ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Saturday, March 22, 2014 0:58 - 3 քննարկում

Յարձակում Քեսապ Հայաւանի Վրայ

Թուրքիոյ կողմէ երեք սահմանային կէտերէ յարձակում գործուած է Քեսապի վրայ։ Այս մասին կը յայտնէ Almayadeen-ը։

Յարձակումը սկսած է այսօր առաւօտեան ժամը 5:00-ին, բնակիչները լեռ բարձրացած են վտանգէն հեռու մնալու համար, մէկ մասը տեղափոխուած է Լաթաքիա։ Պասիթի մօտ երկու հրթիռ իյնկած է։

Սուրիական զօրքը այժմ կը պաշտպանէ աւանը ետ մղելով զինեալները։

Բախումներու հետեւանքով զոհեր կան, անոնց մէջ հայեր չկան։

Սուրիական օդուժը կը հարուածէ զինեալ խմբաւորումներու հաւաքատեղիները։

Քեսապի մէջ մարտերը կը շարունակուին։

Սուրիական զօրքը Պասիթի Ճանապարհը փակած է յանուն բնակչութեան ապահովութեան։

ժամը 16:00-ին

Քեսապի վրայ յարձակումները յանձն առած են «Ալ Նասրա» եւ «Ալ Իսլամիէ» ճիհատական խմբաւորումները։

Քեսապի մէջ մարտերը կը շարունակուին, աւանի մէջ գրեթէ բնակիչներ չեն մնացած, բանակայինները կը փորձեն տարհանել մանացածները եւ հասցնել ապահով վայր։

Սուրիական բանակն ու զինեալ խմբաւորումներու միջեւ հակամարտութիւնը կը շարունակուի: Բնակիչները միանալով բանակայիններուն՝ զինեալներու բամբուշտներու տարափին տակ կը փորձեն հասնիլ Քեսապի սահմանային անցքը, որ ըստ ոչ ստոյգ տեղեկութիւններու այժմ զինեալներու հսկողութեան տակ է։

Սուրիական բանակը իր հսկողութեան տակ կ’առնէ զինեալներու գրաւած որոշ կէտեր։

16:00 Քէսապի մէջ մարտերը բանակայիններու եւ զինեալ խմբաւորումներու դէմ կը շարունակուի, սուրիական բանակը կը շարունակէ իր յառաջընթացը, զարկերու տարափ բանալով, մինչ թրքական հողերուն վրայ գտնուող ուժայիններ կը հարուածեն բանակը՝ արգիլելով անոնց յառաջընթացը եւ առիթ ստեղծելով ահաբեկիչներուն, որ փախուստի դիմեն։

Նախնական տուելներով կայ 11 զոհ, վիրաւորներու թիւը առայժմ յստակ չէ։

19:30 Սուրիական բանակը եւ օժանդակ զօրքը հասաւ “Սեւ աղբիւր” եւ սահմանային գօտի՝ զայն ազատագրելով զինեալ խմբաւորումներէն։

“Նապը ալ մուր”-ը նոյնպէս Սուրիական բանակի հսկողութեան տակ անցած է։

http://www.yerakouyn.com/?p=53115



3 քննարկումներ

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

Artin
Mar 22, 2014 22:33