ԷԿՈՆՈՄԻԿԱ - Հեղինակ՝ . Monday, January 12, 2009 11:48 - 6 քննարկում

ՀԱՅԱՑԱ՞Ծ ՀՐԵԱՆԵՐ… Այլ խօսքով՝ կա՞ն հայացած տէօնմէ հրեաներ:

Արթին Առաքելեան. գրել է:
ՀԱՅԱՑԱ՞Ծ ՀՐԵԱՆԵՐ
Ըստ 1989թ. հրապարակած մարդահամարին, ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներէն 676 հոգի հրեայ է: Անոնց 25,9 առ հարիւրը (175 հոգի) հայերէնը մայրենի լեզու կը համարէ, այսինքն՝ կը խոսի հայերէն: Ասոնք հայախօս, եւ ոչ-հայախօս Հայաստանաբնակ հրեաներ են, որոնք կը յայտարարեն իրենց հրէութիւնը:
Իսկ կա՞ն հայանուն, հայախօս, հայադաւան հրեաներ, որոնք իրենք զիրենք միմիայն «հայ» կը հռչակեն, իսկ իրականին մեջ որպես «հրեայ» կը զգան ու կը գործեն: Այլ խօսքով՝ կա՞ն հայացած տէօնմէ հրեաներ: ԱՅՈ: ՈԻ անոնց քանակը փոքր չէ:
Հրեաներու զանգուածային բնակեցումը Հայաստանի հողատարածքին վրայ՝ կ’երկարի 2000 տարի առաջ, Տիգրան Մեծի ժամանակաշրջանին (96-55 Ն. Ք.): Հայոց արքան Ասորիք, Փիւնիկէ եւ Պաղեստին իր արշավանքներէն ետք, ըստ պատմագիրներու վկայութեան, բիւրաւոր հրեայ գերիներ վերաբնակեցուց հայոց քաղաքներու մէջ: Ըստ իրենց սովորութեան, հրեայ վերաբնակները քաղաքներու մէջ ստեղծեցին իրենց մեկուսացած թաղամասերը կեթթոնները, ու ինչպէս միշտ, զբաղուեցան առեւտուրով եւ վաշխառութեամբ:
Թէ ինչ հսկայական քանակ կը կազմէին հրեաները Հայաստանի քաղաքներու բնակչութեան մէջ՝ կարելի է գաղափար կազմել պարսից Սասանեան արքայ Շապուհ Բ-ի Հայաստանեն արշաւանքներու նկարագրութիւնէրն: Փաւստոս Բիւզանդ եւ այլ պատմագիրներ կը գրեն, թէ Շապուհ իր հետ Պարսկաստան տարաւ հարիւր հազարաւոր գերիներ (պատմագիրները թիւերով կուտան իւրաքանչիւր քաղաքէն գերեվարեալներուն թիւը): Բերուող տուեալներէն կը պարզուի, որ հարաւարեւելյան Հայաստանի քաղաքաբնակ ժողովուրդին կէսէն աւելի հրեաներ էին: Իրանի այս օրուան հրեաները մեծ մասամբ կը սերին Հայաստանեն Շապուհի գերեվարածներէն. անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը իր մականունի վերջին կը կրէ հայկական-պարսկական «եան» ածանցը:
Հայ-հրէական խառնածնութեան խորհրդաւոր կողմերէն են զօկերը՝ Ագուլիսի շրջանի հայերը: Ագուլիս եղած է վաճառաշահ քաղաք, որու վաճառականները առեւտուր ըրած են Չինաստանէն Հոլանտա ու Արաբիայէն Ռուսաստան երկարող հսկայական տարածքին վրայ: Զօկերու սովորութիւներն ու գաղտնապահական ծիսակատարութիւնները սերտ առնչութիւն ունին հրէութեան հետ: Յիշենք, որ ագուլիսցի էր ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանը, որ, ըստ ոմանց, հայանուն հրեայ մըն է՝ Խրիսթօ Միխայլովիչ անունով:
Ռուսաստանի տարածքին ապրող հրեաներուն մէջ 1904-1905թ.թ. ռուսական առաջին եղափոխութեան եւ անոր յաջորդած հրէական ջարդերէն ետք կը նկատուի տարօրինակ երեւույթ մը: Հազարաւոր հրեաներ հայ լուսաւորչական կրօնքը կ’ընդունին: Այս ընթացքը յատկապէս կը սաստկանայ 1909-1913թ.թ.: Հարցական կմնայ, թէ Ռուսաստանի հրեաներուն այս զանգուածային «դարձը» հայութեան’ տարերաի՞ն բնոյթ ունէր, թէ՞ կազմակերպուած էր: Տուեալները ցոյց կուտան, որ այս «հայադարձ»-ութիւնը առերեւոյթ չէ եւ անկազմակերպ անհատական բնոյթ կը կրէր, սակայն խորքին մէջ թելադրուած էր միասնական կեդրոնէ մը՝ շատ հաւանաբար Սիոնական Համաշխարհային կազմակերպութենէն: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել, որ միեւնոյն ժամանակաշրջանին, հրեայ ընտանիքներ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ գիրկը ընդունելու դիմումներ կը ներկայացնէին ոչ միայն Ռուսաստանի արեւմտեան մասի հրէահոծ քաղաքներէն (Սբ. Փետերսպուրկ, Լվով, Քիեվ, Խարքով, Օտեսա, Ռոսթով, եւն.), այլ մինչեւ իսկ հեռաւոր Միջին Ասիոյ Սամարղանտէն, այսինքն «հայանալ» ու դիմումներ կը գրէն ե’ւ արեւմտեան հրեաները (աշքենազի անունով ծանօթ) ե’ւ արեւելեան հրեաները (սաֆարտիմ):
Ռուսաստանի հրեաներու «հայացման» վերաբերեալ յոյժ կարեւոր փաստաթուղթեր կը գտնուին ԽՍՀՄ Կեդրոնական Պետական արխիւի Լենինկրատի մասնաճիւղի թիւ 821 ֆոնտին, ինչպէս նաեւ Սբ. Էջմիածնի արխիւներուն մէջ: Այդ փաստաթուղթերը գրեթէ ամբողջութեամբ տակաւին չեն հրապարակուած: Յստակ է, թէ անոնց հրապարակումը հսկայական ռումբի ազդեցութիւն պիտի գործէ ու Երեւան պիտի հանէ շատ անլուծելի թուացող հարցականները, ինչ որ սիոնիզմի հաշուին երբեք չի գար: Այսուհանդերձ, այդ արխիւներէն սպրդած են քանի մը փաստաթուղթեր:
Բերենք կարգ մը փաստեր: Ըստ ռուսական կայսրութեան մէջ գործող օրէնքին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռը, պահպանելով հանդերձ իր անկախ գոյավիճակը, կգտնուէր ներքին գործոց նախարարութեան օտարադաւաններու հոգեւոր գործերու բաժանմունքի ենթակայութեան մէջ: Այս բաժանմունքին հետ Մայր Աթոռը կը կարգաւորէր պետական նշանակութիւն ունեցող հարցերը:
Երբ որ ծագեցաւ հրեաներու հայադաւանութեան հարցը, Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր Սինոտը եւ թեմակալ Առաջնորդները դիմեցին յիշեալ բաժանմունքին՝ այս հարցին վերաբերեալ պետութեան կարծիքն իմանալու: Դիմորդ հրեաներուն մեծ մասը կ’ապրէր Նախիջեւան – Պեսարապիոյ թեմին պատկանող տարածքին մէջ, որու մէջ կ’մտնէին Մոլտաւիան, ՈՒքրաինան ու հարաւային Ռուսաստանը՝ մինչեւ Աստրախան: Թեմական խորհրդի անդամ Մ. Զատիկեանցը 1910 Սեպտեմբեր 11 թուակիր նամակով կը դիմէ բաժանմունքին. «Մկրտելու եւ հայ լուսաւորչական եկեղեցու գիրկը անցնելու առթիւ հրէադաւան անձանցից ստացուած խնդրագրերի մեծ հոսանքակոյտի հետեւանքով թեմական Առաջնորդարանը սոյնով պատիւ ունի ներքին գործոց նախարարութիւնից ամենախոնարհաբար խնդրելու մշտական ղեկաւարման համար պարզաբանելու ներկայ հարցը, այն է՝ ամէն մի խնդրատուի համար առանձի՞ն դիմել դեպարտամենտին, թէ՞ ղեկավարելու մեկ ընդհանուր կանոնով»:
Պատասխան գրութեան մէջ, բաժանմունքի տնօրէն Ա. Խարուզինը կը գրէր, թէ 1896թ.-ին ընդունուած օրէնքին համաձայն «հրեաները կարող են քրիստոնէութիւն ընդունել պետութեան մէջ հանդուրժող ցանկացած քրիստոնէական դաւանանքով ոչ այլ կերպ՝ քան իւրաքաչիւր առանձին դէպքում ներքին գործոց նախարարութեան յատուկ թոյլտուութեամբ, իսկ կովկասեան երկրամասում՝ տեղական գլխաւոր իշխանութեան արտօնութեամբ»:
Քանի մը օր ետք, Խարուզին 24 Նոյեմբեր 1910 թուակիր շրջաբերականներով կը դիմէ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր Սինոտին.«Նմանօրինակ գործերի քննարկումը բերում է այն հետեւութեան, որ հրէադաւանութիւնից քրիստոնէութեան անցնելը թելադրւում է ոչ թէ Քրիստոսի բարձր ուսմունքի նկատմամբ մկրտուողնէրի ունեցած նուիրական տենչով եւ հայ-լուսաւորչական եկեղեցու հանդէպ նրանց տածած անկեղծ հակումով, այլ նիւթական այն իրաւունքների որոնմամբ, որոնք օրէնքով ձեռք են բերում քրիստոնէութիւն ընդունած հրեաները:
Այդ պատճառով – Էջմիածնի հայ լուսաւորչական Սինոտին առաջարկում է նշուած հանգամանքի վրայ հրաւիրել հայ լուսաւորչական թեմապետերի յատուկ ուշադրութիւնը, նըրանց պարտաւորեցնելով առանձնակի զգուշաւորութիւն ցուցաբերել հրեաներին մկրտուել թոյլ տալիս եւ ներքին գործոց նախարարութեանը միջնորդել միայն այն դէպքերում, երբ հաստատ համոզմունք կայ, որ հրեաները անկեղծօրէն են ուզում քրիստոնեայ դառնալ»:
Հարցը այնքան հրատապ էր դարձած, որ գործին ուղղակիօրէն կը միջամտէ ներքին գործոց նախարարը՝ 21 Նոյեմբեր 1910 թուակիր թիւ 10838 հրահանգով: Սինոտը կը գումարուի 27 Դեկտեմբերին ու թիւ 822 արձանագրութեամբ կ’որոշէ. «Դեկտ. 27-ին թ. 822. սինոտը, լսելով ներքին գործերի Պ.նախարարի անցած Նոյեմբերի 21-ի թիւ 10838 առաջադրութիւնը, որում ասուած է, թէ վերջին ժամանակներս մեծ թուով հրեաներ ընդունում են հայ-լուսաւորչական կրօնը, եւ այդպիսի կրօնափոխութիւնը շատ դեպքերում լինում է հետեւանք ոչ թէ նրանց անկեղծ համակրանքի դէպի հայ-լուսաւորչական եկեղեցին, այլ միայն կամենում են օգտուել այն բոլոր նիւթական եւ քաղաքական իրաւունքներից, որ ձեռք են բերում քրիստոնէութիւն ընդունող հրեաները եւ որով խուսափում են նրանց համար սահմանուած քաղաքացիական սահմանափակումներից, որոշեց, պատուիրել հայոց թեմակալ Առաջնորդներին, ի լրումն եւ ի փոփոխումն 1909 թ. Նոյեմբերի 13-ի թիւ 2701 եւ թիւ 2706 շրջաբերականների, նախապէս ժողովել կարեւոր տեղեկութիւները, թէ արդարեւ խնդրատու հրեան անկեղծ համակրա՞նք է տածում դեպի քրիստոնէական վարդապետութիւնը եւ հայ եկեղեցին, եւ ապա թոյլ տալ կոնսիստորիային՝ խնդրատուի մկրտութեան մասին յարուցած միջնորդութիւնը ներկայացնել Սինոտիս պատշաճ իշխանութեան թոյլտուութիւնը խնդրելու համար» (արտատպած «Արարատ» ամսագրի Յունուար, 1911թիւէն):
Սուրբ Էջմիածնի Սինոտը Խարուզինի շրջաբերականի եւ 27 Դեկտեմբեր 1910թ.-ի իր որոշման պատճէնները կ’ուղարկէ թեմակալ Առաջնորդներուն՝ առ ի գործադրութիւն: Քաջալերուած պետութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի այս որոշումներէն, դիմումներու հեղեղ մըն է, որ կը սկսի: Ամենուրէք հրեաներ դիմումներ կը գրեն հայադաւանութիւն ընդունելու եւ հայանալու համար: Կը դիմեն Օտեսայէն, Սբ. Փեթերսպուրկէն, Խարքովէն, Քիշինեւէն, Թէոտոսիայէն ու Խրիմի այլ վայրերէն, Նոր Նախիջեւանէն, Պուխարայէն, Սամարղանտէն, Պաքուէն, եւն:
Հրեաներուն հայադաւան դառնալու կարգը հետեւեալն էր. հրեան կը դիմեր թեմական խորհուրդին: Դիմումը ընդունուելէ ետք (իսկ դիմումները ընդհանրապէս կ’ընդունուէին), հրեան յատուկ դասընթաց կ’անցներ հայ եկեղեցւոյ կից, ուր կ’ուսուցանուէին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու ծիսակատարութիւնները. դիմորդը նաեւ բաւարար չափով կը սորվէր հայերէն գրել-կարդալ ու կը ծանօթանար հայոց պատմութեան, ապա քննութիւն կը յանձնէր, եւ, յաջողելու պարագային, կը ստանար համապատասխան վկայական: Ապա նոր միայն, քննութեան յաջողած հրեան պաշտօնական դիմում կը ներկայացնէր հայ-լուսաւորչական մկրտուելու: Այս դիմումը կը քննուեր թեմական խորհուրդին կամ Էջմիածնի Սինոտին կողմէ, որոնց կողմէ քննարկուելէ եւ ընդունուելէ ետք՝ կ’ուղարկուէին Սբ. Փեթերսպուրկ՝ օտարադաւաններու հոգեւոր բաժանմունքի վաւերացմանը, որմէ ետք կը կատարուէր հրեային «հայ» օծումը եւ «հայացումը»:
Յատկանշական է, որ իրենց դիմումներուն մէջ, դաւանափոխուելու պատրաստ հրեաները իրենց քայլին որպէս արդարացուցիչ պատճառ կը շեշտէին «մովսիսականութեան համեմատ քրիստոնէական ուսմունքի մարդասիրական էութիւնը»: Ահա թէ ի միջիայլոց ինչ կը գրեն Պրոտսքիները իրենց դիմումին մէջ. «Ամենահամոզիչ փաստարկներից մէկը, որը մեզ ստիպել է եբրայական կրոնի համեմատութեամբ առաւելութիւն տալ քրիստոնէութեանը, հարկաւ, Քրիստոսի ուսմունքն է, որը պարտաւորեցնում է սէր մերձաւորի հանդէպ: Այնինչ եբրայական կրոնը յանձնարարում է վրէժխնդրութիւն, որը կարելի է իմանալ Մովսէսի օրէնքից, այդ օրէնքը տալիս է ակըն ընդ ական յանձնարարականը»:
Հետաքրքրական է նաեւ «հայացած» հրեաներու դասակարգային կազմը, դիմում կը ներկայացնէին հրեայ շրջուն փերեզակն ու մանր առեւտրականը, բարձրագոյն ուսում ստացած փաստաբանն ու բժիշկը, ընդհուպ մինչեւ մեծ հարստութիւն դիզածնէրը: Օրինակ, Պրոտսքիները վերջին խաւին կը պատկանէին: Հասկանալի է, որ հայ եկեղեցւոյ դասընթացին կրնար հետեւիլ քիչ թէ շատ գրագիտութիւն ունեցող հրեան: Սակայն, կը պատահէին դիմումներ, երբ դիմորդը կիսագրագէտ կամ անգրագէտ հրեայ էր: Հայութեան քանակը հրեաներու հաշուին շատացնելու երազխաբութեամբ տարուած հայ եկեղեցականներ կը փորձէին ելք մը գտնել նաեւ այս «խեղճ»-երուն, որոնք «կը տառապին քրիստոնէական ճշմարիտ լոյսին հասնելու համար»: Այսպէս օրինակ, Նախիջեւան-Պեսարապիոյ թեմի Առաջնորդ Ներսէս Արքեպիսկոպոս 16 Նոյեմբեր 1913 թուակիր խնդրագրով կը դիմէ հոգեւոր բաժանմունքին՝ առանց դասընթացքի անցնելու պայմանին թոյլատրելու համար հրեաներու ընդունումը Հայ Եկեղեցւոյ գիրկը, որովհետեւ «իրենց ներքին համոզմունքին անսացող եւ ճշմարտօրէն քրիստոնէական հաւատն ընդունել ցանկացող այն անձանց խնդրանքները, որոնք սակաւ գրագիտութեան կամ լիակատար անգրագիտութեան պատճառով ամենեւին զրկուած են ինչպէս հոգեւորականների մոտ սուորելու, հաւասարապէս նաեւ առաջնորդարան ներկայանալու եւ քննութիւն յանձնելու հնարաւորութիւնից, ստիպուած ենք մերժել, որի հետեւանքով դրուած նպատակը մնում է կատարելապես անհասանելի մկրտութեան հանդէպ երբեմն թոյլ են տրւում անցանկալի քայլեր, եւ անկեղծ խնդրատուների առաջ եկեղեցիների դռները մնում են գոցուած»: Ի պատասխան Առաջնորդի աղերսագրին, հոգեւոր բաժանմունքը, որը առանց այդ ալ դժկամօրէն կը վաւերացնէր «գրագէտ» հրեաներուն դիմումները, կտրականօրէն կը մերժէ Ներսէս Արքեպիսկոպոսի խնդրանքը, պատճառաբանելով. «Օրենքը անգրագէտ մարդկանց համար բացառութիւն չի պարունակեր»:
Թէ որքա՞ն է 20-րդ դարու սկզբին հայադաւան դարձած հրեաներուն քանակը՝ դժուար է կռահել: Այս հարցին պատասխան կարելի է ստանալ, եթե հրապարակուին թիւ 821 ֆոնտին ու Սբ. Էջմիածնի համապատասխան արխիվները: Ոչ-հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, «հայացած» հրեաներուն թիւը կը հասնի 12-հազարի: Եթե հաշուի առնենք, որ այդ թուականներէն անցած է չորս սերունդ, ուրեմն ներկայիս «հայ» հրեաներուն քանակը շուրջ 50-հազար է: Մեծ հարցական կը մնայ 50-հազարին ճակատագիրը: Բացառուած չէ որ Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակակից անցքերուն մէջ այս հայ-հրէական հինգերորդ զօրասիւնը կեդրոնական դեր կխաղայ:
Արմենակ Պէրպէրեան
«Ազգապատում» գրքի Դ հատոր, Ա գիրք 1910-30թթ.
http://artinarakelian.blogspot.com/2006/05/blog-post_15.html



6 քննարկումներ

You can follow any responses to this entry through the RSS 2.0 feed. Both comments and pings are currently closed.

Narek
Jan 12, 2009 14:23