ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Sunday, June 15, 2014 9:25 - 4 քննարկում
Ի Զուր մեր նախնիքները Նահատակուեցան …
Ի զու~ր մեր Մեծերը Ա՜խ Հայրենիք կանչելով մահացան, երազանք մնալով Հայրենի հողին վրայ ապրելու ցանկութիւնը:
Անոնք թիթեղէ շինուած հիւղերու եւ խաներու մէջ ամէնա դժուարին պայմաններու մէջ ապրեցան Հայրենիքի երազանքով , առնետներու հետ ապրեցան, զանազան տեսակի հիւնադութիւններով վարակուեցան, երբեմն ալ մահացան դրամի չգոյութեան պատճառով, բայց երբէք չմոռցան իրենց արմատները:
Անոնք, այդ դժուարին պայմաններուն մէջ պահպանեցին Հայ դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, տէր կանգնեցան հայոց լեզուին եւ պատմութեան:
Ի զուր մեր նախնիքները Նահատակուեցան, զրկանք ապրեցան, անկարելին ըրին հայրենի հողի պահպահման եւ գոյատեւման համար:
Մեզի, իբրեւ երեխաներ առաջին օրէն երբ սկսանք մանկապարտեզ յաճախել՝ ամէն ինչ է առաջ, Հայաստան, Հայրենիք, Հայրենիքի Սէր, Հայոց պատմութիւն սերմանեցին, Տէրունական Աղօթքի հետ միասին այս բոլորը սորվեցուցին, բայց շատ ափսոսալի է, ներկայիս Հայրենիքի վիճակը, որովհետեւ դավաճաններու ձեռքը ինկած է եւ հեռու չէ օրմըն ալ …
« Ուիգիլիքսը» գաղտնի թուղթեր ի յայտ բերէ, եւ ծանուցէ թէ՝ Մասիսը ծախուեցաւ:
Շատ ափսո~ս, այդ բոլոր չարչարանքները ապարդիւն մնացին, որովհետեւ եկան մարդիկ, որոնք Հայոց պատմութենէն իսկ լուր չունին, եկած են օտար մոլորակներէ , «ուրիշներուն հաշւոյն» քանդելու երկիրը, անուղակի կերպով ստիպելու հայրենի բնակչութիւնը, որպէսզի գաղթէ դէպի արտերկիր, դատարկելու համար Մայր Հայրենիքը:
Այսպիսիներէն, ի՜նչ կը սպասեր Սփիւռքը, պէտք չէր սպասեր, բայց չեր կրնար համոզուիլ թէ եղածը կանխամտածուած դաւաճանութիւն էր:
Սփիւռքը, տարիներով Հայրենիքի երազանքով ապրեցաւ, նկատի ունէր իբրեւ հիմնական եւ վերջնական ապաստան, այդ բոլոր երազները փարատեցան, երբ ականատես եղաւ Հալէպահաութեան ողբերգալի վիճակին՝ անտէր անտիրական մնաց:
Այսօր Հալէպը 21 ամիսներ է իվեր արիւնաքամ կ՛ըլլայ, Ո՜վ հետաքրքրուեցաւ, ո՛չ մէկը, Հայրենիքը ի՜նչ տուաւ, ո՛չ մէկ կեցուածք կամ իսկական օժանդակութիւն: Եթէ ցուցադրութեան համար սննդեղէն ղրկեցին այդ մէկն ալ ըրին, որպէսզի Սուրիական Կառավարութեան դիմաց ամօթով չմնան:
Հաւաքուած միլիոններէն, «ուղտին ականջը» հասաւ Հայաստանաբնակ գաղթականներուն: Մարդոց աչքերուն փոշի ցանեցին, մէկ տարուայ համար դպրոց բանալով: Յայտարարութիւններ եղան, իբրեւ թէ պարտքի գումարներ պիտի տան որպէսզի ամէն ինչ կորսնցուցած ընտանիքներ Հայրենիքի մէջ գործ հիմնեն եւ սկսին աշխատիլ: Այդ մէկն ալ չիրականացաւ, որովհետեւ զանազան արգելքներ առաջացուցին դիմում կատարող մարդոց դիմաց, երբեմն ալ առանց ամչնալու, շատ ծիծաղելի գումարներ առաջարկեցին իրենց:
Արդիւնք՝ Հայաստան ապաստնողները ապրեցան մեծ յուսախաբութիւն, անշուշտ անոնք որոնք մեծ գումարներ չունէին, իսկ ունեցողները իրենց գլխուն ճարին նայեցան գործ հաստատեցին եւ սկսան աշխատիլ: Կատարուած իրողութիւնները Հալէպի մէջ մնացեալ Հայութեան յուսախաբութիւն ապրեցուց, հասկցան որ «Մերիններ էն» ոչ մէկ յոյս չկայ, իրենք իրենց իւղով պիտի տապկուին, Աստուծոյ պիտի ապաւինին, որպէսզի պահպանէ իրենց եւ փրկէ այս դժոխքէն: Օտար երկիրներու դեսպանատուներէն ալ դրական կեցուածքներ չեղան եւ այսօր 21 ամիսներէ իվեր կը շարունակուի Հալէպահաութեան մղձաւանջը, արիւնաքամութիւնը, ամէն օր կը նուիր է Նահատակ մը կամ Նահատակներ, սպասելով խաղաղաութեան յայտնութիւնը:
Եօթանասունական թուականներուն երբ երգիչ՝ Լեւոն Գաթրճեան առաջին անգամ թնթացուց իր ցնցիչ երգով՝ Առաջ Մասիս Սառը Մերն էր, շատեր իրենց «խաթրին» առին սկիզբը, բայց վերջը արդէն ընդունած էին որ այս է ճշմարտութիւնը, խուսաբում չկայ: Այդ օրերուն աթոռներու վրայ բազմողներուն պատրուակն էր, թէ իրենց ձեռքը բան չկայ ընելիք, որովհետեւ իրենք ենթակայ են կոմունիստական վարչամեքենայի կոմկուսին:
1915-ի Հայոց Ձեղասպանութեան 99 տարիները բոլորեցինք իսկ ամէնա հետաքրքրականը այդ է որ այսքան տարիներ վերջ Հայոց դատի ծրարը Միջազգային ատեաններուն դիմաց ոչ մէկ դրական արդիւնք չունեցաւ, այդ մէկը արդէն ահազանգ կը հնչեցնէ թէ մեր դատը վտանգուած է եւ այս ձգձգումներուն իբր արդիւնք՝ Ձեղասպանութեան ծրարը պիտի անհետանայ եւ ոչնչանայ կորսուելով արխիւներուն մէջ, ինչէս նաեւ պիտի կորսուի Արեւմտեան հայաստանի հողերու հարցը որը ժամանակին ԱՄՆ-ի նախագահ Վ. Ուլսինի իրաւարար վճիռի հարցը, որովհետեւ ըստ միջազգային օրէնքներուն երբ եղելութեան մը վրայ կ՛անցնի հարիւր տարի եւ հիմնական եւ որոշ վճիռ մը չի կայանար, այդ դատը կը կորսնցնէ իր բոլոր իրաւունքները:
Ըստ երեւոյթին ժամանակը հասեր է, որպէսզի նորէն կազմուին վրիժառու խումբեր Թեհլիրեանի եւ անոր նման անձնուրանցներ որպէսզի արմատէն մաքրագործեն բոլոր դաւաճաններուն որովհետեւ այլեւս ձկան գլուխը հոտած է այդ պատճառաւ պայման է գլխէն սկսիլ մաքրագործումը:
Այս մակարդակի ստորինները գրիչով, խօսքերով եւ ազնուական կերպերէն չեն հասկնար, անոնց ճակատին կեդրոնը պէտք է հանգստանայ փամփուշտը՝ Վրիժառու բազուկին …
ՃՕՆԻ ԵԱՄԱՆԵԱՆ
Armenian Song Arach Massis Sare Mern Er (Levon Katerjian)
4 քննարկումներ
SVETLANA MARGARYAN