ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Wednesday, July 23, 2014 23:20 - չքննարկված

Բաց նամակ ԱՀՎԿ-Եան.Յունիս17.2014

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՏԱՐԱՆԴԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պատուարժան Կառավարութեան Ղեկավարներ եւ Պատասխանատուներ,

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն խումբ մը Հայրենասեր եւ նախանցախնդիր Հայեր, որոնք մեծ յոյսեր կապած են ԱՀՎԿ գործունէութեան եւ կը հաւատան անոր իրականցնելիք նպատակը՝ գործադրութեան անցնել Վոդրո Վիլսընի դատական վճիռը որը կը վերադարձնէ բռնագրուած հայկական հողերը իր իսկական տէրերուն:

Ճիշդ է որ ողջ Սուրիոյ բնակչութիւնը եւ ի մասնաւորի Հալէպահայութիւնը որոշ չափով ուրախութեամբ դիմաւորեցին ազատագրումը ամիսներ է իվեր հակառակորդ ծայրայեղականներու կողմէ գրաւուած հայաբնակ ՔԷՍԱՊԻ շրջանը:
Որոշ չափով կ՛ըսենք, որովհետեւ ան ազատագրուեցաւ ահաւոր վնասներու ենթարկել է վերջ՝ քանդում, հրկիզում՝ Եկեղեցիները, Դպրոցները, Մշակութային կեդրոնները, խանութները եւ բնակեցման վայրերը եւ տուները: Քանդուածը կարելի է վերաշինել, որովհետեւ հայ ժողովուրդը միշտ եղած է շինարար եւ աշխատասեր, այս ճշմարտութիւնը Սուրիոյ պատմութեան ընթացքին բոլոր եկող եւ իշխող կառավարութիւնները այսպէս արտայայտուած են մեր մասին:

Մենք հարիւր տարիներ է եւ աւելի վստահութիւն ներշնցած ենք իշխանութիւններուն եւ այդ պատճառով միշտ ալ յարգուած եւ պատուուած մնացած ենք անոնց նկատմամբ:
Սակայն մեր ուրախութիւնը եւ անդորրութիւնը խանգարուեցաւ երբ Նոյան Տապան էլէքդրոնային հրապարակումին մէջ կարդացինք՝ ԱՀՎԿ, Ազգային Խորհուրդի նախագահ՝ Արմենակ Աբրահամեանի արտայայտութիւնը ուր կը բացայայտէ թէ՝ «Հայկական լեգեոնի կամավորական 1-ին վաշտը Սիրիական բանակի հետ համատեղ՝ 2014 թ. հունիսի 15-ին, ազատագրեցին Հայկական Քեսապը»:

Այս արտայայտութեան հետեւանքներուն մասին արդեօք մտածած է Պատուարժան նախագահը, թէ ի՞նչպիսի ժխտական անդրադարձ կրնայ ունենալ երկրին մէջ ապրող Հայութեան վրայ: Արդեօ՞ք տեղեակ չէ Սուրիոյ պատմութեան մասին կամ Սուրիոյ մէջ տիրող Իշխանութեան Վարչամեքենայի աշխատելակերպի մասին:
Պահ մը ըսենք որ հայ կռուողներու ներկայութիւնը ճիշդ էր, ապա ուրեմն եթէ Սուրիոյ Պետութիւնը կարիքը զգար կրնար բացայայտել, որովհետեւ Պետութիւնը շատ լաւ գիտէ անոր ժխտական անդրադարձը որ կրնայ ահաւոր վտանքներ ստեղծել եւ բերել Սուրիոյ մէջ բնակող ողջ հայութեան գլխուն: Հակառակորդը կը ճանչնայ հայը, զինք չի հետաքրքրեր դուրսէն է կամ ներսէն: Իրեն համար հստակ է թէ հայութիւնը՝ դէմ է իրեն, որու լոյսին տակ միշտ պիտի մնանք անոնց սպառնալիքներուն տակ, հրթիռներուն եւ հրասանդերուն թիրախ:
Այսօր 21 ամիսներ անցած են Հալէպի քաղաքային կռիւներուն սկսելուն, եւ որովհետեւ զինեալ հայ տղաք հայկական եկեղեցիները դպրոցները եւ կառոյցներուն պաշտպանութեան համար զէնք վերցուցին, ապա անոր արդիւնք՝ տասնեակներով հայեր առեւանգուեցան, երբեմնին ալ գացին անվերադարձ:
Եթէ մենք իբրեւ Սուրիական հայրենիքի բնակիչներ դիրքորոշումներ չունեցանք եւ արդէն ամբաստանուեցանք իբրեւ պետութեան կողքին կանքնողներ եւ մինջեւ հիմա մեծ վնասներու ենթարկուեցանք՝ սկսելով առեւանգումերէն, հասնելով Նոր Գիւղի հայայոծ շրջանին մեծ մասով քանդումէն, որու արդիւնք 6 – 7 հազար հայեր մնացին անպատսպառ, մնացին փողոցները ստիպուած պատսպարուեցան եկեղեցիներու ներքնասրահներուն մէջ: Մէկ բաժինը առաջին շրջանին կրցաւ փախուստ տալ դէպի հայաստան որովհետեւ այդ օրերուն կար օդակայան իսկ մնացեալը
Այսօր հալէպի մէջ կ՛ապրին 60 հազար հայեր եւ ընդհանուր Սուրիոյ տարածքին 80 հազար հայեր, պահ մը չի մտածեց Յարգելի նախագահը թէ՝ անոնց վիճակը ի՞նչ կրնայ ըլլալ այսպիսի արտայայտութեան մը հետեւանքով:

Հիմա որ Նախագահը այսպիսի յայտարարութիւն մը տուաւ իբրեւ պատասխանատու, արդէն շատ հստակ է թէ հայութեան վիճակը ինչպիսի հետեւանք պիտի ունենայ:
Իսկ եթէ այդ խօսքերը անհիմն են հարցը շատ աւելի վատ պիտի ըլլայ որովհետեւ Սուրիական Կառավարութիւնը կասկածանքով պիտի մօտենայ եւ որքան ալ փորձենք արդարացնել մենքզմեզ, ան պիտի հաւատայ ի պաշտոնէ եղած արտայայտութեան մը որը ոչ միան մեր անդորր վիճակը պիտի խանգարէ այլ պիտի երկփեղկումներ ստեղծէ եւ թշնամական կեցուածքներու եւ կասկածանքներու դուռ բանայ ոչ միայն Սուրիոյհայութեան նկատմամբ այլ մինջեւ իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Այսպիսի կեցուածք կը բացատրուի իբրեւ դաւաճանութիւն եւ երկրին անդորրութիւնը խանգարող շարժում:

Յարգելիներ, եթէ մենք համոզուած ԱՀՎԿ, կազմութեամբ Հայ Ազգիս շահերը եւ իրաւունքները վերադարձնելու աշխատանքին լծուած կառավարութիւն է եւ համախմբուած ենք անոր շուրջ, ապա շատ շտապ կերպով կը պահանջենք հստակ լուսաբանութիւններ այս հարցին կապակցաբար, որը կրնայ միայն թշնամանք ստեղծել մեր եւ մեր եղբայրներուն միջեւ, որոնց հետ հարիւրաւոր տարիներ է իվեր նոյն ջուրը, թթուածինը, արեւը եւ հացը կը կիսուինք:

Մենք ԱՀՎԿ նեցուկ կանքնելէն պիտի չի դադրինք, բայց եթէ փաստուի անպատասխանատու եւ անհիմն կերպով եղած արտայայտութիւնները ապա կը պահանջենք անյապաղ հրաժարումը Նախագահին, որովհետեւ այսպիսի կեցուածքներ կ՛օգնեն միայն Հայ Ազգի թշնամիներուն եւ կը քայքայեն Գաղութին անդորրութիւնը:
Նախագահը պէտք շատ լաւ հասկնայ եւ իմանայ թէ մենք չենք քնացած եւ շատ զգուշ եւ աջալուրջ կերպով կը հետեւինք ամէն մէկ պատասխանատուի եւ ի մասնաւորի Նախագահի շարժումներուն: Իր ամէն մէկ քայլափոխեն տեղեակ ենք եւ որոնց հետ կապեր եւ համայնութիւններ ստեղծած է:

Այս Կառավարութիւնը կազմուած է հիմնական մէկ նպատակի համար՝ Հայրենի Հողերուն ազատագրման նպատակով: Ան չէ ստեղծուած անձնական եւ սեփական շահեր հետապնդելու: Այնպէս որ անոնք որոնք կը կարծեն թէ այս կառոյցը իրենց անձնական կեդրոն-վաճառատունն է եւ մէկ հոգի է տէրն ու տիրականը շատ կը սխալին:

Այս Կառավարութիւնը բոլորիս կը պատկանի եւ բոլորս ալ պարտաւոր ենք ենթարկուելու անոր կարգին եւ կանոններուն, իսկ անոնք որ տարբեր ակնկալութիւններ ունին, լաւ կ՛ըլլայ որ վայրկեան մը առաջ ազնուական կերպով հեռանան կարգերէն, այլապէս շատ հեշտ է տարբեր միջոցներով հեռացնելը, ո՞վ որ ըլլայ ենթական:

Մենք անհամբեր պիտի սպասենք մեր նամակին եւ հարցականներուն պատասխանին, որովհետեւ մենք ենք որ պիտի վայելենք դառնութիւնը եւ ահաւոր արդիւնքները: 21 ամիսներ դիմադրեցինք հնարաւոր կերպերով կանքուն մնալ իսկ հիմա երբէք առիթ չենք կրնար տալ որպէսզի քնահաճոյքային եւ անձնական գովաբանութիւններու պատճառով ըլլանք գաւութեան նոխազներ:

Մեզի մեր կրնակէն թող չի դաշունահարեն:

Փառք ու պատիւ բոլոր նուիրական աշխատողներուն որոնք կ՛աշխատին իրագործել Հայութեան Դարաւոր երազանքները:

Կեցցէ ԱՀՎԿ եւ անոր նուիրական Ղեկավարները:

Շնորհակալութեամբ՝

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ

Հալէպ. Յունիս 17. 2014



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ