ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Friday, June 27, 2014 0:18 - չքննարկված

Հարցազրոյց՝ Մահուընէ Փրկուած Հայ Ընտանիքի Մօր մը հետ…

Walking by WalkerՀալէպի ժողովուրդը, ներարեալ հայութիւնը, մեծ յոյսերով սպասեց Յունիս ամիսը, դրական ակնկալութիւններով նկատի ունենալով որ Նախագահական ընտրութիւնները բարով աւարտեցան, որու լոյսին տակ անհամբեր էր լսելու շինիջ եւ դրական նորութիւններուն, որպէսզի սկսին վերաշինել քանդուածները եւ կեանքը սկսի ստանալ իր բնականոն վիճակը:
Սակայն ցաւի սիրտ անոնք չհասան այդ երազանքը վայելելու կամ ամբողջացնելու, որովհետեւ Յունիս 1-ին կարծէք ռազմաճակատ ըլլար արեմտեան բաժինը որը պետութեան իշխանութեան տակ է, անձրեւի փոխարէն երկնիքէն սկսաւ տեղալ հրասանդեր, կազի պայթուցիկ տակարներ, քաղաքին չորս կողմերէն, որոնց հիմնական կեդրոնացումը եղաւ մարդաշատ շրջաններուն վրայ յատկապէս Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին վրայ, որը տեւեց շարունակաբար՝ օրեր, խլելով տասնեակ Նահատակներ հարիւրաւոր վիրաւորներ, պատճառ դառնալով հարիւրաւոր տուներու կեսաքանդումին եւ լրիւ քանդումին, որու լոյսին տակ շրջանէն դուրս եկան մօտաւոր 500 հայ ընտանիքեր ապաստան գտնելով Հայ եկեղեցիներու սրահներուն մէջ: Ուր մինջեւ օրս կը շարունակեն մնալ եւ սննունդ ստանալ Ազգային իշխանութեան շտապ օգնութեան եւ պատկան բարեսիրական մարմիններէն եւ կազմակերպութիւններէն:

Այդ դժոխային օրերու զոհերէն մէկն է, մեր այսօրուայ զրուցակիցը որը Աստուածային Հրաշքով եւ Օգնութեամբ փրկուեցաւ մահուընէ, իսկ աւելի ահաւորը որ անոր առողջութեան սպառնալիք կար կեանքին մինջեւ վերջը մնալ անշարժացած վիճակի մէջ:

Թոյլ տուինք Մարիաին՝ մայր ընտանիքի եւ երկու մանչ զաւակներու, պատմէ եղելութիւնը ինչպէս որ պատահեցաւ իրեն հետ: Ան քաջաբար սկսաւ պատմել.

Նոր Գիւղի վարի մայր պողոտայ իջած էի տան գնումներ կատարելու եւ յանկարծ լսեցի տարորինակ սուլոցի ձայն մը որ կուգար երկնքէն, ուժեղ ցնցում մը լսուեցաւ՝ Փողոցին մէջ խուճապ մը ստեղծուեցաւ մարդիկ շուարած վիճակի մէջ չէին գիտեր դէպի ուր պէտք է ուղղուին: Կը պոռային թէ զգուշ եղէք կազի տակար է չպայթեցաւ բայց կրնայ ոեւէ վայրկեանի մէջ պայթի:
Մէկ փողոց հեռու էի ինկած տեղէն, այդպէս ըլլալով քայլերս արագացուցի փորձելով հեռանալ, արդէն մի քանի քայլ չառած ուժեղ ցնցում մը լսուեցաւ, երկինքը փոշիով ծածկուեցաւ եւ փոթորիկի նման զորաւոր հոսանքի մը ձայնը լսուեցաւ արդէն զգացի թէ օդին մէջ թռիչք առած վիճակի մէջ եմ: Մի քանի մեթր բարձրացած էի եւ այդ ալիքը զիս նետեց գետին: Երեսիս վրայ պարկած վիճակի մէջ էի, կը զգայի մարմնիս մէջ այրուածք կարծես տաք երկաթ մտած ըլլար իսկ ոտքերս անշարժացած էին: Շրջապատին մէջ գտնուող մարդիկ՝ հայ կամ ոչ հայեր, վազեցին եւ փոխադրեցին զիս պետական գործոն հիւնադանոցներէն մէկը, ուր անմիջական գործողութեան ենթարկուեցայ: Երկու կտոր, պայթած կազի տակարէն մտած էին մարմնիս մէջ: Մէկը վնասած էր ողնաշարիս 5րդ եւ 6րդ բաժինները եւ անոր լոյսին տակ անոնց մէջէն անցնող ջիղերը, որու պատճառաւ ոտքերս դարձած էին անշարժ եւ անզգայ իսկ երկրորդ կտորը մտած էր ձախ թոքէն ներս պատճառելով արեան հոսում:
Երբ հարցուցի կրծքավանդակը եւ կրնակը ծածկող գօտիին մասին, բացատրեց թէ՝ իբրեւ արդիւնք երեսին վրայ ուժքին կերպով իյնալուն պատճառով կրծքավանդակի ոսկորները ծռած եւ վնասուած էին այդ պատճառով պէտք էր երկար ժամանակ այդ գօտին կապեր, որպէսզի պահպաներ քուրծքի ոսկորները մինջեւ որ առողջանան:
Շարունակեց ըսելով՝ առաջին երեք օրերուն մնացի պետական հիւնադանոցը, չորրորդ օրը շտապ օգնութեան մարմնէն ներկայացան, իմացնելով որ պիտի փոխադրեն զիս Հալէպի լաւագոյն հիւնադանոցը որպէսզի աւելի մասնագիտացած կերպով բուժման ենթարկուիմ: Նիւթական պայմաններս շատ վատ վիաճկի մէջ ըլլալը գիտէին այդ պատճառով կանխեցին հարցումիս ըսելով՝ դուք ծախսերուն հոգը մի առնէք, մենք պիտի հոգանք բոլոր ծախսերը եւ այդպիսով փոխդրուիցայ «Ֆրիշօ» հիւնադանոցը, ուր ենթարկուեցայ նորից նոր մանրակրկիտ քննութիւններու: Միջոցին՝ մէկ անգամ աջ թոքէս ջուր քաշեցին, երկրորդին ձախէն՝ արիւն, որովհետեւ ներս մուտք գործած մետաղը վնասած էր թոքիս մէկ հատը: Ենթարկուեցայ ամէնօրեայ մարմնային բնաբուժութեան ոտքերուս պարագային, որովհետեւ մէկը անզգայական վիճակը մէջ էր միւսն ալ ուժ չուներ քալելու: Այսպիսով մնացի 14 օրեր հիւնադանոց հիմա ինչպէս որ կը տեսնէք կը հանգստամ եղբօրս տունը որովհետեւ տունս բարձր է եւ այս պայմաններու մէջ անհնար է վեր բարձրանամ:
Այսօր վերջին կարերը հեռացուցին բայց ամէնա հիմնականը որ պէտք է շարունակեմ բնաբուժութիւնը որպէսզի կարենամ առանց օգտագործելու «Վոգրը» քալեմ առանձին:
Վերջաւորութեան Մարիան խնդրեց որպէսզի մեր միջոցաւ խորհին շնորհակալութիւնը յայտնէ պատկան մարմնին, որոնք չզլացան ամէն տեսակի օգնութիւն եւ խնամք,նեցուկ կանքնեցան այս դժուարին պայմաններուս մէջ:
Աւելցուց՝ չեմ գիտեր թէ ի՞նչ կրնար ըլլալ առողջական վիճակս եթէ անոնք թեւ թիկունք չկենային ինծի որովհետեւ իմ նիւթական պայմաններս պիտի չի ներէին այսգան խնամքի ենթարկուելու:

Տակաւին կան մարդիկ որոնք կ՛աշխատին վարագոյրին եկեւէն առանց որ ցուցադրեն իրենք զիրենք, կ՛աշխատին լռելեան որպէսզի իրագործեն իրենց բարեսիրական նպատակները:

Լաւ մարդիկ կան եւ պիտի մնան որքան ալ շատեր ցանկանան աղաւաղել մարդոց մարդկային դիմագիծը:

ՌԱԶՄԻԿ

Հալէպ. Յունիս 26. 2014



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ