ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Friday, September 19, 2014 23:08 - չքննարկված
Սիրիահայ երիտասարդների մտորումները.Լարա Արթին
Անծանօթը: Բարեւ…Ազատութեան ճանապարհի գիրքը ունի՞ք…
Գրեթէ ընթերցողը մէկ ամսուայ մէջ քանի մը անգամ գիրքը գտնալու յոյսով կուգար-կ՛երթար եւ չէր գտնուէր Աւետիս Ահարոնեանին գիրքը:
Վերջին անգամ….
Անծանօթը: Բարեւ… Ազատութեան ճանապարհի գիրքը գտնուեցաւ
Ես: Ո՛չ, բայց եթէ ուզէք ուրիշ ճանապարհներ կան…….
Այո, ուրիշ ճանապարհներ կան ազատութենէն զատ կը մտաբերէի: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ եւ վերջին մի քանի տարիներուն ընթացքին ազատութեան սկզբունքները հիմնովին փոխուեցան:
Հին ազատութիւնը արեւին լոյսին եւ ջերմութեան դակ վայլել էր, բարի օր եւ հանդարտ կեանք էր:
Նոր ազատութիւնը մարդակերպ գազաններ իրենց բռնատիրութեամբ ազգեր եւ պետութիւններ կը կործանեն, երկիրները աւերակոյդերու կը վերածեն:
Մէկ բառով ազատութեամ իմաստը կը փոխուի փառասէր եւ աշխարհակործան հրէշակերպ անձերու կողմէ:
Ինչ որ լոյսն է աչքերուն, օդն է եւ թթուածինն է թոքերուն, նոյնն է ազատութիւնը հոգիին համար:Առանց ազատութեան ուղեղը գերեզման մըն է, ուր գաղափարները չյղանալէն կը մեռնին: Առանց ազատութեան գրիչը կը ժանգոտի, մարդ էակը կը ոչնչանայ :
Ո՞վ անծանօթ ես սխալած էի…..ուրիշ ճանապարհներ չկան, քանի արդէն ազատութեան ճանապարհ չկայ:
ԱՆՈՒՆՆԵՐ …
ԼԱՐԱ ԱՐԹԻՆ
Անուններ կան, որոնք կարճ կամ երկար ժամանակամիջոցի մը մէջ, մեզի համար պարզ անուններ ըլլալէ կը դադրին. կը սկսինք գլխագիր գրել զանոնք: Բոլորս մեր յիշողութեան մէջ ունինք անուններ, որոնց մէկ մասը քանդակուած է մեր ուղեղին, իսկ միւսը` հոգիին ու սրտին մէջ: Անոնք մեզ յաճախ կը յիշեցնեն խնդրոյ առարկային վարուելակերպը, մարդկային յատկանիշները, երբեմն նաեւ փաղաքշանքներն ու խօսելակերպը…
Կան անուններ, որոնք մեծատառ չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ անոնց ետին թաքնուած կը գտնենք այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք տեւաբար բացասական մտածումներով կ՛առաջնորդուին ու դիմակներով կը ծպտուին, շողոքորթի «քաղցր» լեզուով ամէն միջոցի կը դիմեն` հասնելու համար իրենց նպատակին, թէկուզ մարդը գլորելով դէպի ձոր ու անդունդ, թէկուզ խոր վէրքեր ձգելով անոր հուգոյն ու սրտին մէջ. վէրքեր, որոնք դժուար թէ սպիանան տարիներու թաւալումին հետ: Մինչ լաւ տպաւորութիւն ձգող անունները դրոշմուած կը մնան մեր յիողութեան մէջ, ու ամէն անգամ որ յիշես զանոնք, տարբեր աշխարհ կը փոխադրուիս ու գողտրիկ ժպիտ մը կը դրոշմուի դէմքիդ վրայ:
Հի¬մա երազներս կը հարբեցնեն զիս… Անունները կը սկսին յաջորդաբար յայտնուիլ… Ինք¬զինքս կայարանի մը մէջ կը զգամ. անունները փոխադրակառքերն են, իսկ ես` դիտող մը, երազող մը:
Աչքերս լայնաբաց, մէկ ուղղութեամբ յառած կը փնտռեմ անուններ, որոնք միշտ ներկայ եղած են կողքիս:
Մտքիս մէջ անուններու յուշատետրս կը թերթատեմ, հեռու կ՛ուզեմ մնալ կսկիծ առթող անուններէ: Կ՛ուզեմ յիշել անուններ, որոնք դրախտային ուրախութիւն կը պարգեւեն հոգւոյս:
Յուշատետրս բաժնուած է երեք մասի.
Առաջին մասին մէջ յիշատակելի ընկերներ կան, որոնք հոգւոյս մէջ ջրանցք մը կը բանան, ու իրենց բացակայութեան` արցունքի շիթեր կը կաթկթին այդ ջրանցքին մէջ: Ժամանակի ընթացքին սակայն այդ ջրանցքը կը սկսի շոգիանալ ու չորնալ, թողելով միայն ան¬թառամ յիշատակը պանդխտացած ընկերներուս:
Երկ¬
րորդ մասին մէջ կան անուններ, որոնք յատուկ տեղ կը գրաւեն սրտիս մէջ: Անոնք զիս կը պարուրեն մօր անհուն սիրով, ընտանեկան ջերմութեամբ: Անոնց յիշատակին հետ սրտիս զարկերուն ձայնը կը լսուի, որովհետեւ անյագօրէն կը սիրեմ զիրենք:
Երրորդ մասին մէջ կան անուններ, որոնք սիրոյ օրինակներ են, ինքնաբերաբար կը յիշեմ զանոնք ու եթէ հնչելու ըլլամ` միտքս կը կապուի սրտիս, ու այս վերջինը շատ աւելի ուժգնօրէն կը սկսի բաբախել. պարզապէս կը սիրեմ այդ անունները` առանց գռեհիկ մտածումներու:
Կան անցողակի անուններ, որոնք երկնքի, կապարագոյն ամպերուն նման կ՛երթան, կու գան ու կը մթագնեն հոգիս, առանց դրական յիշատակ մը անգամ ձգելու:
Վերջ ի վերջոյ մարդկային եւ ընկերային փոխ յարաբերութեան մէջ կան լաւ կամ վատ տպաւորութիւն ձգող անհատներու անուններ. տակաւին կան անուններ ալ , որոնք իրենց անխոհեմ վերաբերմունքով անբուժելի սպիներ կը թողուն մեր մէջ:
ԼԱՐԱ ԱՐԹԻՆ