ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Saturday, August 16, 2014 23:42 - չքննարկված

Պարոն Սարգիսի Օրագրէն …

Պարոն Սարգիսի Օրագրէն …

Մարդկային կեանքի ընթացքին յաճախ, սովորական գործի պատճառով հանդիպումներ՝ առիթ կը ստեղծեն մտերիմ յարաբերութիւններ հիմնելու, որոնք կը շարունակուին մինջեւ վերջ նոյնիսկ այդ տուուեալ պատճառները ծանօթացման վերանան շրջան մը վերջ:

Այդ բարեկամութիւններ են մէկն էր հանդիպումս Պարոն Սարգիսին հետ: Մենք ծանօթացեր էինք իրարու երկար տարիներ առաջ մօտաւոր 2000 թուականներուն, երբ այդ շրջանին անոր ընտանիքին մղձաւանջը սկսած էր, ողջ ընտանիքով միասնաբար ամէն կերպով պայքար սկսած էին մղել «Մահուան» դեմ, որ սկսած էր իր ուրկանը նետել այդ համեստ եւ պարզունակ ընտանիքի երդիքէն ներս: Ան կ՛ուզէր ամէն գնով որսալ իրենց երիտասարդ տղան որ հազիւ բոլորած էր 16 գարունները:
Սարգիսը ունէր երեք զաւակներ՝ երկու մանչ մէկ աղջիկ: Աղջիկը ամուսնացած էր եւ կ՛ապրեր իր ընտանիքին հետ, իսկ մեծ տղան հազիւ քսանհինգ տարեկան էր, ունէր փոքր խանութ մը ուր կը վաճառեր ձայնաերիզներ եւ սկաւառակներ:
Ամօ Սարգիսը արհեստով երկաթագործ էր՝ դուռերու, պատուհաններու, շէնքերու անցարքելներ կը պատրաստ էր, բայց վերջին տարիներուն որոշած էր ձգել արհեստը եւ ծախել խանութը:

Երբ հարց տուած էի թէ ի՞նչու այդ որոշումը առած էր, ըսաւ՝ տղաս, տարիքս այլեւս սահման մը հասաւ, մինակս չեմ կրնար այս աշխատանքը տանիլ: Հայ գործաւոր չմնաց, ներկայ սերունդը այլեւս այսպիսի աւանդական արհեստներով հետաքրքրուած չէ, չեն ուզեր աշխատիլ՝ ինքնաշարժ նորոգողներ, ներկ, պատեանի նորոգութիւն, «մէգանիք» եւ բոլոր այս տեսակի գործերը, որովհետեւ կ՛ուզեն աշխատիլ գործ մը, որ իրենց ձեռքերը մնան միշտ մաքուր: Այսինքն՝ սաբրիչ տղամարդոց, վարսահարդար իգականներու, ոսկերիչ, բայց ոչ դերձակ կամ կօշկակար: Ուսում, չեն փափաքիր ուսանիլ պատրուակելով թէ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագանիս, ասոր անոր քով պաշտոնեայ պիտի ըլլանք ըսելով ուսումէն ալ կը հեռանան մինչ՝ այս դարուս նոյնիսկ արհեստաւոր է պէտք է ուսանի եւ օտար լեզու սորուած ըլլայ, որպէսզի էլէկտրոնային գործիքներուն վրայ աշխատի եւ կարենայ տուեալ «Գաթալոկները» կարդալ եւ անոնց ցուցմունքներուն հետեւիլ:

Շարունակեց՝ վերոյիշեալ պատճառները ստիպեցին զիս, որպէսզի վերջ տամ իմ չարչարանքիս եւ գնեմ այս ինքնաշարժը եւ հանրավին օգտագործութեան տրամադրեմ եւ ապրուստս ապահովեմ, յոգնեցայ տղաս երկաթը՝ ծեծելէն եւ իրեն հետ խաղաղալ է եւ կռիւ մղել է: Լաւ է որ գործս փոխած եմ, ահա կը տեսնես վիճակս, եթէ խանութի տէր մնացած ըլլայի, ի՞նչպէս այս երթալ գալերը պիտի իրագործէի՝ հիւանդանոց գնայ եկուր, արեան քննութեան եւլն: ներկայ պայմաններուն մէջ, ի՞նչպէս պիտի աշխատէի, այսպէս երբ ազատ կ՛ըլլամ կը շրջիմ քաղաքը մեր ծախսերը կը հոգամ: Դուն ականատես ես, աղբիւրի պէս դրամ կը ծախսենք Հրակին փրկութեան համար: Կ՛աղօթեմ որ նուազագոյնը կարենանք փրկել զինք եւ իր կեանքը առողջ ապրի եւ շարունակէ իր կեանքը տարիքի երիտասարդներուն նման:

Մեր առաջին հանդիպում ծանօթացումը եղաւ երբ օր մը ներկայացաւ տարրալուծարան իր զաւկին՝ Հրակի արեան քննութեան համար: Ան թելադրուած եկած էր, ըսած էին գնա՛ այդ տարրալուծարանը այդտեղ կա հայ երիտասարդ մը որ կրնայ շատ լաւ կերպով օգտակար ըլլալ քեզի: Խորքին մէջ չէր սխալած իր ընտրութեան մէջ, որովհետեւ միշտ նկատի առած էի հիւանդներուն պայմանները եւ վիճակը, որու լոյսի տակ հնարաւորին չափ պէտք եղած օգնութիւնը եւ ցուցմունքները չէի զլանար:

Հրակը պատանեկութեան տարիքը հազիւ լրացուցած սկսած էր իր տարապանքը: Ի յայտ եկած էր որ իր երիկամներէն մէկ հատը վնասուած էր եւ սկսած էր լաւ չաշխատիլ եւ որովհետեւ երկրորդ երիկամը փոքր տարիքէն աշխատանքէ դադրած էր, պէտք եղած կերպով չէր աճած, ստացած հակաբորբոքումային անհաւասարկշռուած եւ չուսումնասիրուած դեղերուն պատճառով: Հիմա արդէն ահազանքը հնչած էր եւ Հրակին կեանքը մտած էր վտանգաւոր հանգրուան եւ այդ պատճառով կ՛ենթարկուեր խիստ հետեւողական բժշկական հոգատարութեան:

Ամէն անգամ երբ կը հանդիպիմ այսպիսի երեւոյթներու, սիրտս կը ցաւի երբ կը տեսնեմ տարապանքը այդ երիտասարդներուն, որոնք բժիշկներու եւ ի մասնաւորի մանկաբուժներու անխոհեմ վերաբերումը այդ երեխաներուն հիւանդութեան պարագաներուն, որոնք առանց ուսումնասիրելու ապագային գործելիք այդ դեղերուն աւերները, որոնք հաճախ հասցուցած են մանուկներուն, դէպի մահուան դուրը: Հրակը անոնց զոհեր էն մէկն էր որը սկսած էր մահու եւ կենաց պայգար մղել:

Հրակը հասած էր երիկամունքը լուալու հանգրուանին: Սկզբնական շրջանին կը բաւարարուեր մէկ անգամ այցելելով հիւանդանոց՝ լուալու համար երիկամը, յետոյ սկսաւ վիճակը վատթարանալ՝ հասնելով շաբաթը երեք անգամ լուացումի: Երբեմն վիճակը կը պարտադրէր, որ օրերով հիւանդանոց մնար մինչիւ որ կայունանար առողջութիւնը:

Արդէն աջ-ձախ լուր ձգած էին նուիրատու մը գտնելու, որ սիրայօժար կերպով նուիրէր իր երիկամը Հրակին, որպէսզի կարենար իր կեանքը շարունակել: Չմոռնանք ըսելու որ նուիրատուն ահագին արեան եւ բջիջային քննութիւններու պէտք էր ենթարկուեր որոնք պիտի կատարուէին Ֆրանսայի մէջ եւ այդ քննութիւններու լոյսին տակ յստակ պիտի ըլլար թէ նուիրատուին երիկամունքը կը համապատսխաներ Հրակին կամ ոչ:
Այս բոլորը մեծ ծախսերու կը կարօտէին, որու պատճառով Ամօ Սարգիսը իր խանութի վաճառքի գումարէն աւելցած գումարը օգտագործած էր եւ տակաւին կարիքը ունէր աւելիին:

Օրերը կը սահէին, վիճակը աւելի կը վատթարանար եւ ոչ մէկ դրական անդրադարձ չկար: Թէեւ նուիրատուին մեծ գումար յատկացուած էր իրականանլու պարագային բայց ափսոս որ այդ շրջանին զարմանալի օրէն տագնապ կար, շատեր չէին յանդգներ այդ քայլը առնելու բայց տարիներ վերջ շատ փոխուեցաւ այս վիճակը եւ ձեռնտու դարձաւ:

Մղձաւանջի եւ տարապանգի օրերը կերկարէին, տարիներն ալ հանցնէին եւ Հրակը կը շարունակեր իր պայքարը կանքուն մնալու, մեծ յոյսերով էր որ օր մը բախտը, անակնկալ օրէն պիտի ժպտար իր երեսին, բայց այդ փալուն յուսադրիչ աստղը կ՛ուշանար:

Իրաքի պատերազմը սկսած էր: Ամերիկեան ուժերը ներխուժած էին եւ սկսած էր Իրաքի ժողովուրդին տարապանգը, հնարաւորութիւն ունեցողները փախուստ կուտային երկրէն անվերադարձ, երբեմն իրենց ետին ձգելով իրենց կալուածները իսկ շատ մը մարդիկ մնացած էին հացի կարօտ եւ այս վիճակին լոյսին տակ նոր առեւտուր մը սկսած էր Իրաքի մէջ: Աշխարհի չորս կողմերէն միջնորդներ կուգային համաձայնութիւններ կնքելու կարիքաւոր մարդոց հետ, որոնք պատրաստ էին իրենց օրկաները նուիրելու փոխան գումարներու:

Ամօ Սարգիսը լսած էր եւ կապեր հաստատած էր Հրակին Իրաք փոխադրելու եւ այդտեղ երիկամը փոխելու, ապահովել է ետք նուիրատուն: Ընտանիքը մատնուած էր խուճապի, պահանջուած գումարը յստականալէն վերջ: Այդ օրերու հաշուարկով 25 հազար տոլարի կարիքը ունէր Հրակը իրագործելու համար գործողութիւնը: Ցաւալին այն էր որ մեր հայկական բոլոր բարեսիրական եւ մարդկային կազմակերպութիւնները ներքին կամ արտաքին, ոչ մէկ աջակցութիւն չեն ցուցաբերած այսպիսի պարագաներու կամ սրտի բաց գործողութիւններու, որոնք անցեալին եւ ներկայիս օրուան հահեմատ ահաւոր գումարներու կարիքը ունին:

Օրին նամակներ գրեցինք պատկան կազմակերպութիւններուն կեդրոններուն, ոչ մէկ դրական պատասխան չէինք ստացեր: Ծանօթներ, որոնք կ՛ապրէին այդ երկիրներուն մէջ, բացայայտօրէն ըսին՝ ի զուր մի չարչարուիք, անոնք ճիշդ է որ կեդրոնական վարչութիւններ են եւ Ձեր արդար իրաւունքն է պահանջել եւ օգնութիւն ստանալ բայց լաւ գիտցէք որ անոնք միայն իրենց երկրին մէջ բնակողներով մտահոգուած են: Արտերկրի հայերը իրենց մտահոգութեան սահմաններէն դուրս կը մնան:
Ըստ երեւոյթին մենք ՝ Սուրիահայերս, Հայ ենք՝ երբ իրենք կարիքը ունին դրամ հաւագի եւ մեր պարտաւորութիւնները պէտք է լի ու լի կատարենք, բայց երբ կարգը կուայ մեզի օգնութիւն խնդրելու առողջապահական շտապ պարագաներու, կը վերածուինք՝ Թուրքի զաւակներու, կ՛երեւի որովհետեւ մեր բոլորիս արմատները Արեւմտահայաստանէն է ապա մենք կը դասուինք թշնամիներու շարքին, Քոլոմպոսի կամ Եւրոպայի երկիրներուն մէջ ապրող հայերուն արմատները տարբեր մոլորակէ է, ցաւալի երեւոյթ է, բայց այս է ճշմարտութիւնը:

Սուրիահայութեան զաւակները կարեւոր չէ բարձրագոյն ուսում ստանան երկրէն դուրս կամ ներս եթէ համալսարական ծախսերը ի վիճակի չեն հոգալու, Ազգային հարցերը եւ մտահոգութիւնները անձնականի վերածելով մէկ կողմ կը շպրտեն երիտասարդութիւնը, առանց մտածելու թէ ապագային ի՞նչպիսի հարցեր կրնան ծագիլ:

Ամէն պարագայի բոլոր վերաբերումները կանխամտածուած են եւ ծրագրուած որպէսզի ապագայի հեռանկարով Գաղութը եւ Ազգը զրկուած մնայ մասնագետներ է , այդ մասին մտածողներ չկան:
Միւս կողմէ օրերը եկան փաստելու, թէ բարեսիրական հաստատութիւններն ալ աւելի լաւը չեն: Խորքին մէջ այդ կազմակերպութիւններուն հիմնական նպատակն է առողջապահական գետնի վրայ օգնութեան հասնելու հայորդիներուն, երբ կարիքը ունենան, եւ իրենք կրնան իրենք զիրենք պարտադրել իրենց կեդրոններուն վրայ որպէսզի օժանդակէն, բայց ափսոս, խնդրոյ առառկաներուն տասը անգամ տանիլ բերելէ վերջ կրնայ ըլլալ որ 10 առ հարիւրը գումարին բարեհաճին տալ, պայմանաւ որ՝ հիւանը իր բուժումը կատարել է ետք ստացագիրներու ծրարը ներկայացնէ. վերջը ըստ պատասխանատուին կամ պատկան մարմնին որոշոմին ծիծաղելի գումար մը յանձնեն ողորմութիւն տալու պէս:

Ցաւալին այդ է որ այդ կազմակերպութիւններուն ղեկավարները կրնան իրենք զիրենք պարտադրել եւ պահանջել բայց կ՛երեւի թէ՝ որպէսզի պահպանեն իրենց դիրքերը եւ աթոռները պահանջատերութիւն չեն ցուցաբերեր եւ թոյլ կուտան որ այդ մանուկները, երեխաները, երետասարդները կամ երեցները ի վերի Երուսաղեմ երթան մինչ ունէին անոնք ապրելու յոյսեր: Կազմակերպութիւններ շատ կան բայց անոնք բոլորն ալ միայն անուններ են, այսպիսի պարագներու բացարձակապես ոչ մէկ օժանդակութիւներ չեն ներկայացուցած հայորդիներուն:

Նիւթէն շեղեցանք պարտադրաբար հասնելու համար այն կէտին, որ այդ համեստ մարդը, յուսահատ վիճակի մէջ, որ կրնայ ըլլալ մէկն ու մէկը օժանդակէ Հրակի ծախսերուն, ստիպուած եղաւ ծախելու իր բնակարանը որ իր երկար տարիներու աշխատանքի պտուղն էր: Տան դիրքը եւ մեծութիւնը լաւ գումար ապահովեց իրենց: Աւելի համիստ պայմաններով տուն մը գնեց որպէսզի ապաստանին, մէկ կողմ վերցնելով Հրակին համար պահանջուած գումարը եւ սկսան պատրաստութիւնները տեսնել ճամբորդութեան:

Այս անգամ Հրակին վիճակը այնքան վատթարացաւ որ՝ պէտք էր սպասէին մինջեւ քիչ մը լաւանար ի վիճակի ըլլար ճամբորդութեան դիմանալու: Ապահովուեցաւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժը իր բժիշկով եւ օգնականներով: Հազիւ լաւացած էր Հրակը ճամբայ ելան: ճամբորդութիւնը երկար էր եւ յոգնեցուցիչ. բայց Իրաք հասնիլը իրեն համար վերջին յոյսն էր՝ վերագտնելու իր առղջութիւնը եւ վերապրելու իր ընկերներուն նման:

Այսքան յոգնութիւններէ եւ տառապանքներ է վերջ կ՛երեւի «Սաթայելը» այս անգամ հոն կը սպասէր իրեն: Հազիւ հասած էին Իրաք, մէկ անգամէն Հրակին վիճակը կը վատանայ եւ բոլոր բժշկական արտակարք միջամտութիւնները չեն կրնար փրկել զինք:

Ի՞նչ յոյսերով եւ լաւատեսութեամբ ճամբայ ելած էին Հալէպէն, բայց որովհետեւ մինջեւ դրամը ապահովեն Հրակին առողջականը շատ ետ գացած էր եւ ետեւ-ետեւի վերակենդանացման բաժին կը փոխադրուէր:

Տարիներով վազվզեցին, խանութ եւ տուն ծախեցին, բայց չի կրցին փրկել իրենց տան ամէնա փոքրը: Հիմա որ գրիչին կը հանցնեմ այդ օրերը աչքիս դիմաց կը պատկերանայ Հրակին անմեղ եւ դեղնորակ դէմքը, անոր ազնիւ նկարագիրը:

Կը մտածեմ՝ ի՞նչու այդպիսի ողբերքական վիճակով անոր կեանքի թատերգութեան վարագոյրը պէտք էր վար իջներ: Շատ Ի՞նչուներու կարիքը չկայ, շատ յստակ է՝ ան որ դրամ չունի, արգիլուած է իրեն անհանգստանալ կամ հիւնադանալ, սրտի բաց գործողութեան կարիքը պէտք չէ ունենայ, քաղցկեղով պիտի չհիւանդանայ, որովհետեւ ինքը Հայ է, եւ մենք միայն օտարներուն դիմաց եւ օտարներուն կ՛ընենք մեր բարեսիրական օժանդակութիւնները, որովհետեւ հարիւր տարիներ անցան մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներ ամէն տեսակի եւ խաւի պատկանողներ, աշխարհի ամէն տեսակի մահանալու կերպերուն ենթարկուեցան, աշխարհացիւ ցիր ու ցան եղան, բայց ցաւի սիրտ մինջեւ օրս չկրցանք համոզուիլ եւ հասկնալ թէ՝ մեր փրկութեան հիմնական ՈՒԺԸ մեր ՍԻՐՈՅ մէջ է, եթէ չսիրենք իրար մենք միշտ դէմ առ դիմ պիտի կանգնիք մահուան դահիճին, որ անխնայ կերպով պիտի գլխատէ մեզ, որովհետեւ հայութիւնը բոլորին համար՝ աչքի ՓՈՒՇ Է եւ մենք չենք ուզեր հասկնալ այդ մէկը. տակաւին կը շարունակենք ատելութեամբ վերաբերիլ իրարու հետ:

Վստահ որ այն օրը երբ մեր ՍՐՏԵՐՈՒՆ եւ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ մէջ ԾԻԼ տայ ՍԷՐԸ եւ սկսինք սիրել եւ յարգել զիրար, հաստատ որ՝ ողջ աշխարհը պիտի խոնարահի մեր ՈՒԺԻՆ դիմաց, որովհետեւ արդէն մենք մէկ ԲՌՈՒՆՑ դարձած պիտի ըլլանք:

Ամօ Սարգիսին հետ մինջեւ օրս տեսակցութիւններս կը շարունակուին եւ ամէն անգամ որ կը տեսնուինք իր աշխատանքի օրագրէն ամպայման պատմելիքներ ունի:
Յաջորդին նորութիւններ Հալէպէն, ականատեսի վկայութեամբ:

ԱԲԻԿ

Հալէպ. Յունիս 28. 2014



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ