ԼՐԱՀՈՍ, Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Հեղինակ՝ Admin. Saturday, August 24, 2013 14:08 - չքննարկված
ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ…
ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ…
Դոկտ. Կարապետ Մոմճեան
Վաչէ Բրուտեան
Ա. Մուտք
Շատ հաւանաբար ընթերցողը որոշ զարմանք ու շուարում պիտի զգայ կարդալով մեր յօդուածին խորագիրը: Խնդիրը այն է, որ սոյն յօդուածով արծարծուող պատմաքաղաքական հարցերը ծայր աստիճան խրթին են, ու անոնց վերլուծական պարզացումը հատորներու կը կարօտի: Չունենալով նման լայնածաւալ հարթակ՝ պիտի փորձենք այս խիտ տողերով կատարել որոշ ընդգծումներ: Հետեւաբար, եթէ որոշ պարագաներու մանրազնին վերլուծման կարօտող հարցերը ներկայացնենք քանի մը նախադասութեամբ, այդ պարագային կ’ապաւինինք հարցերուն տեղեակ ընթերցողին՝ անոնց նկատմամբ որոշ ծանօթութեան:
Այս յօդուածը պատմաքաղաքական տարբեր մօտեցումով պիտի դիտէ ու մեկնաբանէ Միջին Արեւելքի ու կովկասեան տարածաշրջանին մէջ աւելի քան երկու տասանմեակէ ի վեր տեղի ունեցած խլրտումները: Արաբական աշխարհի մէջ 2010ի վերջաւորութեան սկսած անգայուն իրավիճակը, որուն համաշխարհային քաղաքականութիւնն ու մամուլը տուին «Արաբական գարուն» տխրահռչակ յորջորջումը, խաբուսիկ է ու հարցի վերլուծական պարզաբանման չի ծառայեր 1: Ստեղծուած իրարանցումը ճիշդ գնահատելու համար հարկ է զայն դիտել Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին ու անոր աւարտին Օսմանեան կայսրութիւնը տարանջատելու պատմական հոլովոյթի պրիսմակէն ու, հետեւաբար, յանգելու համար մեր կարծիքով այն եզրակացութեան, որ ներկայ իրադարձութիւնները Արեւմուտքին կողմէ այդ օրերու (1914-1918) միտումնաւոր ու խարդախ տարանջատման վարքագիծի շարունակութիւնն է:
Պէտք է նաեւ ընդգծենք, որ թէ’ միջինարեւելեան եւ թէ’ կովկասեան տարածաշրջաններու խիստ անկայուն իրավիճակը այս կամ այն ձեւով շեշտակի վտանգի կ’ենթարկէ հոն ապրող հայութիւնը: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ հայ քաղաքական միտքն ու պետական թէ կուսակցական շրջանակները այս հարցերու նկատմամբ սթափ ու խոր քննարկումներ կատարեն ու (կարելիութեան սահմաններուն մէջ ու թերեւս անոնցմէ անդին եւս) վնասներէ խուսափելու ուղիներ որոնեն եւ կամ պատրաստ ըլլան նոյնքան աննախատեսելի ու, հաւանաբար, մեզի համար դրական հնարաւորութիւններու:
Նախ ընդգծենք, որ Եւրոպան 18-րդէն մինչեւ 20-րդ դարերու կէսը հիմնական նպատակ դրած էր, Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր մաս կազմող Միջին արեւելքի արաբական շրջաններու բնական հարստութիւններուն տիրանալով, հարստացնել «ազգ-պետութիւն» դիմակին տակ գործող իր գաղութատիրական երկիր միաւորները: Այլ խօսքով` Եւրոպան երբեք հարստութիւն կերտած չէ իր սեփական պայմաններով: Իրականութեան մէջ Եւրոպայի հարստութիւնը կուտակուած էր հետեւեալ ձեւով. ճարտարարուեստական յեղափոխութեամբ ապրանքներու մեծ քանակ արտադրել ու արտածել դուրսէն բերուած աժան հում նիւթերով, ապա այդ նոյն ապրանքները սուղ գինով վաճառել ենթակայ ժողովուրդներուն: Սա ինքնին գաղութատիրութեան ամենապարզ բացատրութիւնը կարելի սեպել 2:
Սակայն, ինչպէս կ’երեւի, այս «ներածուած» հարստութիւնը, որու եկամուտներու կուտակումը շարունակուեցաւ մօտ երեք դար ու մէկ կողմէ` աղքատութեան ճիրաններուն յանձնեց հարստահարուող ժողովուրդները ու միւս կողմէ` բարօր կեանք շնորհեց Արեւմուտքին, զոհը գնաց նոյնինքն Արեւմուտքի դրամատիրական համակարգի անբաժան մասնիկը եղող դրամատնային-ելեւմտական մարզի շռայլ ու անհաշիւ քայլերուն: Ասոր ամենացայտուն ապացոյցը հանդիսացաւ 2008-ի Արեւմտեան դրամատիրական կարգերու համատարած տագնապը, որ ցնցեց համաշխարհային տնտեսութեան հիմքերը:
Հետեւաբար, երբ Եւրոպայի հիմնական դերակատար երկիրները ու 20-րդ դարու կէսերուն անոնց միացած Միացեալ Նահանգները, մսխած ըլլալով այլ ժողովուրդներուն պատկանող իրենց յափշտակած հարստութիւնը, հասած էին սնանկութեան եզրին, ու տնտեսական խոր տագնապի մը առկայութիւնը կը վտանգէր անոնց բարօր գոյութիւնը, ժամանակը հասունցած նկատեցին ծաւալողական նոր ծրագրով մը վերստին լեցնելու իրենց դատարկուած արկղները:
Այս մշտանորոգ ծրագրի ամենադիւրին թիրախը նոյնինքն Միջին արեւելքն էր, որ, ըստ Արեւմուտքի զարգացուցած ճիւաղային նոր ծրագիրներուն, պէտք էր անգամ մը եւս ահաւոր խլրտումներու ենթարկուէր, որպէսզի Արեւմտեան «բռնագրաւման» նոր ծրագիրը հեզասահ կերպով ի գործ դրուէր… Ու այսպիսով պայթեցաւ «Արաբական գարունը» …
Այս ծիրէն ներս, եթէ պատմաքաղաքական վերլուծութեամբ վերը նշուած Օսմանեան կայսրութեան տարանջատման «խաղի» առաջին օղակը նկատի ունենանք 1916-ին համաձայնուած ու Անգլիոյ (Մարք Սայքս), Ֆրանսայի (Ֆրանսուա Ժորժ Փիքօ), Ռուսիոյ (Սազանով), նաեւ Իտալիոյ (տեսնել քարտէսը) միջեւ գաղտնի կնքուած «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագիրը 3, ապա այժմ կրնանք խօսիլ այդ համաձայնագրի ապագայ զարգացումներու մասին, որոնք մեր` վերը նշած ծաւալապաշտական վարքագիծին նոր օղակները կը կազմեն…
Սայքս-Փիքօ համաձայնագրի նախնական քարտէսը. Հետաքրքրականը այն է, որ այս քարտէսին մէջ չենք տեսներ ապագային յառաջանալիք երկիրներ: Կան պարզապէս միջինարեւելեան ու կովկասեան տարածաշրջանները յաղթական դաշնակիցներու մանտադային իշխանութեան ենթարկելու նախադրեալները…
Սայքս-Փիքօ համաձայնագրի նախնական քարտէսը. Հետաքրքրականը այն է, որ այս քարտէսին մէջ չենք տեսներ ապագային յառաջանալիք երկիրներ: Կան պարզապէս միջինարեւելեան ու կովկասեան տարածաշրջանները յաղթական դաշնակիցներու մանտադային իշխանութեան ենթարկելու նախադրեալները…
Եւ, վերջապէս, այս բոլորի ետին կայ նաեւ հայութեան վերաբերող բաժինը, զոր չենք կարող անտեսել: Իրականութեան մէջ ,1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք այս նոր յառաջացած Միջին արեւելքի մէջ ծուարած իր մնացորդացով, հայութեան այս հատուածը պիտի կրէր վերը նշուած բոլոր ազդեցութեանց հետեւանքները: Տասնամեակներու ընթացքին արիւն-քրտինքով կերտուած ու բաւականին զարգացած հայկական գաղութներ այսօր գրեթէ ոչ եւս են իբրեւ կազմակերպ կառոյցներ, կամ ալ ուրուականներու վերածուած (Իրաք, Եգիպտոս, Յորդանան)՝ արտագաղթի պատճառաւ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւս իր աւերիչ հետեւանքները ունեցաւ տեղւոյն հայկական գաղութի պարագային: Այսօր Սուրիական տագնապը կը սպառնայ Միջին Արեւելքի երբեմնի Մայր գաղութի տկարացման ու հիմնական ազդեցութիւն ունի Լիբանանի հայ գաղութի ապագային վրայ: Չոր իրականութիւնը այն է, որ այսօր Ցեղասպանութենէն ազատուած հայ բեկորներու Միջին արեւելքի մէջ գոյութիւնը կը մնայ վտանգուած…
Բ. 1916- «Սայքս-Փիքօ I»-ի խնդրայարոյց իրավիճակը…
Երբ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները 1916-ին ստորագրեցին Առաջին աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան կայսրութեան տարանջատման վերաբերող «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագիրը ու անոր կցեցին համապատասխանող ոչ մասնագիտական քարտէսը (տեսնել նկարը), յայտնի էր, որ այդ կատարուած էր հապճեպով ու չէր արտացոլեր տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ու, մանաւանդ, ժողովրդագրական տուեալները (Սայքս եւ Փիքօ հետաքրքրուած չէին բնիկ ժողովուրդներու ձգտումներով): Թէեւ վարը աւելի մանրամասն պիտի խօսինք քիւրտերու հարցին մասին, հոս նշենք միայն, որ այս համաձայնագրով յառաջացած մեծագոյն «կաֆը» այն էր, որ Քիւրտիստանի մը կազմութեան փոխարէն այդ ժողովուրդը պիտի բաժնէին ստեղծուելիք չորս երկիրներու միջեւ: Նպատակը դարձեալ շրջանը «բաժնէ որ տիրես»-ի կացութեան մէջ ձգելն էր…
Անբծախնդիր կերպով պատրաստուած քարտէսը սահմաններ ճշդած էր անապատներու մէջ, ուր գրեթէ անկարելի էր բնական սահմաններ ճշդելը: Տակաւի’ն խորամանկօրէն պատրաստուած քարտէսը տարածաշրջանը բաժնած էր այնպիսի շրջաններու ու այնպիսի ձեւով, որ կարելի ըլլար նորաստեղծ երկիրները երկար ատեն իրենց «մանտադային» տիրապետութեան (Mandate) տակ պահել ու անոնց բնական հարստութիւնները շահագործելու: Մէկ խօսքով՝ կողոպտելու:
Առնենք, օրինակի համար, Մեծն Լիբանանի կազմութիւնը, որ իրականութիւն դարձաւ 1920-ին: Աշխարհագրական այս շրջանը նախապէս պատմականօրէն կը ներկայացուէր Լեռնալիբանանով, որ Մարոնի-Տիւրզի հակամարտութեան թատերաբեմ էր 1860-ականներէն սկսեալ: 1864-ին ստեղծուած Լեռնալիբանանի մութասարրիֆութիւնը ժամանակաւորապէս լուծում բերաւ Մարոնի-Տիւրզի հակամարտութեան եւ նուիրականացուց Անգլիոյ ու Ֆրանսայի միջամտութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ներքին հարցերուն… 1920-ին Ֆրանսական մանտադի իշխանութիւններուն պնդումով ստեղծուած Մեծն Լիբանանը, որ իբրեւ թէ պիտի հանդիսանար քրիստոնեաներու տիրապետութիւնը խորհրդանշնոող երկիր մը, իրականութեան մէջ խնդրայարոյց եւ «ականապատուած» կառոյց մըն էր, որ չէր կրնար էապէս անկախ ու ներքնապէս բարօր երկիր մը ըլլալ: Նոյնիսկ 1920-ին հոն գոյութիւն ունեցող քրիստոնեայ բնակչութիւնը իր մեծամասնութեան հանգամանքը (51 առ հարիւր) կը պարտէր Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով նոր տարածքին վրայ հաստատուած 25,000 հայ գաղթականներուն: Ընթերցողը գիտէ, որ Լիբանանը իր կազմութենէն ցայսօր կը մնայ խնդրայարոյց եւ տագնապալի երկիր…
Ֆրանսական մանտատի ենթակայ երկրորդ տարածաշրջանը Սուրիան էր: Հոս եւս կը բնակէին զանազան ժողովուրդներ ու կրօնական համայնքներ (սիւննի, ալաուի կամ նուսէյրի, տիւրզի, քրիստոնեայ եւն.): Այս մանտատային պետութիւնը եւս ձեւաչափուած էր զայն հակակշիռի տակ պահելու հեռանկարով՝ ի շահ մանտատային իշխանութեան (այս պարագային՝ Ֆրանսայի): Տակաւի’ն պէտք չէ մոռնալ, որ ֆրանսական մանտատի իշխանութիւնները, Սանճաքի նահանգը (Իսկէնտերուն, Հաթայ) Սուրիոյ մէջ պահելով, կը սնուցանէին ապագայ «Ալաուիստան» մը կազմելու հեռաւոր-հաւանական ծրագիր մը (ինչ կ’ըլլայ, ինչ չ’ըլլար…) եւ հարցը ա’լ աւելի հրահրեցին, երբ 1930-ականներու վերջերուն այդ նահանգէ նուիրեցին Թուրքիոյ…
Միւս կողմէ` հետաքրքրական էր Իրաքի մը կազմութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ մանտատին ներքեւ՝ միացնելով երեք հակոտնեայ միաւորներ՝ քիւրտ, սիւննի եւ շիի մեծամասնութիւն մը, ուր երկուքը ենթակայ պիտի մնային փոքրամասնութիւն եղող սիւննի ղեկավարութեան ներքեւ գտնուող իշխանութեան մը: Դարձեալ հետապնդուած նպատակը նորակազմ երկիրը Բրիտանիոյ հակակշռին տակ պահելն էր… Տակաւի’ն Մուսուլի շրջանը առնելով Իրաքի կազմէն ներս` Սայքս-Փիքոն ապագայ Թուրքիան զրկեցին քարիւղով հարուստ շրջանէ մը ու ստեղծեցին Թուրքիոյ կողմէ Մուսուլի վրայ «աչք տնկելու» ապագայ կացութիւն մը, որ մինչեւ օրս հաշուի կ’առնուի Անգարայի հաշիւներուն մէջ:
Տակաւի՛ն շարք մը այլ օրինակներ եւս կրնանք տալ. «Շինծու» Յորդանանն ու անոր՝ մեծամասնութեամբ պաղեստինցի հատուածը, Սէուտական Արաբիան ու անոր շիի փոքրամասնութիւնը, Պահրէյնն ու անոր շիի մեծամասնութիւնը սիւննի լուծին ենթարկելը, Եգիպտոսն ու անոր ղպտի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը (այսօր 15-17 միլիոնով գնահատեուող): Տակաւի’ն կը մնայ առնուազն 30 միլիոնով գնահատուող ու տարածաշրջանի չորրորդ մեծագոյն թուաքանակը ներկայացնող քիւրտ ժողովուրդը անհայրենիք ձգելն ու զայն չորս երկիրներու միջեւ բաժնելը: Սա ինքնին տարածաշրջանը ահաւոր բռնկումի եզրին կը պահէ:
Այսպէս` օրէ օր աւելի ու աւելի յստակ կը դառնայ, որ իր շահերուն համար այլ ժողովուրդները քաւութեան նոխազ դարձնելու հետամուտ Արեւմուտքը նոյնիսկ կաթիլ մը արցունք թափելու տրամադիր չէ նոր բռնկումին պահը յետաձգելու համար…
Այս բոլորի միտք բանին այն է, որ Եւրոպայի նշեալ ուժերը, իրենց գերիշխանութեան ընթացքին ու շրջանը ձգելէն ետքն իսկ, կարողացան, արաբներու սիւննի-շիի լարին վրայ խաղալով ու քրտական հարցի լուծումը ձգձգելով, ստեղծել այնպիսի կացութիւն մը, որ շրջանը մշտական բռնկումներու սպառնալիքին տակ պահէ: Սակայն, ինչպէս քիչ մը վարը՝ «Սայքս-Փիքօ II» ենթախորագրին տակ պիտի անդրադառնանք, խորամանկ եւ հեռահար քաղաքականութիւն վարող Արեւմուտքը շրջանը անկայուն պահելու համար այլ «զէնք» մը եւս ունի…
Յստակ էր, որ կատարուածը այլ բան չէր, եթէ ոչ շինծու երկիրներ կամ, այսպէս կոչուած, արաբ ցեղախմբային հոգեբանութեամբ առաջնորդուող ժողովուրդէն «ազգ-պետութիւններ» կազմելը, որուն հիմնական նպատակն էր ապագայ խլրտումներով յագեցած միաւորներ յառաջացնել, լարուած ռումբի նման՝ ի շահ մանտադային ուժերուն կողմէ շրջանի բնական հարստութեանց տիրացումին:
Այս խաղի առաջին հանգրուանը իբրեւ թէ իր աւարտին հասաւ 1940-60-ական տարիներուն, երբ մանտադային ուժերը «անկախութիւն» շնորհեցին իրենց նախկին ենթականերուն` միաժամանակ զանոնք պահելով իրենց հակակշռին տակ՝ անոնց մէջ ցանած ըլլալով ազգային ու կրօնական-յարանուանական զանազան խնդիրներ: Եւրոպական ուժերը քաջածանօթ էին, որ այս նոր պետութիւնները զարգանալու կարելիութենէ զուրկ միաւորներ էին: Այս հակակշիռը կը շարունակուի մինչեւ օրս, ու տակաըին չենք գիտեր, թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի…
Գ. Քրտական հարցի նոր փուլ…
1920-ի Օգոստոսի 10-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը տրամադրութիւն ցոյց կու տար 1918-ին անկախացած Հայաստանի ընդարձակման ու ապագայ Քիւրտիստանի մը յառաջացման: Շուտով ասոր վրայ աւելցաւ նաեւ ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը:
2.Դաշնակիցներուն կողմէ Հայաստանը իր ճակատագրին լքելը ու ապա 1920-ին անոր խորհրդայնացումը վերջ դրին Սեւրով օրինականացուած Հայաստանին: Աւելի գէշ եղաւ քիւրտերու պարագան, որոնք մնացին անհայրենիք (տես վերը): 1920-ականններուն քեմալական իշխանութեան կոշմէ նորաստեղծ Թուրքիան թրքացնելու ու զայն եւրոպական տիպի «ազգ-պետութեան» վերածելու քաղաքականութիւնը պատճառ տարձան քրտական ապստամբութիւններու շարանի մը:
Տեղին է նշել, որ այս յօդուածի համահեղինակ դոկտ. Կարապետ Մոմճեան վերջերս սկսած է նոր աշխատութիւն մը, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ 1920-1940-ական թուականներուն թուրք ազգայնամոլ քաղաքականութեան դէմ քիւրտերու կազմակերպած ապստամբական շարժումները (1925-ին Տերսիմի Շէյխ Սայիտ Բիրանի ապստամբութիւնը, 1936-1937-ին Արարատեան ապստամբութիւնը, 1937-ի Տերսիմի երկրորդ ապստամբութիւնը եւ 1945-1946-ին Պարսկաստանի քիւրտերու ապստամբութիւնն ու միամեայ կեանք ունեցող քրտական Մահապատի Հանրապետութեան կազմութիւնը: Բոլորն ալ ճզմուեցան թրքական մահիկի ու սովետական մուրճի միատեղ հարուածներուն ներքեւ): Այս ապստամբութիւններուն իսկական պատմութիւնը ուսումնասիրելը խիստ կարեւոր է, որովհետեւ այդ իրադարձութիւններուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած էր հայութեան (այս պարագային` իմա ՀՅԴ-ին): Հարցը կարեւոր է նամանաւանդ այն առումով, որ նման ուսումնասիրութիւն մը հիմնական առնչութիւն ունի եւ նաեւ կոչուած է առնուազն որոշ լոյս սփռելու այսօրուան հայ պատմագրական միտքը չարչրկող՝ Թուրքիոյ «գաղտնի» կամ «ծպտեալ» յորջորջուող հայերու հարցին վրայ:
Արդէն 1980-ական թուականներու սկիզբը Մոմճեանի կողմէ Պէյրութի Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին յանձնած նախաւարտական աւարտաճառին մէջ փորձ կատարուած էր առնուազն որոշ լոյս սփռելու նշեալ ապստամբութեանց Դաշնակցութեան մասնակցութեան վերաբերեալ: Այս ուղղութեամբ օրին հետազօտողի տրամադրութեանս տակ կային Կարօ եւ Արմէն Սասունիներու «Հայրենիք» ամսագրի ու «Ազդակ»-ի մէջ լոյս ընծայած կարեւոր յօդուածները, ինչպէս նաեւ` Կարօ Սասունիի «Քրտական ապստամբական շարժումներն ու հայ-քրտական յարաբերութիւնները» լայնածաւալ հատորն ու կարգ մը այլ եւրոպական հրատարակութիւններ 4: Այժմ, ձեռքի տակ ունենալով 1920-ական, 1930-ական ու 1940-ական թուականներուն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ՝ Կարօ Սասունիի ու Ռուբէն Տէր Մինասեանի նամականիները5, կարելի կը դառնայ նման արխիւային նիւթերով աւելի խոր կերպով քննել վերոնշեալ նիւթը…
Արխիւային նոր նիւթերը մեզ կ՚առաջնորդեն այն եզրակացութեան, որ Ցեղասպանութեան յաջորդող հանգրուանին ՀՅԴ-ի օրուան ղեկավարութեան համար յստակ էր հայկական ստուար «գրպանիկ ներու » գոյութիւնը Տերսիմի, Արարատի եւ այլ շրջաններուն մէջ (ըստ վերջին տասամեակին հրապարակուած թղթակցութեանց՝ նաեւ թուրքիոյ այլ վայրերուն մէջ): Ս. Թափառականի «Դէպի կախաղան» յուշագրական հատորին մէջ վիճակագրական տուեալներ եւս կան այս մասին: Անշուշտ նման բան կարելի չէր կռահել 1980-ականներու սկիզբը, որովհետեւ նիւթին առնչուող նորանոր յայտնաբերումները հետազօտողի տրամադրութեան տակ չկային, ինչպէս նաեւ տակաւի’ն փակ կը մնային հարցին առնչուող արխիւային հիմնական նիւթերը: Օրին հետազօտողը կարողացած էր առնուազն յայտնաբերել Արարատի ապստամբութեան առասպելական դէմքերէն քիւրտ Զէյլան Պէյի6 հայկական ինքնութիւնը, զոր Կարօ Սասունին կը բացայայտէր, երբ ան արդէն իսկ խորհրդային գործիչներու դաւադրութեամբ սպաննուած էր: Սասունի նաեւ կը պնդէ, որ Արարատի ապստամութեան կը մասնակցէին դաշնակցական այլ մարտիկներ եւս, որոնց ինքնութիւնը գաղտնի կը պահուէր հասկնալի պատճառներով:
Հետեւաբար սխալած չենք ըլլար, եթէ ընդգծենք, որ այդ հանգրուանին իսկ ՀՅԴ ղեկավարները քաջատեղեակ էին Թուրքիոյ մէջ «ծպտեալ» հայերու գոյութեան: Սասունի, Տէր Մինասեան ու այլ ղեկավարներ այդ օրերուն այն համոզումը ունէին, որ քրտական ապստամբական շարժումները կրնան այն դրական արդիւնքի հասնիլ հայութեան համար, ինչ որ իր կարգին կրնար առիթ ընծայել Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան, որ հայրենի հողերը վերադառնար7: Սակայն երբ Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտին յստակ դարձաւ, թէ քրտական ապստամբական շարժումները ձախողած են, նոյն ղեկավարութիւնը նախընտրեց լուռ մնալ «ծպտեալ» հայերու գոյութեան մասին` անոնց ապահովութեան սիրոյն: Հայութեան փոխանցուած պատգամը այն էր, որ հայեր չկան արդի Թուրքիոյ տարածքին: Այս հարցի նոր յայրնութիւնը (ինչպէս վերը նշեցինք) պիտի կատարուէր 1990-ականներուն՝ Հրանդ Տինքի բերնով:
Դ. 1948 – «Սայքս-Փիքօ II» կամ Իսրայէլի ստեղծումը
Ընթերցողը դարձեալ շփոթելու իրաւունք ունի գործածուած «Սայքս-Փիքօ II» ենթախորագրին պատճառով: Սակայն նոյնինքն Միջին արեւելքի պատմաքաղաքական հոլուոյթին հետեւողը պիտի կարենայ հասկնալ, որ տարածաշրջանի արդէն իսկ անկայուն կացութեան մէջ նոր ազդակ աւելցած էր, երբ բրիտանացի Պալֆուրի խոստումին իբրեւ արդիւնք` 1948-ին Իսրայէլի պետութիւնը կը ստեղծուէր` իբրեւ շարունակութիւն «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագրով Օսմանեան կայսրութեան տարանջատման: Սոյն քայլով Արեւմուտքը աւելի եւս կ’ամրապնդէր իր հակակշիռը շրջանէն ներս:
Վերը նշեցինք արդէն որ Միջին արեւելքը գերլարուած վիճակի մէջ պահելու միտող Արեւմուտքը այդ խաղը խաղացած է ու կը խաղայ՝ ապաւինելով, այսպէս ասած, սիւննի-շիի ու քրտական խաղաքարտերուն: Ասոր վրայ աւելցուցէք տարածաշրջանէն ներս նոր տարրի մը՝ Իսրայէլի «պատուաստումը» ու անոր առթած Պաղեստինեան տագնապին բերումով տասնամեակներէ ի վեր Մ. արեւելքը կրծող ողբերգութիւնը, ու արդէն յստակ կը դառնայ Արեւմուտքի գաղութատիրական խաղի չափաձեւը…
Իսրայէլի ստեղծումը 1948-ին, ընդլայնումը՝ 1967-ին, ու ներկայ իրավիճակը
Իսրայէլի ստեղծումը 1948-ին, ընդլայնումը՝ 1967-ին, ու ներկայ իրավիճակը
Ընդգծելի է նաեւ այն պարագան, որ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն իսլամամէտ կուսակցութեան յաղթանակին բերումով վերջ կը դրուէր քեմալական գրեթէ 70-ամեայ տիրապետութեան, որուն քաղաքական հիմնական արեւելումներէն էր Թուրքիա-Իսրայէլ երկարատեւ բարեկամական դաշնութիւնը՝ ի հեճուկս արաբական աշխարհին: Սակայն, կռահելով իսլամական նոր վարչակարգին բերումով այս բարեկամական-ռազմավարական կապերու կորուստը, Իսրայէլ խորամանկօրէն իր գրաւը դրաւ զարգացման նոր փուլ մտնող Քրտական հարցին վրայ: Առ այս ան իր բոլոր կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ` ի խնդիր Իրաքի հիւսիսը կազմաւորուող կիսանկախ Քիւրտիստանի զարգացման ու ամրապնդման: Նպատակը շրջանէն ներս իր անմիջական հակակշիռին ներքեւ եղող նոր դաշնակիցի մը ստեղծումն էր ու մանաւանդ անոր միջոցով, Միջին արեւելքէն ներս հաւանական «Սայքս-Փիքօ III»-ի մը պարագային, ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող խաղաքարտերու տիրանալը:
Այս հարցը հրատապ կարգով պէտք է հայ ռազմավարական ու քաղաքական միտքի (պետութիւն, կուսակցութիւններ, հետազօտական կեդրոններ, Գիտութիւններու ակադեմիա եւ այլն) կիզակէտերէն մին հանդիսանայ` մէկէ աւելի պատճառներով:
1.- Յստակ է, որ ապագայ Քիւրտիստանի մը կորիզը հանդիսացող ներկայի Իրաքեան Քիւրտիստանը հիմնական քաղաքական ու, ինչու չէ, ռազմական ու այլ դժուարութիւններ կրնայ յառաջացնել Հայաստանի ու հայութեան համար:
2.- Քրտական պետութիւն մը անպայմանօրէն պիտի առնչուի Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան:
3.- Յստակ է, որ Հայկական հարցը եւս (մանաւանդ Սեւրի ու Ուիլսընեան Իրաւարար վճիռի փաստացի թէ օրինական վերակենդանացումով) կ՚առնչուի Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան:
4.- Արեւմուտքը պատասխանատուութեան բաժին ունի Հայաստանի ու հայութեան արդար իրաւունքներու հատուցման խնդրին մէջ: Հետեւաբար Հայաստան պարտի… պարտատիրոջ դիրքերէն մօտենալ Արեւմուտքին:
5.- Ամենամեծ խաղաքարտը, որ Հայաստան ունի իր ձեռքին, Հայկական հարցն է:
Ե. 1991- «Սայքս-Փիքօ III» եւ «Սեւր II»-ի մը հաւանականութի՞ւնը
Վերը յիշեցինք արդէն, որ նորօրեայ Արաբական գարնան ակունքները պէտք է փնտռել 1991-ի քուէյթեան տագնապի հակազդեցութեան մէջ: Ստեղուծած կացութիւնը հիմնովին կը փոխէ միջպետական խաղի օրէնքները ու առ այդ՝ միջինարեւելեան ու կովկասեան տարածաշրջաններու մէջ սահմաններու ու քարտէսի փոփոխութիւններու նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ:
Լօզանի դաշնագրով յառաջացած Թուրքիան յօդս ցնդեցուց Սեւրով նախատեսուած կարգադրութիւնները. Հայաստան քաշուեցաւ իր խորհրդային սահմաններուն ետին, իսկ Քիւրտիստանի մը յառաջացումը ամբողջովին չքացաւ:
Լօզանի դաշնագրով յառաջացած Թուրքիան յօդս ցնդեցուց Սեւրով նախատեսուած կարգադրութիւնները. Հայաստան քաշուեցաւ իր խորհրդային սահմաններուն ետին, իսկ Քիւրտիստանի մը յառաջացումը ամբողջովին չքացաւ:
Թուրքիան, որ քեմալիզմի ճամբով ամբողջ 70 տարի փորձեց ստեղծել թրքական ազգ-պետութիւն մը, այսօր կը կանգնի այն իրողութեան առջեւ, որ յառաջացած ազգ-պետութեան հիմքերը այնքան ալ զօրաւոր չեն: Երկիրը ունի խնդրայարոյց փոքրամասնութիւններ (քիւրտեր, ալաուիներ) ու այլ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններ (լազեր, քրիստոնեաներ եւն), որոնք, ի տես տարածաշրջանէն ներս տիրող յեղափոխական խմորումներուն, կարողութիւնը ունին քեմալիզմի երազած ազգ-պետութիւնը տարանջատման տանելու: Միւս կողմէ` սուրիական տագնապին մէջ սէուտական ու քաթարեան դրամով ու արեւմտեան մեղսակցութեամբ իր թաթը խրած Թուրքիոյ իսլամական կառավարութիւնը արդէն իսկ սկսած է զգալ իր գործած ահաւոր սխալը ու անոր ապագայ հնարաւոր վտանգներէ:
Բոլոր ազդանշաններն ալ ցոյց կու տան, որ տարածաշրջանը իր հակակշիռին տակ պահել ուզող Արեւմուտքը պատրաստ է նոյնիսկ տեղի տալ Թուրքիոյ տարանջատման դիմաց: Սա արդէն մեր վերնագրին մէջ գործածուած «Սայքս-Փիքօ III» տրամաբանութիւնն է, որուն հիմնական դերակատարը պիտի ըլլայ այս կամ այն ձեւով յառաջանալիք Քիւրտիստան մը: Շարունակելով այս տրամաբանութիւնը` կացութիւնը նաեւ կրնայ յառաջացնել «Սեւր II» մը, որ կրնայ առաջնորդել «Լօզան II»-ի մը… Բոլոր պարագաներուն ալ կացութիւնը սերտ աղերս ունի հայութեան ու Հայաստանի հետ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ քրտական հողային «մաքսիմալիստ» մօտեցումը (տեսնել քարտէսը) ռազմագիտական վտանգներ կրնայ սպառնալ մեզի…
Քրտական հողային «մաքսիմալիստ» պահանջները այսօր…
Քրտական հողային «մաքսիմալիստ» պահանջները այսօր…
Զ. Հայկական առնչութիւններ ու եզրակացութիւններ…
2015 թուականի նախասեմին, երբ հայութիւնը կը պատրաստուի յիշատակել 1915-ի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, միջինարեւելեան ու կովկասեան տարածաշրջաններու պայթուցիկ իրավիճակը լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուցած է մեր դիմաց:
Առաջին` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին ականատես կ’ըլլանք Սուրիոյ հայկական գաղութի փաստացի տկարացման (նուազագոյնը):
Երկրորդ` Սուրիոյ տագնապը ինքնին վտանգաւոր մարտահրաւէր մըն է` ուղղուած Լիբանանի հայութեան:
Երրորդ` Արցախեան հարցի լուծման յառաջիկայ փուլը եւս անպայման խաղաղութիւն չ’ենթադրեր ու կրնայ հայ-ազերիական նոր բռնկումի առաջնորդել:
Չորրորդ` կովկասեան տարածաշրջանի մէջ հայութեան ռազմավարական գործընկերը հանդիսացող Ռուսիան, իր խաղացած երկդիմի քաղաքականութեամբ, կը վտանգէ նոյնինքն այդ ռազմավարական գործընկերութեան: Տակաւի’ն Հայաստանէն արտագաղթը հիմնական վտանգ կը սպառնա մեր գոյութեան:
Միւս կողմէ` Հայաստանի ներկայ վարչակազմը առհասարակ կարծէք հիմնական առաջնահերթութեան վերածած չէ մեր պետականութեան ամրապնդման հրամայականը:
Դժբախտաբար իրարու խառնուած են իշխանութիւն-պետականութիւն հասկացութիւնները, իսկ երբեմն ալ տիրող իշխանութեան դէմ մղուած պայքարը կը սպառնա նոյնինքն մեր պետականութեան…
Թէեւ ՀՅԴ-ն տակաւին երկու տարի առաջ գումարեց իր վերջին Ընդհանուր ժողովը եւ, վերոնշեալ հարցերը համապարփակ քննարկումի ենթարկելով, յանգեցաւ բանաձեւուած ռազմավարական որոշումներու, այնպէս կը թուի, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին ներհայկական հարցերն ու մասնաւորաբար միջինարեւելեան ու կովկասեան տարածաշրջաններուն մէջ արձանագրուող ռազմաքաղաքական զարգացումները (որոնց ուրուագծումը փորձեցինք կատարել այս յօդուածով) անհրաժեշտութիւնը կը ստեղծեն նոր քննարկումներու` գէթ ռազմավարական վերանայումներու կամ ճշգրտումներու կարգով:
Դաշնակցութիւնը միայն մէկ մասնիկն է մեր ժողովուրդին, սակայն դաշնակցական քաղաքական միտքը առանցքային դերակատարութիւն ունի խաղալիք այս խնդիրներու՝ պետակա’ն մակարդակով դիմագրաւման մէջ: Ան իր առաջադրելիք նոր ռազմավարութեամբ պէտք է կարողանայ զանոնք համայն հայութեան ուշադրութեան առանցքը դարձնել ու ազգը մղել շինիչ մթնոլորտի՝ ի տես անոր դիմաց կուտակուած փոթորկաբեր ամպերուն… Իսկ ՀՀ իշխանութիւնները, իրենց կարգին, պարտաւոր են հիմնովին բարեփոխել ցարդ իրենց վարած ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւնը, վեր բարձրանալ մարզպետ-գիւղապետական գաւառամտութենէն ու համախմբել հայութեան ամբողջ ներուժը, որ, ի դէպ, արհամարհելի չէ:
Ասոնք են այն ազգային հիմնական առաջադրանքները, որոնց կը սպասենք բոլորս:
Օգոստոս 14, 2013
Լոս Անճելըս
Ծանօթագրութիւններ
(1) Իրականութեան մէջ Արաբական գարունի սերմերը պէտք է փնտռել ԱՄՆ-ի ղեկավարութեամբ 1991-ին Իրաքի կողմէ Քուէյթի վրայ յարձակման ու գրաւման հետեւանքով Իրաքի վրայ կատարուած առաջին բազմապետական յարձակումին մէջ: Այս դէպքը ազդանշանը պէտք էր հանդիսանար գալիք ողբերգութիւններուն…Այդ մէկը օրին ծածուկ կը մնար արաբական քաղաքական մտքին համար, որ չէր իսկ կրնար գուշակել իր հանդէպ կազմակերպուած նոր խաղի ապագայ փուլերը:
(2) Այս յօդուածի ծիրէն դուրս են աշխարհի այլ վայրերու մէջ, ինչպէս, օրինակ, Ափրիկէի, Միջին ու Հարաւային Ամերիկաներու եւ Միջին ու Ծայրագոյն Ասիոյ մէջ իրագործուած նոյն գաղութատիրական զաւթումները, որոնց մասին տեղեակ ընթերցողը արդէն իսկ որոշ պատկերացում ունի:
(3) Սայքս-Փիքօ համաձայնագրի մասին հակիրճ տեղեկութեան համար տեսնել http://en.wikipedia.org/wiki/Sykes%E2%80%93Picot_Agreement կայքէջը ու տրամադրուած քարտէսը: Այս գաղտնի համաձայնագիրը բացայայտուեցաւ պատերազմի աւարտէն իսկ առաջ (1917-ի վերջերուն)` նոյնինքն ցարական Ռուսիոյ վարչակարգը տապալող համայնավարներուն կողմէ, երբ արաբները տակաւին դաշնակից Անգլիոյ ու Ֆրանսայի կողքին կը պայքարէին Օսմանեան կայսրութենէն իրենց անկախութիւնը խլելու համար… Թէ սոյն յօդուածին տրամաբանութեամբ ինչպէ՞ս կը բնորոշուին «Սայքս-Փիքօ II»-ը և «Սայքս-Փիքօ III»ը՝ կարդալ յօդուածին շարունակութիւնը:
(4) Համազգայինի հայագիտական Հիմնարկէն վկայուելու համար Մոմճեանի յանձնած աւարտաճառի տպագրուած անգլերէն օրինակին համար տեսնել՝ Garabet Moumdjian, “Armenian Kurdish Relations in the Era of Kurdish Nationalism: (1830 – 1930),” BAZMAVEB, 1999, Vol. CLVII, # 1 – 4, pp. 268-347. Աւարտաճառի ելեքտրոնային օրինակը կարելի է գտնել համացանցի հետեւեալ էջի վրայ.- http://kurdishissuetoday.blogspot.com/2009/08/armenian-kurdish-relations-in-era-of.html
(5) Նամականիներու գծով Ռուբէն Տէր Մինասեանինը 2012-ին լոյս տեսաւ Հայաստանի մէջ (թէեւ բաւականին սրբագրելի սխալներով, որոնց նկատմամբ յատուկ ուշադրութիւն պարտի տրամադրել մասնագէտ պատմաբանը), իսկ Սասունիինը տրմադրած է իր զաւակը՝ Բաբգէն Սասունին, որ այժմ զայն հրատարակութեան կը պատրաստէ:
(6) Զէյլան Պէյը խնուսցի Արտաշէս Մուրատեանն էր: Տեսնել՝ Garabet Moumdjian, “Armenian Kurdish Relations in the Era of Kurdish Nationalism: (1830 – 1930),” BAZMAVEB, 1999, Vol. CLVII, # 1 – 4, pp. 268-347.
(7) Հոս պէտք է նաեւ ընդգծել այն պարագան, որ այս նոյն «լաւատեսութեան» հետեւանքն էր Բ աշխարհամարտի տարիներուն բուռն կերպով հակահամայնավար նկատուող ՀՅԴ-ի ղեկավարութեան կողմէ խորհրդային իշխանութեան նկատմամբ ժամանակաւոր կերպով «բարեհաճ» տրամադրութեան ցուցաբերումը՝ փայփայելով այն յոյսը, որ Խորհրդային Միութիւնը կրնայ պատերազմի աւարտին հայկական հողերու վերատիրացման միտող քաղաքականութիւն վարել, ինչ որ երբեք տեղի չունեցաւ:
http://www.arfd.info/Droshak/?p=365