, մշակոյթը, անցեալի Թագաւորութիւնները: ի՞նչու չօգտագործենք այս բոլորը զօրացնելու համար զբօսաշրջիկութեան արշաւանքը դէպի Հայաստան:
Ի՞նչու չօգտագործենք հայկական արմատ ունեցող, հռչակաւոր աստեղերուն համբաւը եւ ժողովրդականութիւնը, ի սպաս Հայրենիքի վերելքին:
Անոնց միջոցաւ ծանուցումներ կարելի է պատրաստել ի նպաստ Հայաստանի, ծանօթացնելով բոլորին Մեր Երկիրը, Հայ Ազգի պատմութիւնը, Քրիստոնեական պատմական հնութիւնները, վերջի վերջոյ մենք ճանչուած ենք իբրեւ առաջին պետութիւնը որ ընդունեց Քրիստոնէութիւնը, բնութիւնը, օգտագործելով բոլոր տեսակի ծանուցման կերպերը, ի մասնաւորի սփրուելու արբանեակներու միջոցաւ սբրուող հեռատեսիլի ծրագիրները, որոնք ամէնա շատ դիտուած եւ հետեւողներ ունեցող ալիքներէն կը նկատուին, օրինակի համար՝ (Euro-News) Իւրօ-Նիւզը, որպէսզի հետեւողներուն մէջ հետաքրքրութիւնը արթննայ եւ ցանկութիւնը ունենան երթալու եւ տեսնելու Հայաստանը, տեսնեն անոր գեղեցիկ բնութիւնը եւ պատմական արժանիքները:
Այս արարքը կրնայ մեծապէս քաջալերել դէպի Հայաստան զբօսաշրջիկութիւնը, որու պատճառով մեծ թիւով մարդիկ կրնան գալ եւ հսկայական գումարներ մուտք գործեն երկրի տնտեսականի սնտուկէն ներս: Նոյնիսկ կրնայ ըլլալ որ մտածեն իրենց գումարները շահագործել մեր երկրին մէջ:
Երկար ամիսներ է իվեր, Ատրպէճանը Ֆրանսացի դերասաններու դիմելով կը ծանուցէ եւ գովաստ կը տարածէ իր չունեցած՝ հնութեան, բնութիւնը, ճաշերը, մշակոյթի եւ երկրի գեղեցկութիւնը:
Մենք ի՞նչով նուազենք, որպէսզի չի ձեռնարկենք այսպիսի ծրագրուած աշխատանքի մը եւ յաջողինք, մանաւանդ որ մենք ունինք բոլոր դրական տուեալները այդ ամէնը իրականացնելու:
Ունինք աշխարահռչակ աստղեր զանազան մարզերու մէջ, ունինք Պետութիւն եւ Նախարարութիւններ, որոնք կրնան մատակարարել, հովանաւորել եւ պաշտպան ըլլալ այսպիսի կենսական և օգտաշատ ձեռնարկի մը, որուն դրական անդրադարձէն պիտի օգտուին բոլորն ալ սկսելով՝ Պետութենէն, հասնելով մինջեւ ամէնա փոքր զարդեղեններ վաճառողները:
Այսպիսի ծրագրի մը այդ «օլիկարխները» իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել եւ նպաստեն ձեռնարկին, երկրի տնտեսական վերելքին: Թերեւս այսպիսի նախաձեռնութիւն մը իրենց կողմէ, պատճառ ըլլայ, որպէսզի ժողովուրդի դերքորոշումը սկսի փոփոխութեան ենթարկուիլ, մանաւանդ եթէ անոր յաջորդէ ներքին հսկայական շինիչ ձեռնարկներ, աշխատանք եւ եկամուտ ապահովելով հսկայական զանգուածի մը:
Եթէ այսպիսի առիթներ եւ երեւոյթներ չօգտագործենք ի նպաստ մեր Հայրենիքին ապա մենք լրիւ աղաղաուած սկզբունքներով Ազգ պիտի յայտնուինք արար աշխարհքին:
Այսինքն մենք պարզապէս կրնանք հպարտանալ մեր աշխարահռչակ մերկապարուհիներով եւ կիսաամերկ «Շօյի» աստղերով, մոռացութեան ենթարկելով մեր պատմական արժանիքները, հնութիւնները, թագաւորական եւ Քրիստոնեական հին կառոյցները:
Հարցական մը կը ծագի մեր մտքերուն մէջ, այդ «օլիկարխներուն» ներկայոււթիւնը եւ ունեցուածքը, ի՞նչու համար է, եթէ պիտի չօգնեն իրենց Երկրին եւ Ազգին, ապա ուրեմն լաւ կ՛ըլլայ որ իրենք իրենց եւ ինչքերուն եւ կալուածներուն վրայ պէնզին թափելով այրին, նուազագոյնը կ՛ազատինք այդ ախտերէն եւ վերջնականապէս կը հեռացնենք անոնց նմանները մեր երկրէն, առողջ պահելով երկիրը՝ հիւանդագին երեւոյթներ է, որովհետեւ այդպիսիներուն վրայ յոյսեր կապելը անիմաստ պիտի ըլլայ, անոնք մինչեւ օրս Երկրին եւ Ազգին վերելքին նպաստելու առիթներ չեն ստեղծած հետ այսու ալ երբ արդէն աչքերնին շլացած է դրամներէն, արդէն այդ մէկը անհնար է որ կատարուի:
Ա՜լ կը բաւէ, թող դրական քայլ մը տեսնենք՝ պատասխանատուներէն կամ այդպիսի խմբակներէն, որովհետեւ դանակը հասեր է ՈՍԿՈՐԻՆ, եթէ դրական կայլ մը չառնեն, կամ իրենք զիրենք պիտի մաքրեն եւ կամ ալ ժողովուրդի ձեռքով դաժանաբար պիտի մաքրուին: Ընտրանքը իրենց է:
Ներկայ դարը կը պահանջէ օրուայ հետ քայլ պահել եւ միշտ մնալ վազքի մէջ, որպէսզի փաստենք մենք զմեզ եւ վստահութիւնը շահինք օտար երկիրներուն, այլապես վերջին «վակոնին» մէջ իսկ, տեղ չենք կրնար ունենալ:
ԿԱՆԹԵՂ