ԼՐԱՀՈՍ - Հեղինակ՝ . Sunday, August 19, 2012 10:27 - 1 քննարկում

ՀՈՆԿՈՆԳԻ ՀԱՅ «ԹԱԳԱՎՈՐԸ”

Քաղաքի վեց ամենաճանաչված վարչական անձնավորություններից մեկը

Խաչիկ-Փոլ-Չաթերի կը հանդիպիս, երբ կը քալես Հոնկ Քոնկի փողոցներէն։ Անոր ներդրումը մեծ եղած է շինարարական եւ տնտեսական շատ մը բնագաւառներու մէջ։ Ան եղած

է առաջին անձը, որ մտածած է ովկիանոսէն տարածքներ առնելու մասին՝ կղզին ընդարձակելու համար։ Հանքային պեղումներ ըրած է եւ հիմնած է տարբեր տեսակի գործատուներ՝ տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու համար։ Ան գիտակցած էր Հոնկ Քոնկի աշխարհագրական դիրքին եւ թափ տուած էր վաճառականութեան եւ նաւահանգիստի գործածութեան։ Դրամատնային ցանցեր ստեղծելով՝ Հոնկ Քոնկը վերածած էր շրջանին մէջ կարեւոր քաղաքի մը՝ տնտեսական իմաստով։ Մէկ խօսքով, կերտած է «կայսրութիւն» մը, որ այսօր տակաւին կ՛ապրի եւ խօսիլ կու տայ իր մասին։
1846 թուականին ծնած է Կալկաթա (Հնդկաստան), անոր ընտանիքի անդամները եղած են հայ վաճառականներ։ Սերած է բազմանդամ ընտանիքէ՝ 14 քոյր եւ եղբայր։ Հօրենական մականունը եղած է «Աստուածատուր», այսինքն՝ Աստուծոյ պարգեւը, եւ ան դարձած է իսկական պարգեւ մը, անկախ այն իրողութենէն, որ փոքր տարիքէն մնացած է որբ եւ նիւթական աջակցութեան կարօտ։ 18 տարեկանին հասած է Հոնկ Քոնկ՝ առանց նիւթական ապահովութեան։ Հայու աշխատասիրութեամբ եւ ինքնաշխատութեամբ կերտած է հայկական ու համամարդկային կեանք։ Գիտցած է խոհեմութեամբ «կեանքի աստիճանները» մէկ առ մէկ բարձրանալ եւ հասնիլ մինչեւ արքունիքի գործադիր խորհուրդի խորհրդականի պաշտօնին։
«Երիտասարդ հայը Կալկաթայէն է, Հոնկ Քոնկը իր ամբողջութեամբ անոր հետ առընչուած է», կ՛ըսէ պատմական վկայութիւն մը։ «Ան ամէն տեղ է, եւ առանց իր աջակցութեան ո՛չ մէկ գործառնութիւն կը կատարուի։ Ան Հոնկ Քոնկի հայրն է ամէն իմաստով»։ Եւ այս՝ տնտեսական գործառնութեամբ եւ մարդասիրական, բարեսիրական իմաստով։
Խաչիկ-Փոլ-Չաթեր իր հարստութիւնը կերտեց մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդին հետ։ Ան օժանդակեց բարեսիրական շատ մը գործունէութիւններու, տեղական համալսարանին, եկեղեցաշինութեան, ե՛ւ տակաւին ..։ Ան իր հարստութեան մէկ մասը դրաւ կալկաթահայութեան եւ հնդկահայութեան Ս. Նազովրեցի եկեղեցւոյ եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տրամադրութեան տակ։ Խաչիկ-Փոլ-Չաթերի աւանդը այսօր կը գոյատեւէ ու կը շարունակուի. հեռաւոր Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ տակաւին կ՛ուսանին հարիւրէ աւելի հայ պատանիներ՝ հայկական տարբեր միջավայրերէ եկած։ Չաթեր այն հայն է, որ «ճաշակած է» կարօտեալի դառնութիւնը եւ պարտք զգացած է օգնելու իր ժողովուրդի կարիքաւորներուն, իսկ անոր այդ նպատակը տակաւին կը շարունակուի՝ վերանորոգուած պարունակով։ Չաթեր իր կենդանութեան հասաւ նաեւ 1915ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան կեանքերու պահպանման՝ այդ օրերուն ձեռնարկուած հանգանակութեան մէջ իր կարեւոր նպաստը բերելով։
Ան մահացաւ 1926 թուականին։ Իր մահուան գոյժը ցնցեց նոյնիսկ Հոնկ Քոնկի սակարանը, որ այդ օր դադրեցաւ աշխատանքէ՝ կանխարգիլելու համար տնտեսական որեւէ ցնցում։
Չաթեր թաղուած է Հոնկ Քոնկ, բայց անոր սրտին տրոփիւնը տակաւին զգալի է Հոնկ Քոնկի տարբեր շրջաններուն մէջ, ուր կը շրջագայիս։ Իր անունով կոչուած են քաղաքին կարգ մը փողոցները, հանրային պարտէզները, տնտեսական շէնքերը։
Իսկ այն, ինչ որ մեզի կը մնայ՝ Չաթերի աւանդն ու սրտի տրոփիւնն է։ Աւանդը՝ հայութեան, եւ տրոփիւնը՝ մարդկութեան։ Այսպէս է, որ կերտուած է հայկական ու համամարդկային կեանքը, եւ նոյնը ընելու աւանդ է փոխանցուածը։
Խաչիկ-Փոլ-Չաթեր համամարդկային հայը շատ բան տուաւ հայ ժողովուրդին ու մարդկութեան։ Հայկական անուն մը, որ պատմութեան մէջ արժանիօրէն արձանագրուած է իբրեւ համամարդկային հայը։
Ասիկա սփիւռքահայութեան տոկալու հրամայականն է։ Համամարդկային կեանքի մէջ տոկալ ու կերտել կեանքը՝ հայկական նկարագիրով։
Photo : ՀՈՆԿՈՆԳԻ ՀԱՅ «ԹԱԳԱՎՈՐԸ»

Քաղաքի վեց ամենաճանաչված վարչական անձնավորություններից մեկը

Խաչիկ-Փոլ-Չաթերի կը հանդիպիս, երբ կը քալես Հոնկ Քոնկի փողոցներէն։ Անոր ներդրումը մեծ եղած է շինարարական եւ տնտեսական շատ մը բնագաւառներու մէջ։ Ան եղած է առաջին անձը, որ մտածած է ովկիանոսէն տարածքներ առնելու մասին՝ կղզին ընդարձակելու համար։ Հանքային պեղումներ ըրած է եւ հիմնած է տարբեր տեսակի գործատուներ՝ տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու համար։ Ան գիտակցած էր Հոնկ Քոնկի աշխարհագրական դիրքին եւ թափ տուած էր վաճառականութեան եւ նաւահանգիստի գործածութեան։ Դրամատնային ցանցեր ստեղծելով՝ Հոնկ Քոնկը վերածած էր շրջանին մէջ կարեւոր քաղաքի մը՝ տնտեսական իմաստով։ Մէկ խօսքով, կերտած է «կայսրութիւն» մը, որ այսօր տակաւին կ՛ապրի եւ խօսիլ կու տայ իր մասին։

1846 թուականին ծնած է Կալկաթա (Հնդկաստան), անոր ընտանիքի անդամները եղած են հայ վաճառականներ։ Սերած է բազմանդամ ընտանիքէ՝ 14 քոյր եւ եղբայր։ Հօրենական մականունը եղած է «Աստուածատուր», այսինքն՝ Աստուծոյ պարգեւը, եւ ան դարձած է իսկական պարգեւ մը, անկախ այն իրողութենէն, որ փոքր տարիքէն մնացած է որբ եւ նիւթական աջակցութեան կարօտ։ 18 տարեկանին հասած է Հոնկ Քոնկ՝ առանց նիւթական ապահովութեան։ Հայու աշխատասիրութեամբ եւ ինքնաշխատութեամբ կերտած է հայկական ու համամարդկային կեանք։ Գիտցած է խոհեմութեամբ «կեանքի աստիճանները» մէկ առ մէկ բարձրանալ եւ հասնիլ մինչեւ արքունիքի գործադիր խորհուրդի խորհրդականի պաշտօնին։

«Երիտասարդ հայը Կալկաթայէն է, Հոնկ Քոնկը իր ամբողջութեամբ անոր հետ առընչուած է», կ՛ըսէ պատմական վկայութիւն մը։ «Ան ամէն տեղ է, եւ առանց իր աջակցութեան ո՛չ մէկ գործառնութիւն կը կատարուի։ Ան Հոնկ Քոնկի հայրն է ամէն իմաստով»։ Եւ այս՝ տնտեսական գործառնութեամբ եւ մարդասիրական, բարեսիրական իմաստով։

Խաչիկ-Փոլ-Չաթեր իր հարստութիւնը կերտեց մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդին հետ։ Ան օժանդակեց բարեսիրական շատ մը գործունէութիւններու, տեղական համալսարանին, եկեղեցաշինութեան, ե՛ւ տակաւին ..։ Ան իր հարստութեան մէկ մասը դրաւ կալկաթահայութեան եւ հնդկահայութեան Ս. Նազովրեցի եկեղեցւոյ եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տրամադրութեան տակ։ Խաչիկ-Փոլ-Չաթերի աւանդը այսօր կը գոյատեւէ ու կը շարունակուի. հեռաւոր Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ տակաւին կ՛ուսանին հարիւրէ աւելի հայ պատանիներ՝ հայկական տարբեր միջավայրերէ եկած։ Չաթեր այն հայն է, որ «ճաշակած է» կարօտեալի դառնութիւնը եւ պարտք զգացած է օգնելու իր ժողովուրդի կարիքաւորներուն, իսկ անոր այդ նպատակը տակաւին կը շարունակուի՝ վերանորոգուած պարունակով։ Չաթեր իր կենդանութեան հասաւ նաեւ 1915ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան կեանքերու պահպանման՝ այդ օրերուն ձեռնարկուած հանգանակութեան մէջ իր կարեւոր նպաստը բերելով։

Ան մահացաւ 1926 թուականին։ Իր մահուան գոյժը ցնցեց նոյնիսկ Հոնկ Քոնկի սակարանը, որ այդ օր դադրեցաւ աշխատանքէ՝ կանխարգիլելու համար տնտեսական որեւէ ցնցում։

Չաթեր թաղուած է Հոնկ Քոնկ, բայց անոր սրտին տրոփիւնը տակաւին զգալի է Հոնկ Քոնկի տարբեր շրջաններուն մէջ, ուր կը շրջագայիս։ Իր անունով կոչուած են քաղաքին կարգ մը փողոցները, հանրային պարտէզները, տնտեսական շէնքերը։

Իսկ այն, ինչ որ մեզի կը մնայ՝ Չաթերի աւանդն ու սրտի տրոփիւնն է։ Աւանդը՝ հայութեան, եւ տրոփիւնը՝ մարդկութեան։ Այսպէս է, որ կերտուած է հայկական ու համամարդկային կեանքը, եւ նոյնը ընելու աւանդ է փոխանցուածը։

Խաչիկ-Փոլ-Չաթեր համամարդկային հայը շատ բան տուաւ հայ ժողովուրդին ու մարդկութեան։ Հայկական անուն մը, որ պատմութեան մէջ արժանիօրէն արձանագրուած է իբրեւ համամարդկային հայը։

Ասիկա սփիւռքահայութեան տոկալու հրամայականն է։ Համամարդկային կեանքի մէջ տոկալ ու կերտել կեանքը՝ հայկական նկարագիրով։

1 քննարկում

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

sofia
Aug 19, 2012 13:58