ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Tuesday, January 14, 2014 2:21 - չքննարկված

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է ՄԱՍ 5

Ե. Ինչպէս աշխուժացնել եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ հասարակական առաքելութիւնը եւ զայն կենսագործել ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ, այլ խօսքով՝ ըլլալ ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար:

Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի կանոններուն մէջ հետեւեալ ձեւով սահմանուած է Եկեղեցի հասկացողութիւնը. «Քանզի եկեղեցի մեզ ո’չ ցուցանէ պատուիրանն Աստուծոյ որ ի քարանց եւ ի փայտից է շինեալ, այլ զհաւատով շինեալ զազգս մարդկան ի վերայ վիմին հաստատութեան. ապա ուրեմն ճշմարիտ հաւատն է եկեղեցի, որ գումարէ եւ շինէ զմեզ ի մի միաբանութիւն գիտութեան որդւոյն Աստուծոյ» («Որովհետեւ Եկեղեցին քարեղէն կամ փայտէ շինուած Աստուծոյ պատուիրանը չէ՛ որ կը ցուցնէ մեզի, այլ հաստատուն վէմի վրայ հաւատքով կերտուած մարդկային ցեղը. ապա ուրեմն Եկեղեցին՝ ճշմարիտ հաւատքն է, որ Աստուծոյ Որդին ճանչցողներու միաբանութեան մը մէջ կը մէկտեղէ մեզ:» Սոփերք Հայկականք, Բ. Էջ 100-101): Պարզ բացատրութեամբ՝ ժողովուրդը նոյն ինքն Եկեղեցին է, եւ ո՛չ թէ քարէ կամ փայտեայ շէնքը:
Պատմութենէն գիտենք որ հայ հոգեւորականը եղած է ժողովուրդին դաստիարակը թէ՛ եկեղեցւոյ մէջ եւ թէ՛ եկեղեցւոյ շրջաբակէն դուրս, անոր ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ:
Հսկայ քայլ մը նուաճած կ՛ըլլանք Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան աշխատանքին մէջ, եթէ նոյն բծախնդրութիւնը ցոյց տայ այսօր եկեղեցականութիւնը, եւ անգամ մը եւս ստանձնէ ժողովուրդին կրօնական դաստիարակութիւնը, ներկայ դարուն պայմաններուն եւ պէտքերուն համաձայն, եւ զայն արտացոլացնէ ժողովուրդի ընկերային հասարակական կեանքին մէջ:
Առաջին. Եկեղեցին լաւագոյն բեմն է կրօնական դաստիարակութեան համար, եթէ ունենանք անշուշտ՝ Ս. Գրոց գիտութեամբ պատրաստուած եկեղեցականներ, որոնք պիտի խուսափին հոգեւոր նկարագիր չունեցող քարոզներէն, եւ քարոզի քօղին տակ՝ ազգային եւ վարչական հարցեր չարծարծեն:
Եկեղեցին որպէսզի կարենայ իր դաստիարակչի դերը լաւագոյնս կատարել անհրաժեշտ է որ ըլլայ մշտահոս ակնաղբիւրը Աւետարանի հոգեւոր ճշմարտութիւններու ճառագայթող լոյսին:
Երկրորդ. նոյնքան անհրաժեշտ են Կիրակնօրեայ դպրոցները եկեղեցիներու կողքին, որովհետեւ հոն ջամբուած կրօնական ուսուցումները, նոյնքան կենսական եւ դաստիարակիչ են որքան եկեղեցւոյ բեմերը, նամանաւանդ մեր նորահաս սերունդին համար, որուն պիտի յանձնենք մեր ինքնութեան գոյութենական պայքարի ջահը:
Երրորդ. նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի կենցաղային նոր պայմաններն ու պարտաւորութիւնները, յոյժ կարեւոր են հովուական այցելութիւնները՝ որպէս գործնական ազդակ հոգեւոր դաստիարակութեան: Առաւել եւս, նոյնքան կարեւոր է կարեկցիլ ժողովուրդի ցաւերուն եւ հասնիլ, որքան կարելի է, անոնց ընկերային, հասարակական կարիքներուն:
Աննպատակ չէ, որ մեր Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան ուսուցման մէջ կարեւոր դեր եւ տեղ տրուած է Հովուական Աստուածաբանութեան, որովհետեւ այդ գիտութեամբ պատրաստուած եկեղեցականը, իր հմտութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով, կ՛առինքնէ հաւատացեալները եւ անոնք ալ իրենց կարգին կ՛ոգեւորեն եւ կ՛աշխուժացնեն Եկեղեցին:
Չորրորդ. եկեղեցական արարողութիւններէն անկախ, շաբաթական Սուրբ Գրոց սերտողութեանց պահեր ստեղծել: Նկատի ունենալով որ կրօնական դաստիարակութեան լաւագոյն միջոցներէն մէկն է Սուրբ Գրքի սերտողութիւնը, պարտինք զայն մատչելի ընել ժողովուրդին, նոյն ատեն քաջալերելով եւ խրախուսելով, որ անոր համընթաց առանձնական ընթերցումը վառ պահէ ընթերցող անհատին ուշադրութիւնը կրօնական կեանքի եւ հոգեւոր արժէքներու հանդէպ:
Եւ վերջապէս, ճոխացնել ժողովուրդի կեանքը հոգեւոր գրականութեամբ, որպէսզի լուրջ հրատարակութիւններու ընկալումի ճամբով, աւելի կարենան մօտենալ Աստուծոյ ճշմարիտ լոյսին: Դժբախտաբար հոգեւոր գրականութեան բացակայութիւնը զգալի է ամէնուրեք: Եկեղեցին, իբրեւ կեանք ունեցող հաստատութիւն, ամրօրէն կապուած է ժողովուրդի կեանքին, եւ որպէսզի զայն կարենայ ներկայացնել՝ չի կրնար քարացած մնալ հոն ուր որ է այսօր, երբ իր շուրջ ամէն ինչ յարատեւ շարժման մէջ է:
Եկեղեցին կենդանի է երբ կենսունակութիւն կայ իր ներսը, երբ կը քալէ ժամանակին հետ ապահով եւ ինքնավստահ քայլերով, երբ իր ժողովուրդին հետ է եւ կ՛առաջնորդէ զայն նոր դարաշրջանի պահանջներուն եւ ժողովուրդին հոգեւոր պէտքերուն համեմատ:
Հայց. Եկեղեցին քասանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց յստակ կեցուածք մը ունենալու համար անհրաժեշտ է որ ունենայ լուսաւոր մտատիպար եկեղեցականներ, որոնք կարենան խանդավառել ժողովուրդի հոգեկան խոյանքները, անոր բարոյական սկզբունքներու իմացումը եւ ամրապնդեն պատասխանատուութեան ոգին:
Այս մտատիպար եկեղեցականները պիտի փնտռեն աղքատները, զրկուածները, հիւանդները, հալածուածները եւ անոնց խորտակուած հոգիներուն խորը պիտի արթնցնեն օրուան զրկանքներուն հանդուրժելու կորովը եւ վաղուան ազատութեան անկորնչելի յոյսը եւ, Առաքեալներու օրինակով՝ հիւանդներու սնարին մօտ տանին Ս. Հոգւոյ մխիթարութեան շունչը:
Դժբախտաբար, ներկայի եկեղեցականները իրենց կենցաղով նոր սերունդներուն մէջ ցամքեցուցած են հոգեկան հայեցողութեան, աննիւթականին եւ բարոյականին տենչացող ազնիւ խոյանքները, եւ խորտակած են անոնց ազնուատենչ իտէալները եկեղեցասիրութեան եւ հայրենասիրութեան:
Հայց. Եկեղեցին պիտի կարենա՞յ վերստեղծել կորսուած ներդաշնակութիւնը իր հոգեւոր առաքելութեան: Հաստատական պատասխան մը տալու համար, հարցը բաւականին բարդ է եւ կնճռոտ, որովհետեւ մեզի կը պակսին ձեռնհաս առաքեալներ ու քարոզիչներ այդ մեծ հրաշքը կատարելու համար:
Բոլոր ժամանակներէ աւելի, ԱՅՍՕՐ Հայց. Եկեղեցին պէտք ունի լուսաւոր մտատիպարներու, սիրոյ եւ խաղաղութեան ներկայացուցիչներու, հերոսներու եւ «մարտիրոսներու», որոնք պիտի կարենան խանդավառել մեր հոգեկան խոյանքները եւ բարոյական իմացումները:
Առանց հաւատքի, առանց յոյսի եւ սիրոյ լոյսին, կեանքը տառապանքի շղթայ մըն է մարդկութեան վզին անցուած: Եւ այդ շղթան անտանելի է նոյնիսկ եթէ ան շինուած ըլլայ ոսկիով: Հայ ժողովուրդը, կրօնական տեսակէտէ, կը գտնուի ահաւոր փլուզումներու առջեւ եւ նիւթն ու ունայնութիւնն են որ կը շրջապատեն զինք:
Ժամանակն է որ Եկեղեցին աշխուժացնէ իր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ զայն կենսագործէ իր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ եթէ մտահոգ է իր ժողովուրդի ապագայով:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ



Այս թեմայի շուրջ տարվող Քննարկումները ժամանակավորապես կասեցված են.

ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Aug 19, 2016 10:00 - չքննարկված

Ինչպես ընդունվեց Հայոց ցեղասպանության և ժխտման քրեականացման օրենքը Սլովակիայում :Ինչպես Հայաստանը ունեցավ Ռազմական ինքնաթիռներ:Ստեփան Քիրեմիջյանի հյուրն էր ԵՀՄՖ նախագահ Աշոտ Գրիգորյանը:

More In Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ


More In


ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Jun 18, 2016 10:07 - 1 քննարկում

տեղեկատվական տեխնոլոգիաների ձեռնարկությունների տնօրեն՝ Կարեն Վարդանյանը և տնտեսագիտության դոկտոր՝ Կարեն Ադոնցը:Մագնիս – Magnis 14.06.2016

More In ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ