ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Wednesday, July 23, 2014 23:25 - 3 քննարկում

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋՔ

Շատ ցաւալի է եւ ողբերքական եղած կատակերկութիւնը, որուն ականատես եղանք հետեւեալ վիտիոերեզը տեսնելով Youtuben:
http://www.youtube.com/watch?v=waiIqAZicpg :
Որը մօտաւորապէս 40 վայրկեանոց հատուած է 2014 -ի Յունուարին, Փարիզի մեջ Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կատարած աշխատանքներուն:

Այսքան ԽԱՅՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ: 25 – 30 հոգի իրենք իրենց լիազորութիւն տալով՝ ողջ Արեւմտահայութեան Ճակատագրին հետ խաղցան ընտրելով ՈՉ ՕՐԻՆԱԿԱՆ կերպով Նախագահ:

Ո՞ւր լսուած է միլիներ հաշուող Արեւմտահայութեան բնակչութեան անունով մի քանի հոգի պետության գլուխ ընտրեն եւ հետո այդ անձը հանդես գա որպես Նախագահ զանց առնելով օրընականութիւնը՝ որը կը ներկայացնէ Խորհրդարանը:

Ո՞ւր են օրենքներէ հասկցողները, Ի՞նչու ԼՌԱԾ ԵՆ: Արդեօք չկար ժողովին մեջ երկրորդ մէկը ըսեր այս մարդոց՝ բարեկամներ դուք ի՞նչ կ՛ընէք, ժողովուրդի ճակատագրին հետ կը խաղաղք օրէնքի մեծ խախտում գործադրելով: Ի՞նչպէս մարդիկ պիտի վստահին այսպիսի պետութեան գլուխին եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհրդի նախագահի մը, որ նոյնիսկ կարքին Հայերէն խօսիլ իսկ չի գիտեր կամ Վարչապետի մը որ շուարած կեցած է դերասանութիւն կ՛ընէ մարդոց դիմաց փաստելով բոլորին իր խամաճիկ ըլլալը կամ այդ երրորդը որը իբրեւ խորհրդարանի նախագահ կը վարեր ժողովը:

Շատ հստակ էր որ սկիզբէն ծրագրուած եկած էին ի ներկայութեան անձերու որոնք պարզապէս պատկերներ էին միան ԱՅՈ ըսելու, համաձայնութեան ձեռք բարձրաձնելու: Իսկ երբ գտնուեցաւ անձ մը որ բոլորին ուշադրութեան յանձնեց թէ այս որդեգրուած ձեւը եւ կերպը հակաօրինական է, բոլորն ալ որոնք մեղսակից էին ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆ առաջ անցան լռեցնելու այդ օրինականութիւն պահանջող ձայնը ըսելով եւ պատրուակելով թէ ժամանակ չկայ կարիքը չկա հարցերը բարդացնելու եւ գործադրեցին իրենց ծրագրած ոճիրը հանդէպ Արեւմտեան Հայասատանի Վտարանդի Կառավարութեան:

Երա՜նի պետության գլուխը ինքզինքը արժեցներ եւ արդարացներ իր օրինական աշխատանքներով եւ գործերով: Այդ մէկն ալ չտեսանք, մանաւանդ երբ Սփիւռքի Սիրտը համարուող Հաէպ քաղաքը որ անբաժանելի մասնիկն է Սուրիոյ Հանրապետութեան, ենթարկուեցաւ մօտաւոր երկու տարեներ առաջ եւ մինջեւ օրս կը շարունակուի ենթարկուիլ շատ ծանր ահաբեկչական եւ խաբանարարակ մարդասպանական հարուածներու որու մէջ մեծ բաժին ունեցաւ Հայ Գաղութը եւ տուաւ Նահատակներ ունեցաւ վիրաւորներ, տասը հազար հայեր մնացին անտուն առանց բնակարաններու, կորսնցուցին իրենց բնակարանները եւ աշխատատեղիները եւ խանութները մնացին անգործ անապաստան, շատեր մնացին ՀԱՑԻ ԿԱՐՕՏ, ո՞ւր էր Յարգելի պետության գլուխը եւ Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային Խորհրդի Նախագահը այս բոլորին մէջ: Չի զիջեցաւ գալ եւ տեսնել իր Կառավարութիւնը և Արեւմտահայությունը ներկայցնող բնակիչներուն, անոնց պէտքերը հոգալու մասին մատծեր: Ո՞ւր էր:
Կը լսէինք գացած է Գամշլի, գացած է Լաթաքիա, երբ տակաւին Քէսապի հարցն իսկ չեր ծագած: Ի՞նչ գործ ունէր այդ շրջանները, որո՞ւ համար գացած էր ի՞նչ ընելու: Անձնական համաձայնութիւններ կնքելո՞ւ, այնպիսի մարդկանց հետ որոնք ժամանակին մեր պապերուն գլուխները ջարդեցին, մորթեցին, կանանց բռնաբարեցին, հղիներուն փորերը պատրեցին գուշակելու համար թէ՝ երեխան տղայ է կամ աղջիկ:
Ի՞նչ իրաւունքով գացած է, ո՞վ լիազորագիր տուած էր իրեն այդպիսի յարաբերութիւններ մշակելու: Ի՞նչու կը կարծէ թէ իր սեփական վաճառատուննէ ԱՀՎԿ-ը:

Եթէ օրենսդրութենէ չի հասկնար թող բարեհաճեր հարցնել մասնագետներուն, հապա արդարադատութեան նախարարը ի՞նչու համար է, միայն դատարաններ կազմակերպելու, ինք պարտաւոր է իր ամէն մէկ քայլի ծրագրումի ժամանակ խորհրդակցէր իր Վարչական կազմի հետ: Իսկ վերջին շրջանին ամէն շաբաթ իր ներկայութիւնը ցոյց կուտար Լաթաքիոյ եւ Քէսապի բնակչութեան մեծ խոստումներ տալով բոլորին: Նորէն նոյն հակաօրինական կեցուածքի մէջ էր: Արդեօ՞ք Կառավարութիւնը տեղեակ էր իր շրջապտոյտներ էն, որոշումներ առնուած էր եւ լիազորութիւն ստանալով կ՛երթար, կ՛այցելեր եւ հսկայական գումարներու խոստումներ կուտար այդ մարդոց որոնք շատ ծանր հարուածներ ստացած էին:

Ի՞նչու համար այս բոլոր թատերգութիւնները, արդեօք կը կարծէ թէ մենք քնացա՞ծ ենք, լուր չունինք թէ ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ մեր շրջապատին մէջ: Ո՞վ իրեն շնորհած է լիազօրութիւն, որպէսզի երթայ եւ վարագոյրներուն ետեւէն հանդիպումներ կազմակերպէ եւ համաձայնութիւններ եւ դաշինքներ կնքէ: Ի՞նչ իրաւունքով Սուրիահայութեան ճակատագրին հետ եկաւ եւ խաղցաւ որուն արգասիքը եղաւ Նոր Գիւղի հայհոծ շրջանին աղետալի ռմբակոծումները, խլելով զոհեր եւ անպատսպար ձգելով երեք հազարէն աւելի հայորդիներ, որոնք մնացին անտուն անապաստան:

Ո՞ւր էր ինքը, Ի՞նչու չներկայացաւ Պետական պատկան մարմիններուն եւ այդ բոլորէն առաջ պէտք էր իբրեւ Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային Խորհրդի Նախագահ Ներկայանար Սուրիական Հանրապետութեան Նախագահին ծանօթացնելով ԱՀՎԿ-ը եւ անոր նպատակները, զորակցութիւն յայտնելով Սուրիական Կառավարութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնելով հնարաւոր սահմաններուն մէջ ձեռք երկարելու Իշխանութեան:
Բայց ինք՝ Յարգելի Պետութեան Գլուխը փոխանակ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը ընելու եւ առիթը ի նպաստ Վտարանդի կառավարութեան համար օգտագործելու ի գին իր ներկայացուցած ժողովուրդին, գացած է եւ մշակած յարաբերութիւններ հակառակորդներուն հետ:
Սուրիոյ Հայ բնակչութիւնը որը 2000 տարիներէ աւելի կեանք ունի այստեղ՝ Սուրիոյ մէջ, քու անխոհեմ եւ անպատասխանատու կեցուածքով եւ շարժումներով եւ արտայայտութիւններով՝ շատ սուղ վճառեց՝ Յարգելի Պետութեան Գլուխ կամ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհրդի Նախագահ:

Քու ամէն մէկ քայլափոխդ, լուսարցակի տակ էր Սուրիոյ մէջ եթէ քեզ տեղեակ չեն պահած քու «խելացի» խորհրդականներդ, անշուշտ եթէ ունիս, ապա տեղեկացիր:

Այնպէս որ Մենք հսկայ եւ մեծ թիւ ներկայացնող ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ՝ քեզ կ՛ամբաստանենք իբրեւ՝ դաւադիր ոճրագործ հանդէպ Արեւմտահայութեան, որովհետեւ քու խակ եւ անտեղեակ ըլլալդ օրէնքներու, կարգ ու կանոնի մասին, ինքնագլուխ աշխատանքով եւ սեփական խանութդ կարծելով, դուն պատճառ դարձար հարիւրաւոր նահատակներու, եւ հազարաւոր մարդոց անպատսապառ մնալուն, իրենց տուները քանդումին, ըլլան անոնք Հալէպի մէջ կամ Քէսապ, եւ նկատի առնելով՝ Վերոյիշեալ ներկայացուած շատ ամփոփ կերպով ձեր անօրէն գործելակերպին եւ վերաբերումներուն հանդէպ Սուրիահայութեան, եւ նկատի ունենալով, սանձարձակ եւ ինքնագլուխ գործընթացքները, եւ կատարուած օրէնքներու խախատումները եւ անոնց հետեւանքներուն պատճառաւ, որոնք շատ ծանր եւ ողբերգական անդրադարձ ունեցան Սուրիահայ Գաղութին վրայ:

Մեր վերջին հարցականը՝ դուն ո՜վ՝ Յարգելի Պետութեան Գլուխը, ի՞նչու դուն քեզ կ՛ուզես ներկայացնել ՄԻՍՏԻԿ կերպով բոլորին՝ սկսելով Կառավարութեան անդամներուն եւ հասարակութեան, ի՞նչ է վախ ունիս եւ չես բացայայտեր քու իսկական անունդ բոլորին, արդեօք այդ մէկն ալ ուրիշ փաստ մըն է որ ունիս «ՓԱՌԱՒՈՐ» անցեալ որը կը փափաքիս մնայ ծածուկ եւ անյայտ բոլորէն՝ Յարգելի Տիար ԹԻԱՐԻ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, որը քու անունդ է անձագրիդ մէջ: Մի ձգեր որ մնացեալ թուղթերդ բացայայտենք եւ մերկացնենք քեզի ողջ հայութեան եւ բոլոր քեզ հետ կապ ունեցող մարդոց դիմաց: Այդ ժամանակ «Հիսդիրիք» վիճակիդ բուժում չենք կրնար գտնել:
Ահա փաստ մը եւս քու զանազան տեսակի դիմակներով օժտուած ըլլալու իրականութիւնը, որոնք կ՛օգտագործես ըստ կնքելիք պայմանագիրներուդ: Եթէ այսքան ժամանակէ իվեր քու հիմնական գործակիցներէդ եւ ընդհանուրէն գաղտնի պահած ես, լաւ իմացիր որ մենք քու բոլոր նիստ ու կացդ, գնալ գալդ, շարժումներդ եւ յարաբերութիւններդ տեղեակ ենք: Մենք աշխարհի չորս կողմերը ունինք աչքեր եւ հարազատ Հայեր որոնք կարողութիւնը ունին ամէնա աննշան լուրերն իսկ կրնան իմանալ եւ ներկայացնել Մեզի:
Զգուշ մնայ, այլեւս քու ժամկետդ վերջացաւ:

Խորհուրդ կուտանք որ դուն, քու «Երեսիդ ջուրով» հրաժարականդ ներկայացնես ԱՀՎԿ-Եան եւ հեռանաս մեր Մե՜ծ Ընտանիքէն որը կը կոչուի Արեւմտեան Հայաստանի Ընտանիք, որովհետե այս վայրկեանէն սկսեալ քու անունդ՝ ԹԻԱՐԻ – ԱՐՄԵՆԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ջնջուած է մեր տոմարներէն, այսինքն՝ ՎՏԱՐՈՒԱԾ կը նկատուիս Արեւմտեան Հայաստանի Հայութեան Պատկանելիութենէդ: Մենք դաւաճաններու կեդրոն եւ ապաստան չենք՝ այլ Հայրենասէր հայորդիներու հսկայ կառոյց մըն ենք ապա ներկայութիւնդ յետայսու, շատ ՏՀԱՃ է մեզի համար:

Արդ, Յարգելի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ, ԱՀ Պետության Գլուխ Տիար՝ ԹԻԱՐԻ Արմենակ Աբրահամեան, Ձեզմէ կը պահանջենք ամիջապէս եւ անհապաղ կերպով հրաժարական ներկայացնել, ինչպէս նաեւ Ձեզի մեղսակից պատասխանատուները, որոնք նոյնպէս կ՛ամբաստանուին մեր կողմէ դաւադրութիւններ կազմակերպելու եւ հակա օրենսդրական քայլեր առնելու դաւաճանութեամբ՝ Տիար Տիգրան Փաշաբեզեան եւ Տիար՝ Արմէն Տէր Սարգսեան:

Մենք ենք Տէրն ու Տիրականը ԱՀՎԿ – Եան, եւ կը պահանջենք Կառավարութենէն եւ յատկապես Արդարադատութեան Նախարար Տիար Ս. Հրայր Ղազարյանից հասարակական դատական ատեան կազմել՝ դատելու համար այս վերոյիշեալ անձերուն, հայ հասարակութիւնը մոլորեցնելու եւ անորոշութեան մէջ ձգելու ամբաստանութեամբ , որոնք իրենց պաշտոնները օգտագործելով հակա հայկական հակապետական քայլեր, շարժումներ, անպատասխանատու կեցուածքներ եւ արտայայտութիւններ ունեցան կասկած արթնցնելով Արեւմտահայութեան եւ ողջ Հայութեան մտքին մէջ հանդէպ ԱՀՎԿ նպատակին եւ գործունէութեան նկատմամբ, որպէսզի նորածին այս Կառավարութիւնը որ լոյս աշխարհ եկաւ՝ ամէնա առաջ գործադրելու Ուլսինեան դատավճիռը վերադարձնելու համար Հայկական բռնագրուած հողերը իրենց իսկական տէրերուն:

Մենք առիթ պիտի չտանք ոչ մէկուն որպէսզի խանգարէ մեր գնացքը եւ պիտի դատուին եւ պատճուին բոլոր անոնք որոնք այս սլացքին՝ Ուլսինեան դատավճիռը խանգարումին եւ Կառավարութեան տապալումին պատճառ պիտի փորձեն ըլլալ:

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ

Հալէպ. Յուլիս 19. 2014



3 քննարկումներ

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

Raffi
Jul 24, 2014 9:54