ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Tuesday, September 23, 2014 9:33 - չքննարկված

Հալէպի օրագրութիւնը…

Չորեքշաբթի, Օգոստոսի 28, 2013, առաւօտեան ժամը 4:30
Անցնող Շաբաթ օրուընէ ի վեր, Հալէպի արգելափակուած շրջանի բնակչութիւնը կ՛ապրի ահաւոր տագնապ: Հակառակորդները արգիլած են մուտքը,ամէն տեսակի ուտեստեղէնի՝ միս, պտուղ, կանաչեղէն, բուսական ամէն տեսակի ուտելիքներ, բանջարեղէններ, կաթնամթերքներ, մէկ խօսքով այն ինչ որ կուգար Հալէպի ժողովուրդին, որովհետեւ բոլոր ճամբաներն ալ հակառակորդներուն հակակշռին տակ են: Յիշեալներուն վրայ կաւելնա ամէնա կենսականը որը ՀԱՑՆ է, որովհետեւ ալիւր չկայ:
Մարդիկ ելեքդրականութեան կայունութեան վրայ կասկածելով, եւ սառնարաններուն իբրեւ պահարան վերածուելուն պատճառով՝ կը վախնան ուտեստեղենի փճացումէն, այդ պատճառաւ օրուայ բաւածին չափով վերցուցած էին շուկայէն եւ հիմա շատ մը տուներ հաց չունին, անէլ կացութեան մատնուած են մանաւանդ անոնք որոնք երեխաներ ունին:
Հաց չկայ, որովհետեւ ալիւրի տագնապ կայ: 4 միլիոն բնակչութեան (Պետութեան հակակշռի շրջան) համար միայն 2-3 պետական փուռեր կան որոնք կ՛աշխատին, գնելու համար պայման է՝ 6-8 ժամ կարգի պէտք է սպասէլ:
Կարծես կը մարզուինք մեզի սպասող ապագայի անակնկալ օրերուն: Մեր մտահոգութիւնը չի սահմանուիր միայն կազի, պէնզինի և երլեքտրականութեան չգոյութեամբ, պէտք է ուտելիքի չգոյութեան ալ վարժուինք այս տագնապալի օրերուն:
Ուրիշ կարեւոր հարց մը կայ, որպէսզի ժողովուրդը իր ուղեղը չի յոգնեցնէ քաղաքականութեամբ, աւելի լաւ է տան հարցերով զբաղուի ամէն օր երթալով տեղ մը կարգի կենայ և սպասէ, եւ տունին պէտքերը՝ առարկաներ, ուտելիք, սննդեղէն, կազ և հաց ապահովելու մասին մտածէ: Մնացեալը արդէն պետութիւնը լռիւ կը հոգայ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29. 2013-ին՝

Երեկոյեան անջատուեցաւ Հալէպի բոլոր ցանցերու կապերու ՝ նէթի, հեռաձայնի, պետական և բջիջային, արտաքին եւ ներքին: Մէկ խօսքով Հալէպը մէկուսացաւ, անջատուած մոլորակի նման եւ աւելի ճնշուած և տագնապալի վիճակի մէջ յայտնուեցաւ:

Հազիւ ամբողջացուցած 15 օրերը պարբերաբար եւ դանդաղօրէն սկսան վերստին միանալ միայն ներքին հեռաձայնային կապերը, արտաքին և նէթի հապերը մնացին սառած վիճակի մէջ:

Այս տհաճ վիճակին միացաւ ելեքտրական հոսանքի անջատումը, որ սկսաւ Սեպտեմբերի 13-ին Ուրբաթ երեկոյեան , քաղաքը ինկաւ մթութեան մէջ: Ժողովուրդը անգամ մը եւս ստիպուեցաւ ձեռբազատուիլ ձմռան համար իբրեւ պահեստի պաշար պահ վերցուցած սննդեղեններէն, որովհետեւ բոլորն ալ փճացան սառնարաններուն աշխատանք է դադրելուն հետեւանքով:

Այս ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ չնախատեսուած նիւթական կորուստի ենթարկուեցաւ Հալէպի բնակչութիւնը, թէեւ անցեալ ձմռան այսպիսի մեծ հարուած մը ստացած էր, բայց կը հաւատար որ ելեկտրական ընկերութիւնը հարցը հիմնովին պիտի լուծեր եւ նոյն ապտակը անգամ մը եւս չէր կրկնուեր, միշտ մնալով լաւատես հոգեվիճակի մէջ, բայց ափսոս որ մէկ տարի է իվեր բոլոր ժխտական առարքները կը կրկնուին պատին զարնելով բոլոր մարդկային իրաւունքները, կարգ ու կանոնները եւ օրենքները…

Հալէպը որ աչքի լոյսն էր իշխանութեան եւ «կթան կովը» միւս «մեծերուն» ստացաւ անտեսուած խղճալի վիճակ, զրկուած կեանքի ամէնապարզ իրաւունքներէն:

Ամէնակարեւոր այն է, որ անցնող մէկ տարուայ ընթացքին շատերու դիմակները վար ինկան եւ իսկական դէմքերը յայտնաբերուեցան, ինչպէս նաեւ ուրիշներու գոյներուն կեղծ ըլլալն ալ հստակացաւ:

Անկասկած՝ օրմը պատմութիւնը պիտի արձանագրէ ճշմարտութիւնները և իսկական եղելութիւնները, բայց անոնք բոլորը պիտի մնան պատմութեան արխիւներուն մէջ, որովհետեւ մենք մինջեւ հիմա չ՛ունեցանք եւ ըստ երեւոյթին տակաւին շատ կ՛ուզենք, որպէսզի հասնինք քաղաքական հասունութեան և փորձառութեան, գիտակցելու թէ՝ ի՞նչու պէտք է հեռատես ըլլանք, ի՞նչպէս պէտք է վերաբերինք ճքնաժամային եղելութիւններուն եւ պահերուն, որպէսզի մնանք հաւասարակշռուած և դրական կեցուածքի մէջ բոլորին հետ, մնալով միշտ պետութեան կողքին եւ անոր հովանիին ներքեւ աշխատիլ, պայմանաւ վառ պահենք գաղութին ապահովութիւնը եւ շահերը:

Ճիշդ է որ տարիներու ընթացքին Հայերս միշտ փաստեցինք մեր օրինակելի եւ հաւատարիմ քաղաքացի ըլլալը, բայց այդ արժանիքները եւ տուեալները պահպանելու համար պէտք մնանք հեռատես եւ դիւանագէտ, որպէսզի մնանք մեր բարձունքին վրայ:

Շատ հստակ է որ Հալէպի ժողովուրդին վերաբերմունքը և փոխյարաբերութիւնը պիտի փոխուի բոլորին հետ երբ նորէն խաղաղութեան աղաւնին տեսնուի երկնքին մէջ:

Նախանձելի եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ կ՛ապրի Հալէպ քաղաքի արեւմտեան շրջանին մէջ ապրող պաշարուած շրջանի բնակչութիւնը, որոնք պետութեան հակակշռին տակ են, յայտագիրը ճոխ է եւ շարունակական:

Սեպտեմբերի վերջին շաբթուայ լուրերուն համաձայն, ամիսներ առաջ արեւանքուած Հայ երետասարդները ազատ արձակուած են մեծ գումարներ վճառելէ ետք, իբրեւ փրկագին, որովհետեւ իրենց «հիւրնկալողները» շատ լաւ տեղեակ էին ամէն մէկուն նիւթական վիճակի մասին և անոր լոյսին տակ որոշած էին «սակերը»:

Երանի այս բոլոր տխուր եղելութիւնները իբրեւ դաս ծառայեն մեզի, որպէսզի «տխմար» մարդիկ ցուցամոլութիւններէն հեռու մնան, հանրային և ժողովրդային հաւաքավայրերուն մէջ, մնան զուսպ և ուշադիր, աչքի փուշ չի դառնալու օտարներուն եւ որսը շահատուրքի պաշտոնեաններուն, որպէսզի վերջը, անոնց ձեռք ոտք համբուրելու արարքին մէջ չի գտնուին, լաց ու կոծով կոկորդիլոսի արցունքներ թափելու պարտաւորութեան տակ չի մնան::
Այսպիսի անպատասխանատու արարքներուն եւ շարժումներուն պտուղը քաղեցինք անցնող մէկ տարուայ ընթացքին:

Ալ կը բաւէ, արթնցէ՛ք, ա՜յ քնացածներ, մեր ամէն մէկ քայլը նկատի կ՛առնուի եւ հաշուած է: Իսկ երբ հարցեր կը ծագին այդ զանգուածը փախուստ տալով կրակի մէջ կը ձգէ մնացող միջակ եւ պարկեշտ, պատուախնդիր ու անմեղ դասակարգը, որոնք կռուախնձոր կ՛ըլլան բոլոր մեզ չմարսողներուն:

Մնանք կանքուն և անսասան, սպասենք վաղուայ արշալոյսը, թէրեւ՝ խաղաղութիւն պարգեւ է բոլորիս:

ԿԱՆԹԵՂ

Հալէպ. Սեպտեմբեր 30. 2013



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ