ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ Admin. Sunday, March 23, 2014 23:34 - չքննարկված
Հայաբնակ Քեսապը Անկում Կ’ապրի. Հայաստանեան Իշխանութիւնը Լուռ է, Մամուլը՝ Անտարբեր
Պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն գոյատեւած հայկական Քեսապը այսօր անկում կ’ապրի, իսկ հայաստանեան իշխանութիւնը զարմանալիօրէն լուռ է եւ մամուլը անտարբեր։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ի համար Քեսապը կորսնցնելը հաւասարազօր է Շահումեանի անկման։ Ան Հայաստանէն դուրս գտնուող ամենահին հայկական գիւղն է, ունի հարուստ պատմութիւն, ուրոյն դիմագիծ եւ մշակոյթ։
Չքնաղ բնութիւն ունեցող այս աւանը եղած է յատկապէս Սուրիահայ երիտասարդութեան ամենասիրելի ու յիշատակներով լի վայրը, մեր կեանքի պատանեկան ու երիտասարդութեան ամենալաւ օրերը անցուացծ ենք այնտեղ՝ մասնակցելով տարբեր բանակումներու։
Տեղի աւանդական տօներուն եւ ամրան տօթին Քեսապը եղած է հայութեան հաւաքատեղին։
Այսօր այդ բոլորը վերանալու իրականութեան առջեւ կը գտնուին եւ մենք լուռ ենք։ Մահաքունի մէջ է յատկապէս հայաստանեան իշխանութիւնը, իսկ հայաստանեան մամուլի արձագանգը՝ շատ “ի միջի այլոց”… Հաւանաբար որովհետեու Կիմ Քարտաշեան Քեսապ չէ այցելած, կամ ռուական օդանաւ մը չէ, որ այնտեղ վայրէջք կատարելու ընթացքին ցնցուած է ու հայու մը քիթը վիրաւորուած։
Ե՞րբ պետական ու ազգային մտածողութիւն պիտի ունենանք, ե՞րբ միասնական պիտի դառնանք ու զատորոշենք խիստ կարեւորը անկարեւորէն։
Հիմի էլ լռել չենք կրնար…
ԶՕՐԱՒԻՔ ԿԱՆՔՆԻՆՔ ՔԵՍԱՊԻՆ