ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Saturday, July 26, 2014 1:43 - չքննարկված
Մօ՜տ Օրէն ՊԷՊ՜Օ …
Վաթսունականներուն Հալէպ ունէր համեստ և պարզունակ շարժանկարի սրահ մը, բայց իր այդ վիճակով ունէր իր իւրայատուկ տեղը շատերու քով ի մասնաւորի հայերուս: Թէրեւս անոր աշխարհագրական տեղը բան մըն ալ աւելի կապ կը ստեղծեր որովհետեւ կը գտնուէր Սիւլէմանիէի վերջաւորութեան եւ դէպի Նոր Գիւղ տանող ճամբուն սկիզբը իսկ իր հայկական անունն ալ յատկանշանական էր՝ Սինէմա ԱՐԱՔՍ:
Ան միօրինակ ֆիլմերու չէր հետեւեր, անոր ֆիլմերու կողովին մէջ կարելի էր գտնէլ ամէն տեսակի ֆիլմեր իսկ ամէնա հիմնականը հայերէն էր: Ամէն տարի ամպայման մեզի՝ երեխաներուս, կ՛ուրախանացնէր մանաւանդ յատուկ ֆիլմերու ժամանակ, նախակրթարանի աշակերտներուս ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէր երբ մեզի դպրոցով կը տանէին ներկայ գտնուելու հայերէն ֆիլմերուն:
Օրմըն ալ սկսեցանք պաստարներ կարդալ ծանուցումի՝
ՄՕ՜Տ ՕՐԷՆ ՊԷՊ՜Օ …
Օրերը կ՛անցնէին և պաստարը կը դառնար հնամաշ բայց Պէպօն կուշանար գալու: երկար ամիսներ անցնել է ետք վերջապէս հասաւ Պէպօն ըստ սովորութեան դպրոցով գացինք և տեսանք Պէպօն:
Այդ օրուընէ Պէպօն դարձաւ նշանաբան ուշացումի եւ կասկածելի հարցերուն նկատմամբ: Մեծերը երբ կը խօսէին քաղաքական եւ Ազգային հարցի մը մասին, որոնց լուծումը կը մնար անյայտ և անորոշ, կ՛ըսէին՝
Է՜ մօտ օրէն Պէպօ :
Տարիները անցան ու հիմա Հալէպը երկու տարիներ է իվեր կ՛ապրի
«Հրաշալի օրեր», ամէն օր կը լսէ՝ մօտ է գարունը, շուտով պիտի փարատին ռումբերու եւ պայթուցիկներու ամպերը, պիտի դադրին ոճրային և բարբարոսային մարդասպանութիւնները, զարկերն ու առեւանքումները, իրենց տուներէն դուրս եկած գաղթականները կը վերադառնան տուն եւ ճերմակ աղաւնիները կ՛երեւան հեռաւոր հորիզոնին աւետելով՝ խաղաղութիւնը:
Այլեւս մարդիկ յուսալքուած հոգեվիճակ ստացեր են, որովհետեւ հարցերը սկսած օրէն «Մօրֆինի և Թմրեցուցիչի» ասեղներ սրսկուելէն՝ մոլիներ դառցան ապա անզգայացան լսելով՝ շուտով կը հասնին ազատարար զորքերը, բանակային ուժերը, ազատագրելու Հալէպը խուժաններու եւ ոճրագործ հակառակորդներու ճիրաններէն, այս սրսկումները կ՛ըլլային իբրեւթէ ժողովուրդին մտքերը և հոգիները հանդարտեցնելու և խաղաղեցնելու նպատակով:
Հալէպահայերուն վիճակը շատ աւելի խղճալի դարձած է, որովհետեւ անոնք յոյսով էին որ Հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն ազատարար ձեռքեր կ՛երկարին եւ զանազան ձեւերով կ՛օժանդակեն և օգնութեան կը հասնին, բայց ափսոս, նոյն «Մօրֆինները» անոնցմէ ալ ստացան:
Սկիզբի օրերուն մեծ-միծ խօսքեր լսեցին, «Մենք մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ եւ Հայ Գաղութին հարցերուն», անշուշտ չհասկցանք թէ այդ հետեւիլը ի՞նչ կը նշանակեր, մի քանի հազար Հալէպահայերու անունով նուիրատւութիւններէն հաւաքուած եւ Հայրենիք հասած, միլիոններ են, փշրանք բաժնելն է՞ր, թէ մէկ տարուայ ժամանակա շրջանով դպրոց բացուիլն է՞ր, թէ՝ Հայաստան ապաստանած խղճալի վիճակի մէջ գտնուող Հայերուն, քիչ մը փոշի սրսկուեցաւ անոնց աչքերուն, փշրանքներ տալով եւ արդէն շրջան մը վերջ բոլորն ալ մոռցան որ կայ Միջին Արեւելքի մէջ ամէնահին գաղութներէն մէկը, որը ջարդէն վերջ կը ներկայացներ ամբողջ Արեւմտահայաստան մը:
Գաղութ մը, ճիշդ է անցնող վաթսուն ամեակներուն անցուց զանազան տեսակի փոթորկալի եւ տագնապալի օրեր, որոնք ամէն մէկ հանգրուանին պատճառ դարձան հայութեան նուազումին, որովհետեւ ամէն մէկ հարուծին զանգուած մը բռնեց գաղթի ճամբան: Գաղութ մը որ թուական կերպով կը հաշուեր 250 հազար, նուազելով հասած էր հիսուն հազարի, այս թիւին հազիւ կէսը ներկայիս մնացած է եւ կ՛ապրի, կը շարունակէ գոյատեւման պայքարը, Հալէպի մէջ:
Այս թուական վիճակը արդէն ինքնին ահազանգ մըն է գաղութին եւ ողջ Սփիւռքի նկատմամբ: Եթէ պատմութեան հետեւինք, կը նշանակէ թէ՝ յաջորդ փոթորիկին կամ մրրիկին, Հալէպի մէջ պիտի մնան Հայու նմուշներ:
Հալէպահայութիւն շատ դժուարին եւ տագնապալից օրեր եւ տարիներ անցուց անցնող հարիւր տարիներուն բայց այսպիսի աղէտ մը առաջին անգամ ըլլալով կ՛ապրի:
Քսան մէկ ամիսներ է իվեր, ամէն տեսակի դժուարութիւններ ապրեցաւ եւ համտսեց եւ տակաւին կը շարունակէ ապրիլ: Պայքար կը մղէ ապրելու եւ կեցութեան, այս ահաւոր վիճակէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալու: Աներեւակայելի ոճրային օրեր եւ մղձաւանջ կ՛ապրի, որուն ճանապարհի փապուղին, ո՞ւր պիտի տանի իրեն, հասնել էն ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակը եւ արդիւնքները, հստակ չէ, միայն Աստուած գիտէ:
Այս պատճառաւ, ներկայիս՝ երբ մարդիկ, ամէն անգամ քով քովի կուգան եւ այս հարցի մասին կը խօսին վերջաւորութեան եզրափակիչ խօսքը կ՛ըլլայ՝ Է՜ Մօտ Օրէն Պէպօ …
Տխուր եւ ցաւալի վիճակ է, բայց այս է ճշմարտութիւնը:
ԿԱՆԹԵՂ
Հոկտեմբերի 1, 2013
Մայիս 14. 2014