ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Tuesday, September 23, 2014 9:31 - չքննարկված
ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ….
Զարմանքով կը նայինք ներկայիս մենք մեզի, արդիւոք մեզի սխալ դաստիարակեցի՞ն, կաթէն առաջ Հայրենիքի Սէրով սնանեցի՞ն, անցեալի փառքերու եւ թագաւորութիւն ներուն դրական բաժիններու մասին խօսեցան, կրթեցին Հայ-Քրոստոնեայ իտիալական եւ բարոյականութիւն շունջով եւ յանկարծ մենք զմեզ գտանք գազաններով շրջապատուած, շուարած մնացինք անտառին մէջ, ին՞չ պէտք է ընենք որպէսզի ձեռբազատուինք այդ գիշատիջներէն:
Ճիշդ է որ կան լուծումներ, հիմնականը՝ մէկզմէկու հանդէպ Սէր ու Յարգանք մատուցենք, հասկցող վերաբուրմունք ունենանք արդէն կը շրջենք Միակամ մէկ Բռունցք, Ա՜յ՛ այդ ժամանակ կարիքը չենք ունենար ետեւ նայելու ոչ ալ մէկու մը հաշուարկ տալու, մենք մեր ուժերով կրնանք յաղթահարել ամէն դժուարութիւնները: Բայց ցաւի սիրտ, տակաւին կը շարունակենք մնալ պառակտուած, բզիկ բզիկ վիճակի մէջ, որովհետեւ այդ մէկը «մեծերուն» հաշուոյն կու գայ:
Արդիւոք եր՞բ պիտի արթննանք թմբիրէն:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ազգեր իրենց գոյատեւման ճանապարհին հիմնական զէնք կը գործածեն իրենց ՄՇԱԿՈՅԹԸ իր բոլոր ճիւղաւորումներով սկսելով լեզուէն, ազգային համամարդկային դաստիարակութենէն, իրենց ընկերային կառոյցները հզորացնելով պայքարած են եւ շարունակած իրենց ճանապարհը ՅԱՂԹԱԿԱՆ:
Ներկայիս այդ հիմունքները աղաղաուած եւ խեղաթիւրուած են շնորհիւ շատ մը «ԲԱՐԻ» խմբակներու եւ աղանդներու «ԲԱՐԻ» մոլորեցուցիչ աշխատանքներուն որոնց հիմնական նպատակն է արմատէն քանդել հիմնովին կործանել մարդկային փոխ-յարաբերական հիմունքները: Վերացնելու պատկանելիութեան զգացումը եւ պարտաւորութիւնները, որոնց արդիւնքները հստակօրէն սկսած է ծիլ տալ աշխարհի բոլոր մարդոց եւ յատկապես նոր սերունդներուն մէջ:
Անոնք կ՛առաջնորդուին այնպիսի մարդոց միջոցաւ որոնք զանազան կերպերով շլացուցած են երիտասարդներուն աղաւաղեկելով անոնց հիմնական սկզբունքները եւ այնպէս կերպով համոզած են անոնց որ այլեւս մտած են այլամերժութեան մթնոլորտին մէջ, այլեւս չէ մնացել՝ մեծերու հանդէպ յարգանք, ձեռք երկարողներուն նկատմամբ անարգանք, Շնորհակալութիւն ըսուած բառը վերացեր է իրենց բառարաններուն մէջ են: Իրենց հադէպ ցուցաբերուած յարգանքը, օգնութիւնը եւ գնահատանքը կը կարծեն թէ դիմացինը պարտաւոր է կատարելու:
Ցաւալի վիճակի մէջ յայտնուած ենք՝ եթէ նուիրատուին անունը չյայտարարուի ուրախ կամ տխուր առիթով, ան կը զլանայ իր լուման, որովհետեւ այդ պարագային ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԻԼ չկայ եւ ոչ մէկն ալ պիտի լսէ կամ իմանա թէ այսինչը այսքան նուիրատութիւն կատարած է:
Մարդիկ դատարկուեր են ազգային գիտակցութեան եւ պարտաւորութիւններու զգացումներ էն:
ԿԱՆԹԵՂ