ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Thursday, June 5, 2014 20:50 - չքննարկված

Մահասփիւռ Հալէպէն` Կեանքի Արձագանգներ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ http://www.aztagdaily.com/

Այս օրերուն Դիմատետր տրուած «այցելութիւնը» միայն տխրութիւն կը ներարկէ եւ ծանր շունչ մը կը փոխանցէ: Ծանր` Հալէպի հայաշատ շրջաններուն, հայաշունչ կառոյցներուն եւ հայակերտ դպրոցներուն վրայ ինկած ռումբերուն չափ, տխուր` մարդու նկատմամբ, յատկապէս հարազատ հայու նկատմամբ ի գործ դրուած այս ոճրագործութեան ահաւորութեան չափ:

Աւերակներ արտացոլացնող նկարներուն մէջ սկսան երեւիլ հայատառ գրութիւններով կամարներ, հայերու անուններ կրող ցուցատախտակ-ցուցափեղկեր, Արեւմտահայաստանի զանազան շրջաններուն եւ մեր մեծ դէմքերուն անունները կրող շէնքերու մնացորդներ…

nԿայքէջերը կը պրպտես, նո՛յն ցաւն է, նո՛յն վիշտը, նո՛յն մտահոգութիւնն ու նո՛յն անաստուածութիւնը… Իւրաքանչիւր հալէպահայ իր թաղին կամ շէնքին այլանդակ վիճակը պատկերող նկարին տակ յիշատակներու երթ կը կազմակերպէ, կանգունին եւ աւերակին միջեւ բաղդատութիւն կը կատարէ, ընթերցողին աչքերէն արցունք ու բարկութիւն խլելու չափ ցաւով, ցասումով եւ կարօտով կ՛արտայայտուի` չկարենալով ճշդել, թէ արդեօք աւարտ կա՞յ, մութով օծուն փակուղիին մէջէն լոյսը պիտի սպրդի՞, կրկին այդ փողոցները զինք իրենց գիրկը պիտի առնե՞ն, պատշգամներէն հայերէն լեզուն անցորդին ականջները պիտի շոյէ՞, այցելուները պիտի զմայլի՞ն` ի տես ամբողջ թաղի մը ցուցափեղկերուն կրած հայկական անուններուն… Տեղադրուած նկարներուն տակ կատարուած մեկնաբանութիւններուն մէջ անպայման այդ յոյսը կու գայ շունչ մը տալու, հալէպահայերու (Հալէպի մէջ թէ անկէ դուրս գտնուող) թէկուզ խաբկանք թուող հաւատքը ժպիտ մը կ’ուրուագծէ, այլ հայորդիներու զօրակցող խօսքերը համբերութեան բաժակը կը պարպեն չափով մը…

Սուրիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր դանդաղ-դանդաղ, երբեմն-երբեմն հայկական թաղամասերը հարուածող ահարկու ու քստմնելի թաթը այս անգամ իր ամբողջ ուժգնութեամբ թիրախ ընտրեց ցարդ այսպէս կամ այնպէս իրենց գոյութիւնը պահպանող հայաշատ շրջաններն ու տառապանքն ու մահուան սպառնալիքը անտեսող եւ կեանքին ու գոյատեւման կառչած մեր քոյր-եղբայրները:

Այդ քոյր-եղբայրներուն արձագանգները չեն ուշանար այս անգամ ալ… Հազիւ այդ թաթին ծանրութեան տակէն դուրս ելած, տակաւին թաթին շուքին տակ իսկ, անոնք կը յայտարարեն իրենց գոյատեւումը, կ՛արձագանգեն եւ զգաստութեան կը հրաւիրեն նախ հայութիւնը, ապա` աշխարհը: Արձագանգներ, որոնց մէջ տակաւին ծանրօրէն կը շնչէ կեանքը, գլուխ կը բարձրացնէ տոկալու կամքը, յոռետեսութեան զգեստը կրելով հանդերձ, լաւատեսութեան ալ փոքր տեղ մը տալու փորձը… Սակայն ոչ հեռու հորիզոնին վրայ կ’երեւի գաղութի, յատկապէս հալէպահայութեան գոյատեւման սպառնացող իրավիճակէն ծնունդ առնող մտավախութիւնը, ցաւն ու տագնապը` ի տես հայահոծ շրջանի մը կործանումին եւ դատարկումին, ցասումը` կատարուածին դէմ ծառանալու, արդարութիւն գոռացող ձայնը ռումբերու պայթիւններէն վեր պահելու` պահանջելով նուազագոյն ապրուստի պայմաններու վերականգնման համար ջանքերու գործադրութիւն…

10388527_474623496014413_1877562000_n«Սուրիական օրագրութեան» «մօրմէն» կու գայ առաջին արձագանգը` ի պատասխան իմ մտահոգ ե-նամակիս. «Կը հարցնես ապրած թաղս. բայց թաղամասը գրեթէ կապ չունի, քանի որ վտանգը ամէն տեղ է ու շատ որոշ: Պարզապէս մահուան ներկայութեան վարժուեր ենք, ակամայ համակերպումով: Ինծի համար մեծ ցաւ է Նոր Գիւղին վիճակը. հարուածները հոն շատ են, ու կը պարպուի: Գաղութն է, որ կը քայքայուի, ու թուրքին ուզածը կ՛իրականանայ»:

Լալա Մինասեան անգամ մը եւս, ինչպէս յօդուածներուն մէջ, անձնականէն անդին է, իր գոյութիւնը պահպանելու մղձաւանջէն շատ աւելի հեռուն երթալով` կը տառապի գաղութին ճակատագիրով, կը ցաւի հայութեան կարեւոր կեդրոնները համախմբած ու հայահոծ թաղամասի մը մէջ տեղի ունեցածին ի տես: Հպարտալի ու սիրտ լիացնող է ե-նամակներ ստանալ իրմէ եւ տեսնել, թէ մահուան ներկայութեան վարժուած այս հայորդին տակաւին ուժն ու յանդգնութիւնը ունի նորանոր «օրագրութիւն»-ներու ծնունդ տալու` մարտահրաւէր կարդալով ինքնին մահուան…

Դիմատետրի վրայ ընթերցողը «կ’ողջունէ» «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի ցնցիչ կանչը` «Ո՞ւր էք… Ո՞ւր…»:

«Աննկարագրելի էր անցնող օրերուն Նոր Գիւղի աղէտը: Բարբարոսներու անմարդկային արարքներու իբրեւ հետեւանք` քանդուեցան հայ ընտանիքներուն տուները, լրջօրէն վնասուեցաւ ՍՕԽ-ի` բարեսիրական ու մարդասիրական հաստատութեան ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ տագնապի ամբողջ երեք տարիներուն ընթացքին օժանդակութեանց կեդրոնի, ընտանեկան երդիքի դեր կը խաղար հայ կեանքին մէջ, տակաւի՛ն, վնասուեցան եկեղեցի, դպրոց, հայկական համալիրներ… Մարդիկ ժամերու ու վայրկեաններու մէջ կորսնցուցին իրենց ընտանեկան բոյնը: Այս բարբարոսութիւնը լուռ պէտք չէ անցնի, ո՞ւր էք հայկական լրատուամիջոցներ, ո՞ւր են ձեր դատապարտման կոչերը… Միայն տեղեկատուութիւն փոխանցել ու անցնի՞լ է մեր պարտականութիւնը… Յարգա՛նք` ակումբի նուիրեալ տղոց, որոնք անտեսելով իրենց կեանքի ապահովութիւնը` փութացին օգնելու, ամոքելու, բուժելու, գէթ փրկելու կեանքը Նոր Գիւղի բնակիչներուն…

10388527_474623496014413_1877562000_n

10411312_10152190883322613_6244177232927562511_n

10419644_474625506014212_163620315_n

10425368_10201775340658053_4744356407734167512_n

10443876_474623796014383_1591689435_n

10447205_474625356014227_1196849869_n
«Անմարդկային այս արարքները լուսարձակի տակ բերել է պէտք, որովհետեւ անոնք ո՛չ պայքարի, ո՛չ յեղափոխութեան եւ ո՛չ ալ վարչակարգ տապալելու ուղղուած քայլեր են, այլ` ատելութեան ու ոճրային տրամաբանութեան դրսեւորում: Այստեղ ո՛չ գաղափարական տարակարծութեան տրամաբանութիւն կայ, ո՛չ երկիրը աւելի ժողովրդավար դարձնելու նախանձախնդրութիւն, ո՛չ ալ յեղափոխականի բարոյական նկարագիր: Պարզապէս` ահաբեկչական տրամաբանութիւն…»:

Հակառակ անապահովութեան, տագնապալի վիճակին, արձակազէններուն սպառնալիքին, «Գանձասար»-ի եւ «Բերիոյ նիուզ»-ի մեր սիրելի պաշտօնակիցները պատնէշի վրայ են, երկրին ու գաղութին պատկերը կը հասցնեն համայն աշխարհին… Սակայն կացութեան ծանրութիւնը տանելի ըլլալէ հեռու է քիչ մը, իսկ խմբագիրին կոչը այդ մէկուն յստակ դրսեւորումն է…

Սալբի Գասպարեանին Դիմատետրի էջին վրայ մնայուն ներկայութիւն է Հալէպը.

«Հալէպ … Հալէպ …

«Երեք օրերէ ի վեր արդէն վիրաւոր հայաբնակ Նոր Գիւղը արիւնաքամ կը դառնայ… Կոյր ռմբակոծումներու թիրախ դարձած են Սուրիահայ օգնութեան խաչի կեդրոնը, Ազգ. Սահակեան եւ Զաւարեան վարժարանները, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, «Կիլիկիա» եւ «Սիս» բնակարանային համալիրները, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ բնակարաններ եւ գործատեղիներ…

«Տեղին է դիտարկել թրքական գործօնը, որ առիթ չի փախցներ իր արիւնոտ թաթը պտտցնելու հայապատկան շրջաններուն վրայ…

«Նոր Գիւղը յայտարարուած է ԱՂԷՏԻ ԳՕՏԻ …

«Հիմնայատակ կը կործանի յետեղեռնեան տարագիր հայութեան առաջին կայքն ու վերապրումի օրրանը…

«Տարագիր հայութեան պատմութիւնը, Նոր Գիւղի նմանակով հայաբաբախ զարկերակ մը եւս երբեք ու երբեք պիտի չունենայ…

«Եւ ո՛չ միայն Նոր Գիւղը, այլ նաեւ` հայաբնակ այլ վայրեր ծանր վնասներ կ՛ունենան …

«Ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ մղձաւանջը այս …

«Ե՞րբ …»:

Սուրիական իրականութեան մէջ առկայ ամէն տեսակ խոչընդոտ անտեսած եւ Հայ դատի հետապնդման պայքարի ձեռնարկած Սալբի Գասպարեանին տագնապը մտահոգիչ է, որովհետեւ ան լաւատեսութեան ու յոյսի թէկուզ փոքր նշոյլ պահած ու փոխանցած է միշտ: Դանակը ոսկորին հասած է արդէն… Ե՞րբ, կը հարցնէ արդարացիօրէն… Երանի՛ պատասխան ունենար մէկը…

Տակաւին շա՜տ ու շա՛տ այլ արձագանգներ, բազում կոչեր, բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ, սակայն բոլորին մէջ ալ` մէկ տիրական բան…

10447205_474625356014227_1196849869_nՅարգա՛նք` անջուր եւ անլոյս օրերուն իսկ լաւ ըլլալու տպաւորութիւն ստեղծել ուզողներուն նկատմամբ…

Յարգա՛նք` հեռաձայնին միւս կողմէ լսուող պայթիւնները անտեսելով` «մեզմով մի՛ մտահոգուիք» ըսողներուն նկատմամբ…

Յարգա՛նք` մահը իբրեւ շուք ունենալով հանդերձ, իրենց պարտականութիւններուն կառչած եւ գաղութի ծառայութեան լծուածներուն նկատմամբ…

Յարգա՛նք` հայկական կարեւոր գաղութի մը ապագային հաւատացողներուն եւ անով մտահոգուողներուն նկատմամբ…

Յարգա՛նք` բաց աչքով քնացող եւ որեւէ վայրկեանի օգնութեան հասնելու պատրաստակամ տղոց նկատմամբ…

Յարգա՛նք` իրենց տուներուն փուլ գալէն ետք միայն զայն լքածներուն, ջուրի տեղ զովացուցիչով ծարաւ յագեցնողներուն, տունը հաց թխողներուն նկատմամբ…

Յարգա՛նք` մահը անտեսելով կեանքին կառչածներուն, ցաւը անտեսելով պայքարողներուն, կենցաղային տագնապը մոռնալով` գաղութին մասին մտածողներուն, անձնականէն շատ աւելի վեր ելլելով` մի՛շտ ու մի՛շտ հաւաքականին մասին մտածողներուն նկատմամբ…

Կը մնայ միայն խոնարհիլ նմաններուն դիմաց եւ բուռն կերպով յուսալ, ի խորոց սրտէ մաղթել, որ Լալա Մինասեանին «թուրքին ուզածը կ’իրականանայ» մտավախութիւնը կարելի ըլլայ ազգովին փարատել, Զարմիկ Պօղիկեանի «ո՞ւր էք»-ին արժանի պատասխան տալու ատակ ըլլանք, իսկ Սալբի Գասպարեանի «ե՞րբ»-ին պատասխանը չուշանայ…



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ