ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Tuesday, June 24, 2014 7:42 - չքննարկված
Հաղորդագրութիւն Հալէպէն … Ի՞նչ ուրախութիւն՝ Քէսապը, ազատագրուեցաւ …
Քէսապը ազատագրուած է, շնորհիւ Սուրիական բանակին, վտարել է ետք գխիկոր վարձկան ծայրահեղ ոճրագործ զինիալներուն, որոնք երեք ամիսներ չգոհացան գողնալ եւ թալանել բոլոր տուները եւ բնակարանները հին եւ նորաշէն, փախուստ տալէ առաջ իրենց վերջին անմարդկային եւ բարբարոսական արարքները կատարեցին փաստելով իրենց ինքնութիւնը, հրկիզելով Եկեղեցիները, մշակութային կեդրոնները, տուները եւ խանութները, որոնք իրենց համար հասանելի էին: Այսպիսով վերջին վնասները հասցնելով Քէսապի շրջանին, հեռացան:
Ներկայիս, ամէն տեսակի սպասարկութիւններու կառոյցները քանդուած վիճակի մէջ են՝ ելեկտրական հոսանքի ցանցերը, հեռաձայնաին կապերը, ելեկտրոնային ցանցերը, մէկ խօսքով ներկայիս անհնար է ապրիլ այս պայմաններուն մէջ: Բնակարանները անխտիր վնասուած վիճակի մէջ կը գտնուին, ուր կարելի չէ ներկայիս բնակիլ որովհետեւ բոլորն ալ երկարատեւ նորոգութիւններու կարիքը ունին:
Բնակիչներուն մեծ մասը որոնք ունին ապաստանելիք տուներ Լաթաքիա քաղքին մէջ, բոլորն ալ անխտիր առաւօտուն կը բարձրանան Քէսապ եւ երեկոյեան կը վերադառնան Լաթակիա մինջեւ որ կարենան կարգի բերել իրենց տուները, պետութիւնն ալ վերանորոգէ քանդուած հիմնական եւ հրատապ պէտքերը շրջանին:
Նորաշէն եւ ի մասնաւորի այն տուները որոնց ամէն տեսակի ելեկտրական կազմածները նոր վիճակի մէջ գտնուած են բոլորն ալ գողցուած են եւ թալանի ենթարկուած: Աւազակախումբերը իրենց ետին ձգած են չորս պատեր՝ աղտոտ վիճակի մէջ, որոնց վրայ կարելի է կարդալ սպառնալիքներ եւ անհաճոյ գրութիւններ:
Իսկ այն տուները որոնց կահ կարասիները եւ ապրանքները աւելի հին վիճակի մէջ գտնուած են, կոտրտած են բոլորը, սկսելով լուացքի մեքենաներ, սառնարաններ, ապակեղեններ, տան ապակիներ, իսկ փողոցի դռները բոլորն ալ կոտրտուած են, զէնքի կապարներով կտրելէ ետք կղպանքները:
Երբ հարց տուինք բնակիչներուն այս բոլոր վկայութիւնները փոխանցեցին մեզի: Մեծ ցաւով կը խօսին մարդիկ, որովհետեւ տարիներու ընթացքին ամէն ընտանիք իրեն համեմատ սարգած էր իր տունը եւ բանակարանը հիմա այս դժուարին պայմաններուն մէջ պիտի վերսկսէին նորոգել ամէն ինչ հիմնուին: Անդին կան տուներ որոնք ստացած են հրթիռներու եւ ռումբերու հարուածներ որոնք կիսաքանդ վիճակի մէջ ձգած են այդ մարդոց տուները, այդպիսիներուն վիճակը բան մըն ալ աւելի ցաւալի է:
Երբ հարց տուինք իրենց թէ՝ ի՞նչու առտու կու գաք եւ երեկոյեան կը վերադառնաք, պատասխանը մէկ էր՝ տուները ի վիճակի չեն բնակեցումի, կենսական պէտքերը տակաւին չկան՝ ջուր, ելեկտրական հոսանք, հեռաձայնային կապեր, այս պայմաններու տակ դժուար է մնալ:
Բայց ի յայտ եկաւ որ կար ուրիշ շատ հետաքրքրական պատճառ մըն ալ՝ անոնք կը վախնային մնալու գիշերները, որովհետեւ աւազակներ եւ գողերու խումբեր կը շրջին եւ մնացեալ ապրանքները կը գողնան այն տուներէն որոնց ապրանքները հակառակորդ զինեալները չէին հաւնած:
Կը մնայ հարցական մը, արդեօ՞ք, ո՞րոնք են այդ գիշերային ուրուականները, որ ազատորէն կը ճեման եւ կը շրջին գեշերները Քէսապի մէջ ամբողջացնելու համար կիսատ մնացած առաջին խմբակի աւազակախումբերուն աշխատանքը, երբ ներկայիս շրջանը ամբողջութեամբ Պետութեան հակակշռին տակ է:
Պատասխանը կը ձգենք ընթերցողներուն:
ԱՍՏՂԻԿ
Հալէպ. Յունիս 24. 2014