ՀԵՌՈՒՍՏԱԾՐԱԳՐԵՐ - Հեղինակ՝ ADMIN. Sunday, October 4, 2009 20:22 - չքննարկված
ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱԿԱՄ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈԼՈՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան սփիւռքեան գաղութներ պիտի այցելէ, իմանալու համար հայութեան ղեկավարութեան տեսակէտները՝ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի կնքելիք համաձայնութիւններուն մասին։
Եթէ «ֆութպոլային քաղաքականութեան» շղթայազերծումէն, 22 Ապրիլի ծանօթ յայտարարութենէն ու մանաւանդ 31 Օգոստոսէն ասդին, նախագահն ու գործակից իշխանաւորները չեն իմացած թէ ի՛նչ է սփիւռքի հայութեան տեսակէտները, աւելորդ չ՛ըլլար, ուրեմն, եթէ անգամ մը եւս կրկնենք զանոնք, եւ երբ նախագահը գայ ըսենք իրեն.
Պարոն նախագահ, դուք չէք կրնար ստորագրել, պէտք չէ ստորագրէք համաձայնագիրները՝ իրենց այժմու բովանդակութեան մէջ։ Անոնք իրողապէս ու իրաւապէս խաչ կը քաշեն մեր իրաւատիրութեան վրայ, կը փակեն արդար պահանջատիրութեան մեր ուղին։ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր հետեւանքներուն դարմանումը, բոլո՛ր մարզերուն մէջ արդար հատուցումը սակարկելի հարցեր չեն։ Սակարկելի չեն նաեւ Արցախեան Պայքարին արդիւնքները։ 20ական տարիներէն մինչեւ 80ականներու վերջերը, Արցախն ու իր ժողովուրդը ապրեցան դառն փորձառութիւններ, Ատրպէյճանի խտրական քաղաքականութեան հետեւանքով։ Փորձուածը վերստին փորձելը իմաստ չունի, ինչպէս որ իմաստազուրկ է ցեղասպան Թուրքիոյ պետութենէն բարիք սպասելու «տրամաբանութիւնը»։ Թուրքիոյ իշխանութեան բարի վարուց վկայագիր տալն ու անոր առջեւ Եւրոպայի ու այլ խմբաւորումներու առջեւ դուռ բանալը չեն կրնար իրականանալ, այնքան ատեն, որ Եւրոպական Համայնքի 1987ի հռչակագիրին պայմանները չեն իրականացած։ Մենք չենք կրնար ներկայ պայմաններուն մէջ նման դուռ բանալ Թուրքիոյ առջեւ, ի՛նչ կաշառք ալ որ առաջարկուի հայութեան (հայերու)։ Ֆութպոլն ու ազգային քաղաքականութիւնը բեւեռապէս տարբեր են իրարմէ…
Ամէնէն կարեւորը՝ պիտի ըսենք նախագահին. ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱԿԱՄ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈԼՈՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։ Այս հարցերուն դիմաց, իրարմէ տարբեր չեն հայրենաբնակ թէ արտերկրացի հայերը։ Թող ոչ ոք յանդգնի նման շինծու տարբերութիւններ ստեղծել հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ։
Այս կեցուածքն ու պահանջը մէկ անհատի չեն պատկանիր, այլ ամբո՛ղջ հայութեան։ Վկա՛յ՝ Ծիծեռնակաբերդին դիմաց բարձրացած արտերկրի յուշարձանները, վկա՛յ Եռաբլուրն ու Արցախի մէջ կանգնած՝ նահատակներու յուշարձանները։