Ս. ՔԻՐԵՄԻՋՅԱՆ - Հեղինակ՝ Admin. Thursday, March 11, 2010 14:52 - 1 քննարկում
Ահա նրանք, որ խուռներամ Չ՛-միացան և Չ՛-ոգեկոչեցին Հայաստանի մեջ Արմեն Այվազյանի բացած դատը շահելուն` ընդդեմ ցեղասպանությունը ծաղրողների…
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ- Հաղորդագրութիւն Թիւ 1
By AsbarezStaff on Mar 10th, 2010 and filed under Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր.
Print Article
* Տարածէ Լուրը
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ապրիլ 24, 2010ին կը լրանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարին:
Թուրքիոյ կողմէ նենգամտօրէն ծրագրուած, դաժանօրէն կազմակերպուած եւ գործադրուած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը տակաւին կը մնայ անպատիժ եւ անլոյծ:
Այդ պիղծ եւ զազրելի ցեղասպանութեան հետեւանքով, մենք ոչ միայն մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհեր տուինք, այլեւ կորսնցուցինք տնտեսական եւ մշակութային անհաշուելի հարստութիւն: Ամէնէն կարեւորը, մեզմէ խլուեցաւ մեր հայրենիքին մեծ մասը:
Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չհրաժարի իր արդար իրաւունքներու հետապնդումէն:
Ապրիլ 24ը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան օրը:
Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Ապրիլ 24ին, Ցեղասպանութեան 95ամեակին առիթով, պիտի ոգեկոչենք մեր նահատակներուն անմեռ յիշատակը եւ քաղաքական հաւաքով մեր ձայնը լսելի պիտի դարձնենք:
Բոլոր ցամաքամասերուն վրայ ապրող հայութիւնը, Ապրիլ 24ին մէկ մարդու նման աշխարհին պիտի յիշեցնէ իր անմոռանալի եւ արդար պահանջքներուն բնոյթը:
Հարաւ. Քալիֆորնիոյ մէջ, Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2010, կէսօրէ ետք ժամը 1:30ին տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման եւ քաղաքական պահանջատիրութեան ձեռնարկ մը, Մոնթեպելլոյի հայ նահատակներու յուշարձանին շուրջ:
Այս հաւաքը կազմակերպուած է Հարաւ. Քալիֆորնիոյ մէջ գործող կուսակցութեանց, յարանուանութեանց, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութեանց կողմէ կազմուած Միացեալ մարմինին կողմէ:
Ձեռնարկի մանրամասնութիւնները յետագային պիտի հաղորդենք մամուլով:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրելի ժողովուրդի իւրաքանչիւր անհատին կամ ընտանիքին, որ այդ օրը բոլորը, անխտիր, խուռներամ մասնակցին Մոնթեպելլոյի յուշարձանին շուրջ ըլլալիք հաւաքին, եւ միասին ու միաբերան աշխարհին լսելի դարձնենք մեր արդար պահանջատիրութեան ձայնը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95 ԱՄԵԱԿԻ
ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆ
1 քննարկում
Հովսէփ