ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Friday, April 11, 2014 3:47 - 3 քննարկում
Մեր Միակ Ապաստանը …
Երկու շաբաթէ իվեր տարօրինակ փոթորիկ մը կը շրջի ամէն տեղ, Քէսապի հարցով: Հետաքրքրականէ թէ ի՞նչու այս խառն վիճակը: Արդեօք հարցերուն հետեւողները անտեղեակ են թէ՝ կացութենէն բան մըն ալ պիտի չի փոխուի ինչ ալ ընենք, Յունաստանէն սկսեալ հասնելով Լիբանան ցոյցեր կատարեցինք, ի՞նչ փոխուեցաւ:
Հալէպը քսան ամիսներ է իվեր աւելի ծանր վիճակի մէջ կ՛ապրի, արիւն կը հոսի եւ կուլայ, եւ տակաւին կը շարունակուի ողբերգութիւնը: Պոռացին, կանչեցին, կոչեր ուղղուեցան, արդիւնք, ոչինչ: Իսկ աւելին՝ Քէսապի հարցէն նորէն ամենամեծ վնասները կրեցին Հալէպահայերը, կարծէք անցնող քսան ամիսներուն ստացած հարուածները չէին բաւեր վրայ հասաւ այս հարուածը:
Պէտք է յիշեցնել որ՝ վերջին քառասուն տարիներու ընթացքին Քէսապի մէջ կառուցուած ամէն տեսակի շէնքերուն եւ «վիլլաներուն» 95 տոկոսը Հալէպցիները գնեցին, այսինքն ամէն մէկ ընտանիք իր կարողութեան համաձայն դրամագլուխ տրամադրեց եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քէսապի բարեզարդման եւ վերելքին: Այսինքն հարուածին ծանր հետեւանքները հասան մինչեւ Հալէպցիներուն
Անցնող քսան ամիսներու ընթացքին՝ հսկայ զանգուած մը, որ հասաւ 15 – 20 հազար հոգիի, ձգեցին տուն տեղ եւ քաղաքէն եւ երկրէն հեռացան: Անոնց մէկ երրորդը կորսնցնելով իր տունը, գործը, աշխատանքը եւ խանութը մնաց մէջտեղ, ստիպուած գնաց ապահով ապաստան եւ գործ գտնելու միտումով որպէսզի կարենայ շարունակել գոյատեւել եւ ապրիլ: Ուրիշ երրորդ մը գործը կորսնցնելուն պատճառով՝ աւելի ապահով քաղաք փնտռեց եւ գնաց մանաւանդ որ անոնց մէկ մասը օտար երկրներու մէջ կեցութեան իրաւունք ստացած էր շատ վաղուց: Մնաց միւս երրորդը, որոնց համար տարբերութիւն չեր ըներ եւ տնտեսական վիճակը կը ներեր առին իրենց ընտանիքները եւ հեռացան:
Այս բոլորին ականատես եղաւ ողջ աշխարհը, ո՞վ, ի՞նչ ըրաւ կամ ի՞նչ կրցաւ ընել կամ փորձեց կացութենէն բան մը փոխել, ոչ մէկը:
Գացողներուն առաջին խմբակը, ուր որ կեցութիւն հաստատած է, մինջեւ այսօրս կ՛ապրի կեանքի կենսամակարդակէն 100 աստիճան նուազ, խղճալի եւ ահաւոր պայմաններու մէջ:
Արդեօ՞ք խուլ էին կամ համր, թէ կոյր, մեծ պետութիւն կոչուածները, կամ ամէն օր մարդկային իրաւունքներ իբրեւթէ հետապնդող եւ պահանջող կազմակերպութիւնները: Ոչ մէկն ալ ձեռք չերակարեց:
Մենք իբրեւ Հայ Ազգ, ե՞րբ պիտի տեսնենք եւ ճանչնանք իրականութիւնները ինչպէս որ են: Ե՞րբ պիտի հասկնանք թէ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ոչ մէկ օտար օգնութեան հասեր է մեզի: Երեցները կ՛ըսէին եւ կ՛երգէին՝ «Օտարէն Ֆայտա» չկայ եւ չի կրնար ըլլալ՝ Ի՞նչու պիտի օգնեն վասն ի՞նչի: Մենք պարակտուած, իրարու միս ուտող մարդիկ ենք, միայն իրարու գլուխ կը ջարդենք եւ կը փշրենք, միակամ չենք, մեր ի՞նչին դրական քայլ պիտի առնեն:
Հարիւր տարիներ առաջ նոյն պետութիւնները չէի՞ն, որ ականատես կ՛ըլլային, թէ ինչպէս Ազգ մը արմատախիլ կ՛ըլլար իր հողէն, տունէն եւ տեղէն կը տանէին ամէնա վայրագ կերպով սպաննելու, մորթելու, ոչնչացնելու, ի՞նչ ըրին:
Մէկ մասը ամէն ինչ վերջանալեն ետք կոկորդիլոսեան արցունքներ թափեց, միւս մասը կռնակը դարձուց չտեսնելու եկաւ, իսկ մնացեալն ալ ջայլամներու նման գլուխնին մխրճեցին աւազին մէջ չտեսան իբրեւթէ: Ոչ մէկուն մազն իսկ չի շարժեցաւ:
Մեծ երկիրներուն կեցուածքը միշտ նոյնը եղած է: Այն կացութիւնը որ իրենց նպատակը իրագործելու կը ծառայէ եւ իրենց շահը կապահով է, պատրաստեն կատարելու, նոյնիսկ եթէ արժէ միլիոնաւոր մարդոց կեանքին ոչնչացումը, եւ պատճառ դառնայ երկիրներուն քանդումին եւ փլատակի վերածուելուն:
Որո՞ւ հոգն է, ոչ մէկին:
Այդ երկիրներուն «բարի նպատակը» տկարութիւն, մարդկութիւն, խիղճ, գութ, չի ճանչնար: Հիմնականը, իրենց շահն է, այդ շահը ապահովելու համար պատրաստեն քաղաքներ գետնի հաւասարեցնել, միլիոնուոր անմեղներ, դիակներու վերածել:
Իսկ մենք իբրեւ Հայ Ազգ, շատ զարմանալի ենք, կը շարունակենք յամառօրէն յուսալ, որ եթէ բողոքներ ներկայացնենք, դրօշակներ այրենք, նկարներ պատռտենք, արդիւնքի պիտի հասնինք:
Հարիւր տարի է այս ոճը որդեգրեցինք, ի՞նչ արդիւնքի հասանք: Ոչ մէկ, եւ ոչ ալ պիտի հասնինք, որովհետեւ այդ բոլոր աշխատանքները իրենց նպատակին հասնելու համար, մենք կարիքը ունինք ամէնէն առաջ, միակամ ըլլալու, մէկ բռունցքի վերածուելու, մէկ բռունցքի վերածուել է առաջ, մեր մէջ ՍԻՐՈՅ բոցը պէտք է որ բոցավառի անմար կերպով մէկզմէկու հանդէպ, պիտի սիրենք իրար մեր անձէն իսկ աւելի, պիտի գուրգուրանք եւ տէր ըլլանք մեր Երկրին, մեր Հայրենքին, եւ երբ ունենանք Հզօր եւ Վստահելի Պետութիւն եւ Իշխանութիւն, փաստել ողջ աշխարհի պետութիւններուն թէ ինք իր կողքին եւ ետին, ունի ուժեղ, միակամ, մարտնչող, Հայրենիքի ազատութեան եւ բարօրութեան համար պատրաստ է ամէնաթանկը նուիրել: Իսկ ինք՝ պետութիւնը ապացուցէ թէ ինքն ալ նախանձախնդիր եւ հոգատար է իր ժողովուրդին, այդ ժամանակ է որ բոլորն ալ կը ստիպուին խոնարհելու, գլխարկ բարձրացնելու, ա՜յ այդ ժամանակ մեր բոլոր դիմումները, բողոքները, ձայները, կարելի է որ լսելի դառնան, որովհետեւ յարգուած եւ պատուուած Երկիրներու շարքին դասուած պիտի ըլլանք եւ մենք զմեզ պարտադրած պիտի ըլլանք բոլորին:
Անցեալին, շրջան մը վրիժառու բազուկներ, իրենց նախաձեռնութեամբ եւ Նահատակութեամբ ողջ աշխարհին ուշադրութիւնը դարձուցին Հայ Ազգի նկատմամբ կատարուած ոճիրներուն եւ եղեռնին, պահանջատիրական դատին, բայց որովհետեւ «շատերու հաշուին» չեր եկած այդ գործողութիւնները, «գլուխներուն եւ ղեկավարներուն» սպաննեցին որպէսզի անկատար մնայ անոնց սկսած Սուրբ Առաքելութիւնը:
Ուրեմն կը մնայ մեզի, հաստատել եւ հիմնել՝ Հզօր եւ Վստահելի Պետութիւն եւ Իշխանութիւն:
Ճիշդ է որ կրնայ ըլլալ մեծ դրական արդիւնքներու չհասնինք սկիզբի օրերուն, բայց անոնց դրական անդրադարձը ամպայմանօրէն պիտի ստանանք, որովհետեւ նորէն պիտի վերադառնանք նոյն կետին, մեծ պետութիւններուն շահերը այդ օրերուն ինչ որ պահանջէ, այդ է որ պիտի ընեն. բայց նուազագոյնը մեզի նկատի պիտի ունենան եւ հաշիւը ընեն որորվհետեւ մենք Հզօր եւ միակամ Պետութիւն եղած պիտի ըլլանք եւ ի վիճակի պիտի ըլլանք մեր ձայնը լսելի դարձնելու եւ մեր պահանջատիրական իրաւունքները միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն ներկայացնելու եւ ճնշելու, որպէսզի մեր հարցերը ամէնա բարձր ատեաններուն սեղանին վրայ յայտնուի:
***
Մեր միակ ապաստարանը եւ ապահովութեան բերդը՝ մեր Հայրենիքն է որը մեր կանքուն ամրոցն է, որու մէջ պիտի հաստատուի եւ ապաստանի ողջ Հայութիւնը, բայց այնքան ժամանակ երբ Սփիւռքահայութիւնեան թիւը կը գերազանցէ Հայրենի բնակչութեան թիւը չորս կամ հինգ անգամով, մենք պիտի մնանք եւ ըլլանք ոտակոխան բոլոր երկիրներուն, պիտի ըլլանք խամաճիկներ եւ գործակատարներ, ինչպէս որ են եւ էին անկախութենէն իվեր ղեկի վրայ անցնող ղեկավարները, որոնք այնքան ահաւոր վիճակի մէջ ձգեցին երկիրը որ քիչ մըն ալ եւս մեր ձեռքը «Թուղթէ Շերեփ» իսկ պիտի չանցնի եւ պիտի մնանք միշտ անկատար անցեալին մէջ:
Մեզի կը մնայ միակ լուծում որպէսզի իրականացնենք մեր երազանքը՝ աճիլ եւ բազմանալ, ապրիլ եւ ստեղծագործել մեր հայրենի հողին վրայ: Իրականցնելու համար պէտք է միակամ ըլլալու գաղափարով մօտենանք իրարու, թէկուզ ամէն մէկը տարբեր համոզումներ ունենայ որը առողջ նշանէ բայց կարեւորը հիմնականն է, մեր հայացքները ուղել դէպի Երկիր:
Անկախութենէն իվեր, անցնող երկու տասնամեակներուն ընթացքին ղեկավարութեան գլուխը անցնողները, աթոռներուն վրայ բազմողները եւ բոլոր իշխանութեան հետ գործակցողները, փաստեցին թէ իրենք ոչինչներ էին, ոչինչէն եկան եւ միլեառներու տէր դարձան՝ ծծելով արիւնը ժողովուրդին եւ կուլ տալով երկրի եկամուտները:
Անոնց ամէնա մեծ մեղսակիցները եղան շատ մը նորաստեղծ եւ երբեմնի փառքերու տէր կուսակցութիւններ: Բոլորն ալ փաստեցին թէ իրենք մէկական խամաճիկներ էին օտարներու ձեռքը եւ հտպիտներ ու ծաղրածուներ իրենց դերասանական արտայայտութիւններով:
Փաստօրէն անոնք անցեալին կոչուած «Տէոնմաներու» սերունդներ են էին, եկած էին եղածը իւրացնելու, երկիրը սնանկացնելու, անարդարութիւններ եւ «Մաֆյական» կերպով իշխելու մարդոց վրայ, հասցնելու համար ժողովուրդը զերոյէն նուազ մակարդակի մը, որպէսզի ստիպուին բոլորն ալ դուրս գալ երկրէն, գաղթել անվերադարձ, երթան ապրին օտար ափերու մէջ ապրուստ ապահովելու համար: Այսպիսով անոնք կ՛իրականցնէին իրենց յանձնուած առաքելութիւնը՝ Հայաստանը առանց Հայութեան վիճակին հասցնել: Ատկէ վերջ արդէն շատ հեշտ կ՛ըլլայ վերջին «պազարն»ը, իրագործել ծախելով Երկիրը այնպէս ինչպէս որ է: Այսպիսով յստակ կ՛ըլլայ նոր երգին բառերը: Անցեալին երգուեցաւ՝ «Առաջ Մասիս Սառը Մերն եր», այս անգամ՝ «Առաջ Հայաստանը Մերն էր» բառերով:
Հիմա ճիշդ ժամանակն է որպէսզի Սփիւռքի եւ Հայաստանի վրիժառուները քով քովի գան, հիմնական ծրագիր մշակեն եւ ձեռք ձեռքի սկսին մաքրագործումի: Այլեւս սպասելու ժամանակ չկայ, եթէ կ՛ուզենք պահպանել եւ տէր կանքնիլ Մեր Հայրենի Հողին, եւ ամէնակարճ միջոցին այս ծրագիրը պէտք է գործադրուի:
Անցնող շրջաններուն եկած ու գացած կամ տակաւին մնացածներուն ունեցած՝ կալուածները, պալատները, գործատեղիները հողերը եւ կալուածները մէկ խօսքով այն ինչ որ իրենց եւ իրենց եօթը պորտին անունին արձանագրուած ինչքեր էին, բոլորը կը վերադարձուին երկրի պետական հիմնարկներուն կամ իրենց տէրերուն եթէ անօրէն կերպով իւրացուած են նոյնիսկ օտար երկիրներու մէջ պահ դրուած գումարները եւ բոլոր ինչքերը կը վերադարձուին ժողովուրդին եւ երկրի տնտեսականի «պիւտճէին»:
Այս բոլորը կատարուելէն վերջ, բոլորն ալ անխտիր կը դասուին իբրեւ երկրի դաւաճաններ:
Այս բոլորը իրականացնելէ վերջ եւ երկրին մէջ արդարութիւն եւ օրինականութիւն հաստատելէ ետք, միայն այն ատեն մենք իբրեւ Պետութիւն եւ Ժողովուրդ եւ Ազգ, աշխարհի բոլոր երկիրներուն եւ ազգերուն ՅԱՐԳԱՆՔԻՆ կ՛արժանանաք եւ նորից նոր վստահութիւն ներշնչելով բոլորին կը ստանանք աջակցութիւններ երկրի վերակառուցման եւ զարթօնքին:
Այլապես պիտի մնանք ներկայի ստրկային եւ ոտնակոխուած վիճակին մէջ, այս «Ալի Պապաները» եւ իրենց գողերը պիտի երթան եւ նոր «Ալի Պապաներ» գան իրենց արբանեակներով մինջեւ որ վերջին հայը դուրս շպրտեն Հայրենի Հողէն:
Եթէ Մենք՝ Հայերս չիրագործենք այս մաքրագործումի ծրագիրը, երբէք չսպասենք որ օտարները գան եւ օգնեն մեզի եւ ձեռք կ՛երկարեն, վասն Մեր Ազգի բարգաւաճման եւ վերելքին:
ԿԱՆԹԵՂ
Ապրիլ, 04, 2014
3 քննարկումներ
Suren